ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ՝ ՅԵՏՊԱՏԵՐԱԶՄԵԱՆ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ
• Երբ Հայրենիքի ու պետականութեան խնդիրն է, ցանկացած հայ՝ ընդ որում Եկեղեցին ու եկեղեցականութիւնը, իրաւունք ունի միջամտելու։ Այսօր, այնպիսի ժամանակաշրջան մը կ՚ապրինք, ուր մեր՝ որպէս ազգ ու պետութիւն-Հայրենիք գոյութիւնը վտանգուած է։ Եթէ պատմութեան էջերը թերթատենք պիտի տեսնենք, որ Եկեղեցին մեր պատմութեան օրհասական պահերուն միշտ իր ժողովուրդի կողքին եղած է (ինչքան ալ մեր օրերուն ամէն կերպ կը փորձուի նսեմացնել Եկեղեցւոյ ունեցած դերակատարութիւնը)։
• Մէկ-երկու հոգեւորականի պատճառով ճիշդ չէ բոլոր հոգեւորականները նոյն արշինով չափել։ Իսկ Եկեղեցւոյ կատարած հովութեան պարագային, Եկեղեցին իր առաքելութիւնը կը շարուանկէ կատարել հետեւելով Աւետարանական պատուէրին, թէ՝ ինչ որ ձախ ձեռքդ կու տայ աջդ թող չգիտնայ (տե՛ս Մտ 6.3)։ Հայ Եկեղեցին, ի տարբերութիւն այլ կառոյցներու, իր բոլոր գործողութիւնները, ծառայութիւնները, առաքելութիւնը ծանուցումներով ու յայտարարութիւններով չէ որ կը կատարէ։
• Ցաւալի է երբ իրենք զիրենք Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակ, աւելին՝ իրենք զիրենք հաւատացեալ կարծող մարդիկ, հոգեւորականներու հասցէին ինչ բան ըսես կը գրեն, ինչ յիմարութիւն ըսես դուրս կու տան։ Ողորմելի էք պարզապէս։
• Եթէ անցնող երեսուն տարիներու ընթացքին անձնապաշտութիւնը մէկ կողմ դրած ըլլայինք ու բոլորիս գերխնդիրը ըլլար Հայրենիքի անվտանգութիւնը, մեր Պետութեան ու պետականութեան ամրապնդումը եւ Հայոց Բանակի հզօրացումը, այսօր ամբողջութեամբ այլ իրականութիւն մը կ՚ունենայինք: Կատարուածը կատարուած է արդէն, պէտք է ուժ գտնենք կանգնելու եւ շարունակելու մարդկային պատմութեան մէջ մեր ընթացքը: Ուշ չէ տակաւին: Այդ ընթացքը շարունակելու ընթացքին ալ մեր մէջի տականքները, դաւաճանները, հող ծախողները ինքնաբերաբար կը թափին ու ընդ միշտ կ՚անհետանան ու կը փոշիանան:
• Այսօրուան մեր դիմագրաւած ցաւալի ու դժբախտ իրականութեան պատճառներէն մէկը այն է նաեւ, որ սփիւռքի մեր ուժերը չենք օգտագործած պետականաշինութեան ճանապարհին: Սփիւռքը միշտ ու միշտ նկատուած է որպէս փողատու կթան կով եւ ո՛չ աւելին: Յետագայի մեր վերականգնումի ընթացքին համար սակայն աւելի քան երբեք անհրաժեշտութիւն է սփիւռքի մեր ուժերուն ներգրաւումը պետականաշինութեան աշխատանքներուն:
• Երեւի անցնող երկուքուկէս տարիներու ընթացքին արտաքին դիւանագիտութեան ձախողութեան պատճառն ալ նախկիններն էին, որոնք անընդհատ կը սպառնային գործող իշխանութիւններուն, որպէսզի յանկարծ կառուցողական դիւանագիտութիւն չկառուցեն: Պարզապէս ողբալի:
Այս ալ ըսեմ. Ազգային ժողովի «Իմ Քայլական» կամ միւս խմբակցութիւններու պատգամաւորները, որոնք երբեմն-երբեմն «հպարտութեամբ» կը յայտարարեն, թէ այսինչ երկրի կամ այնինչ երկրի իրենց գործընկերներուն հետ կապ հաստատած են... ու այդ ներկայացնել որպէս դիւանագիտութեան յաջողութիւն, ծիծաղ յառաջացնող անխելքութիւն է: Դիւանագիտութիւնը դիմատետրեան նամակներով, կամ ուաթսափի, վայպէրի, թուիթըրի եւ կամ ինսթակրամի հաղորդագրութիւններով չէ որ յառաջդիմութիւն կ՚արձանագրէ:
Ի վերջոյ երբ պիտի հասկնանք, որ երկիրը համացանցով չի՛ ղեկավարուիր:
Իսկ գործող իշխանութիւններուն երկրպագուները պահ մը թող վերանային մեր անցնող երկուքուկէս տարիներու արտաքին դիւանագիտութեան «ձեռքբերումները» ու հասկնան, թէ ի՛նչ կը կատարուի: Իսկ եթէ պիտի շարունակէք մի միայն հաւատալ ձեր կուռքի լօլօներուն, վաղը-միւս օր չկասկածիք, որ թշնամին յայտնուի Երեւանի փողոցներուն ու հրապարակներուն վրայ:
• Ժողովուրդ, պահ մը սթափինք ու հասկնանք, որ աշխարհը միայն մեր երկիրը՝ Հայաստանը չէ. պահ մը կտրուինք Հայաստանէն ու նայինք համաշխարհային մամուլը ինչե՜ր կը գրէ մեր երկրի մասին: Մտածենք ու հասկնանք, որ մենք որպէս փոքր երկիր կը շարունակենք ապրիլ համընդհանուր աշխարհին մէջ... Եթէ այսպէս շարունակուի, հետեւանքները անսպասելի ու շատ ծանր պիտի ըլլան:
• 2018-ին միտքի յեղափոխութիւն իրականացուցած իսկական ժողովուրդը՝ Հայրենիքի արժէքը գիտցող ու գնահատող, այսօր զոհ դարձած է նախկիններուն եւ անոնց մանկլաւիկներուն, գործող իշխանութեան առաջին դէմքին, անոր ստրուկներուն ու իշխանութեան միւս ներկայացուցիչներուն անհայրենիքութեան եւ անբարոյականութեան:
• Ահաւոր վատառողջ մթնոլորտ է.
Մարդիկ որպէս թէ կը «պաշտպանեն» հող ծախող արարածը ու ամէն սրբութիւն ոտնակոխը, վախնալով թէ նախկինները կը վերադառնան իշխանութեան։
Նոյն այդ մարդիկ երեւի չեն լսեր իրենց կուռքին ու անոր քուրմերուն աւելի քան ինքնավստահ յայտարարութիւնները, թէ յաջորդ արտահերթ կամ ըստ ժամանակին սահմանուած ընտրութիւններուն իրենք դարձեալ պիտի յաղթեն...
Աւելի վատը. չէ՞ որ 2018-ին «յեղափոխութիւն» կատարուած է, եթէ կատարուած է, ապա ինչէ՞ն կը վախնաք, որ կը շարուանակէք այդ հող ծախող արարածը կուռքի նման պաշտել։ Սթափիլ է պէտք, այնքան ատեն որ Հայրենիքէն այլ պատառներ եւս չեն ծախուած թշնամիին։
• Որոշ ժամանակ առաջ քաղաքագէտ Լեւոն Շիրինեանի մասին դրական կարծիք ունէի եւ հաճոյքով ու հետաքրքրութեամբ կը կարդայի իր գրութիւնները։ Վերջերս, երբ հակառակ աչք ծակող փաստերու՝ ներկայ իշխանութեան ապիկար գործունէութեան մասին, ան ամէն կերպ կը շարունակէր պաշտպանել ու սատար հանդիսանալ, խնդիր չէի տեսներ՝ որովհետեւ ամէն մարդ ունի իր ազատ կարծիքը յայտնելու իրաւունքը։ Վերջերս, սակայն, պրն. Շիրինեանի մէկ գրութեան հանդիպեցայ, ուր ան զարմանք կը յայտնէր, թէ ուրկէ՞ եկած է այն մտայնութիւնը, որ պարտութիւն կրած ղեկավարը պէտք է անպայման հեռանայ, ու հակառակ փաստ մը բերած էր, 1960-ականներուն Եգիպտոսի նախագահ՝ Ճամալ Ապըտ ալ Նասէրի պարագան, ով Իսրայէլի դէմ պատերազմին պարտուելէ ետք, հրաժարական տուած էր, սակայն այդ հրաժարականը չէր ընդունուած ու Ապըտ ալ Նասէրը շարունակած էր պաշտօնավարել։ Պրն. Շիրինեանը չեմ գիտեր գիտակցօրէն, թէ ո՛չ, կը զլանայ Ապըտ ալ Նասէրի յետագայ գործունէութեան մասին անդրադառնալ... որով, գործող առաջին դէմքը պաշտպանելու համար նման անտեղի մէջբերում մը չէր կատարեր, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք պրն. Շիրինեանի անցեալի գործունէութիւնը եւ լուրջ քաղաքագէտ ըլլալու հանգամանքը, որը սակայն, սկսած է խամրիլ ու նուազիլ, իր՝ երկրի առաջին դէմքին նկատմամբ ունեցած անհասկնալի պահուածքով։
• Հարցում մը.
Ազգային խայտառակութեան օրը՝ 10 նոյեմբերին ստորագրուած համաձայնագիրին հիմնական պատասխանատուութիւնը գործող «վարչապետ»ը նետեց նախկիններուն, բանակին եւ բանակի հրամանատարներէն ոմանց վրայ՝ որոնք ըստ իր ըսելուն նախկիններու շահերուն կը սպասարկէին։
Շատ բարի, պահ մը համաձայնինք. սակայն, այսօր արդէն աւելի քան մէկ ամիս անցած է այդ ամօթալի համաձայնութենէն, գոնէ բանակի մէ՛կ հրամանատար՝ նախկիններուն սպասարկող, պատասխանատուութեան կանչուեցա՞ւ, թէ դարձեալ, ինչպէս անցնող երկուքուկէս տարիներու ընթացքին միայն ականջին հաճելի թուացող խօսքեր պիտի լսենք։
• Այս ո՞ւր հասած ենք։ Այս օրերուն, մարդիկ որոնց իրենց կեանքին գերակշիռ մասը նուիրաբերած են Հայրենիքին ու ի մասնաւորի Արցախին, երբ կարծիք կ՚արտայայտեն ու կ՚ըսեն, որ Հայրենիք ծախած թիւրիմացութիւնը պէտք է հեռանայ իշխանութենէն, որպէսզի գոնէ կարենանք մեր արժանապատուութենէն մնացած փոքր մասնիկը պահել, յանկարծ կ՚ենթարկուին այնպիսի հայհոյանքներու, ատելութեան (քայլականներու եւ նիկոլապաշտներու կողմէ), որ նոյնիսկ թշնամիի հասցէին տուած չկան։ Սթափեցէ՛ք ժողովուրդ, քանի դեռ նիկոլապաշտութիւնն ու նիկոլութիւնը ամբողջութեամբ չեն քանդած ու կազմալուծած մեզ ներքնապէս։
• Հպարտութեան ախտով տառապող մը միայն կրնար երկուքուկէս տարուան ընթացքին՝ ժողովուրդի մը զաւակներուն մէջ այսքան ատելութիւն սերմանել ու աճեցնել։
• Դարձեալ մեր իւրայատկութեան մասին...
Ո՛չ մէկ երկրի մէջ ուր յեղափոխութիւն կատարուած է, հիները համարձակութիւն չեն ունեցած յոխոռտալու եւ ծաղրելու նոր իշխանութեան՝ ինչպիսին է մեր երկրի պարագան։ Սա փաստ է այն մասին, որ 2018-ին կատարուածը յեղափոխութիւն չէր, այլ՝ մեծ եւ ահաւոր ներկայացում մը, որ յաջողութեան հասնելու համար օգտագործեց ժողովուրդին արդար պոռթկումը։ Երբ միայն պիտի, պիտի, պիտի... կ՚ըսես, ու դիմացինիդ կը զգայ, որ միայն բերան բացող ու խօսող ես, վերջաւորութեան այդ պիտիները գլուխիդ կը թափին։
• Սա պարզ ճշմարտութիւնը ի վերջոյ հասկնանք, քաղաքական դիակ մը, մեր իւրայատուկ երկրին մէջ կրնայ «ընդունելի» կամ «տանելի» ըլլալ, բայց աշխարհը քաղաքական դիակներուն հետ չի՛ գործակցիր, նկատի չ՚ունենար, որովհետեւ աշխարհին համար ոչնչութիւնները իմաստ ու կշիռ չունին:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ