ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒ

Հայաստանի մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած կառավարութեան դէմ բողոքի ալիքը հետզհետէ կը մեծնայ։ Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութիւնը, որ ստորագրուած է Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ, պատմական ձախողում մըն է հայկական կողմին տեսակէտէ եւ անոր պատասխանատուութիւնը կը վիճակի Նիկոլ Փաշինեանի վարչախումբին։ Շաբաթներէ ի վեր ընդդիմութիւնը ոտքի կանգնած է՝ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով։ Այս շարժումը հետզհետէ կը հասուննայ, մինչ երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս մեծամասնութեան տէր «Իմ քայլը» խմբակցութենէն հրաժարեցաւ նաեւ երեսփոխան մը։

Ինչպէս Երեւանի կեդրոնին, այնպէս ալ Հայաստանի զանազան քաղաքներուն մէջ իշխանութիւններուն դէմ ցոյցեր կը կատարուին, հանրահաւաքներ եւ երթեր տեղի կ՚ունենան։ Անշուշտ, մայրաքաղաք Երեւանը այս տեսակէտէ առաջատարն է։ Նախընթաց օր տեղի ունեցած «Արժանապատուութեան երթ»էն վերջ, երէկ մայրաքաղաքի փողոցներէն ներս ցուցարարներ քաղաքացիական անհնազանդութեան շարժումներ կատարեցին՝ մանաւանդ երեկոյեան ժամերուն։ Միշտ կրկնելով Փաշինեանի հրաժարականի պահանջը՝ ցուցարարները խաչմերուկներու վրայ հաւաքուելով քանի մը վայրկեան կաթուածահար ըրին երթեւեկը տուեալ հատուածներէն ներս։ Ոստիկանութիւնը խիստ միջոցներու ձեռնարկեց անոնց դէմ։ Մինչ փողոցի հակազդեցութիւնը հետզհետէ կը սաստկանայ, 17 կուսակցութիւններու ծնունդ տուած ընդդիմադիր ալիքը որոշ չափով հասուննալով վերածուած է «Հայրենիքի փրկութեան շարժման»։ Այս շարժումը ներկայիս իշխանափոխութեան ճանապարհային քարտէս մը որդեգրած է։ Այսպէս, ներկայ իշխանութիւնը պէտք է հրաժարի եւ մինչեւ արտահերթ ընտրութիւններ պէտք է երկրէն ներս անցումային շրջանի կառավարութիւն մը գործէ։ Որպէս վարչապետ՝ այդ անցումային կառավարութեան գլուխը պէտք է գտնուի Վազգէն Մանուկեան,  որ եղած է անկախ Հայաստանի առաջին վարչապետը եւ 1990-ականներու սկիզբի Արցախի պատերազմին ժամանակ եղած է պաշտպանութեան նախարար։ Վազգէն Մանուկեան, եթէ ստանձնէ վարչապետի պաշտօնը, ապա պիտի դադրի կուսակցական ըլլալէ։ Մէկ տարուայ ընթացքին իր գլխաւորելիք կառավարութիւնը պիտի կազմակերպէ արտահերթ ընտրութիւններ։ Վազգէն Մանուկեան թեկնածու պիտի չըլլայ այդ ընտրութիւններուն ժամանակ։ Վաղը Երեւանի մէջ նախատես-ւած է ըննդիմութեան հերթական հանրահաւաքը, որու ընթացքին հաւանաբար ելոյթով մը հանդէս գայ Վազգէն Մանուկեան, որ ներկայիս 74 տարեկան է։ 

Միւս կողմէ, ընդդիմադիր կուսակցութիւններէն «Լուսաւոր Հայաստան» երէկ տեղեկացուց, որ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարումէն վերջ իր վարչապետի թեկնածուն պիտի ըլլայ երեսփոխան Էտմոն Մարուքեան։

ԿԱՍԿԱԾՆԵՐ

Միւս կողմէ, Երեւանի «Հրապարակ» օրաթերթը այսօր կը գրէ, որ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի վերջին յայտարարութիւնները կասկածներ յառաջացուցած են եւ մտահոգութիւն պատճառած՝ Հայաստանի իշխանական շրջանակներուն։ Ինչպէս ծանօթ է, Փութին նախընթաց օր դրուատանքի արտայայտութիւններ ունեցած էր Նիկոլ Փաշինեանի համար։ «Մեր խնդիրն է աջակցիլ վարչապետ Փաշինեանին եւ անոր խումբին՝ խաղաղ կեանքի կարգաւորման եւ որոշումներու իրագործման հարցին մէջ», ըսած էր Փութին։ Ըստ յիշեալ թերթին, Հայաստանի իշխանական շրջանակներու սթափ մտածող հատուածէն ներս ռուս ղեկավարի այդ յայտարարութիւնը ծնունդ տուած է նոր մտավախութիւններու։ Մարդիկ սկսած են մտածել, թէ ի՞նչ ապագայ որոշումներու ակնարկած է Վլատիմիր Փութին։ Ռուսաստանէ ներս արդէն իսկ փորձագիտական մակարդակի վրայ խօսակցութիւններ սկսած են՝ Հայաստանի հետ միաւորուելու հեռանկարի մասին։ Այս բոլորի լոյսին տակ հերթական անգամ կը բիւրեղանայ, որ Հայաստանի առջեւ ծառացած առկայ մարտահրաւէրները ունին ճակատագրական նշանակութիւն։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 4, 2020