ԼԻԲԱՆԱՆ ԵՒ ՍՈՒՐԻԱ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր կ՚այցելէ Դամասկոս՝ Սուրիոյ Փոխ-վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Վելիտ Մուալլիմի հրաւէրին ընդառաջ։ Այս շրջագծով Նալպանտեան հանդիպումներ կ՚ունենայ Սուրիոյ պետական աւագանիին հետ։ Ան կը մէկտեղուի նաեւ սուրիահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։
Մինչ այդ, Դամասկոս այցելութեան ընդառաջ, Նալպանտեան երէկ այցելեց Պէյրութ, Լիբանանի Արտաքին գործոց նախարար Ճիպրան Պասիլի հրաւէրով։ Նալպանտեան Պէյրութի մէջ տեսակցեցաւ Լիբանանի Վարչապետ Թամմամ Սալամի, Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիի հետ։ Իր լիբանանցի պաշտօնակցին հետ եւս քննարկումներ ծաւալելու առընթեր, Պէյրութի Հայաստանի դեսպանատան երդիքին տակ Նալպանտեան մէկտեղուեցաւ նաեւ լիբանանահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն եւ հաստատութիւններու վարիչներուն հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նալպանտեանի Պէյրութի շփումներուն զուգահեռ յայտարարուեցաւ, թէ Հայաստան կը նախատեսէ աւելցնել Լիբանանի մէջ տեղակայուած իր խաղաղապահ զօրախումբի զինուորներուն թիւը։
Երկու արտաքին գործոց նախարարներու զրոյցին տեւողութեան ընդգծուեցաւ, թէ Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ ձեւաւոր-ւած են օրինակելի յարաբերութիւններ, ինչ որ պայմանաւորուած է բարեկամական համագործակցութեան ամրապնդման ուղղեալ երկուստեք կամքով։ Թէ՛ Նալպանտեան եւ թէ Պասիլ մատնաշնեցին լիբանանահայ համայնքին մեծ դերակատարութիւնը երկու պետութիւններու կապերուն նպաստելու իմաստով։ Քննարկուեցան Մերձաւոր Արեւելքէ ներս ընթացող զարգացումները, կարեւորուեցաւ միջազգային հանրութեան համախմբումը ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մէջ։ Նալպանտեան խօսեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ բանակցային գործընթացի ներկայ փուլին շուրջ։
Նալպանտեան եւ Պասիլ անդրադարձան անցեալ Մարտին Հայաստանի, Լիբանանի, Ռուսաստանի եւ Վատիկանի նախաձեռնած՝ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց խորհուրդի շրջանակներէն ներս Մերձաւոր Արեւելքի մէջ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան նուիրուած բարձր մակարդակի քննարկման։ Անոնք շեշտեցին այս ուղղութեամբ հետեւողական աշխատանքներու իրականացման անհրաժեշտութիւնը։ Ծրագրով նախատեսուած համատեղ մամլոյ ասուլիսին առընթեր, Պասիլ պաշտօնական ճաշկերոյթով մըն ալ պատուեց Նալպանտեանը։