ԲԱՐԻՆ ՈՒՆԻ ՄԻՇՏ ԹՇՆԱՄԻ՛ ՄԸ

Կեան­քի ընդ­հա­նուր փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ցոյց կու տայ մե­զի, թէ ա­մէն գե­րա­զանց յատ­կու­թիւն, ֆի­զի­քա­կան, ի­մա­ցա­կան կամ հո­գե­կան, զոր օ­րի­նակ՝ գե­ղեց­կու­թիւն, յա­ջո­ղու­թիւն կամ կա­տա­րե­լու­թիւն, ու­նի իր թշնա­մին։

Ար­դա­րեւ ամ­բողջ կեան­քը հաս­տա­տուած է՝ ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րու եւ թե­րու­թիւն­նե­րու վրայ, ո­րոնք զի­րար կ՚ամ­բող­ջաց­նեն՝ հա­կադ­րե­լով ի­րա­րու ար­ժէ­քը։ Ուս­տի լա՛ւ է խոր­հիլ՝ թէ աշ­խարհ հաս­տա­տուած է հա­կադ­րու­թիւն­ներ կազ­մած հիա­նա­լի ներ­դաշ­նա­կու­թեան վրայ։ Ա­մէն ար­ժէք ու­նի իր փո­խա­դար­ձը՝ ո­րոնք կը կազ­մեն ամ­բող­ջու­թիւն մը, լիու­թիւն մը, զօ­րու­թիւն մը։

Բա­րին ու­նի իր դէ­մը միշտ թշնա­մի մը՝ չա՛­րը, գե­ղե­ցի­կը ու­նի զինք հա­կադ­րող տգեղ մը, եւ վեր­ջա­պէս ա­մէն ճշմար­տու­թիւն ու­նի իր կեղ­ծը, սո՛ւ­տը…։

Այս ուղ­ղու­թեամբ՝ տգե­ղու­թիւ­նը զերծ կը մնայ չար աչ­քէ, իսկ գե­ղեց­կու­թիւ­նը միշտ զո­հուե­լու, հա­լա­ծուե­լու են­թա­կայ է ախ­տա­ւոր ա­խոր­ժակ­նե­րու։

Կեան­քը այս­պէս կ՚ըն­թա­նայ։ Ան, որ ձա­խո­ղած է, յա­ջո­ղին կը նա­խան­ձի, նոյն­պէս՝ ան, որ ան­կա­րող է, կա­րո­ղին կը նա­խան­ձի, կ՚ա­տէ եւ նեն­գու­թեամբ ճա­րա­հատ կը հա­լա­ծէ զայն, կը քար­կո­ծէ, որ­պէս­զի ան իր կա­րո­ղու­թեան եւ յա­ջո­ղու­թեան ար­գա­սի­քը չվա­յե­լէ։

Ստա­խօս­նե­րը չեն սի­րեր ճշմար­տա­խօս­նե­րը, ինչ­պէս կեղ­ծա­ւոր­նե­րը եր­բեք չեն սի­րեր, նոյ­նիսկ կ՚ա­տեն ան­կեղծ­նե­րը։ Աղ­տոտ սիրտ ու­նե­ցող­նե­րը եր­բեք հաշտ չեն պար­կեշտ, վե­հանձն եւ ազ­նուա­կան հո­գի­նե­րու հետ, ան­պայ­ման բիծ մը կը ստեղ­ծեն վար­կա­բե­կե­լու՝ նա­խա­տե­լու հա­մար զա­նոնք։ Այս մա­սին կ՚ու­զենք ներ­կա­յաց­նել ու­րիշ հե­տաքրք­րա­կան ե­րե­ւոյթ մը՝ մար­դիկ կ՚ա­ղօ­թեն, բայց յայտ­նի չէ, թէ ո­րո՞ւն ա­ղօթ­քը ան­կեղծ է եւ ո­րո՛ւ­նը կեղ­ծա­ւո­րու­թեամբ լե­ցո՛ւն։ Ա­ղօթ­քը կամ ո­րե­ւէ պաշ­տա­մունք ո­մանց հա­մար «ա­պաս­տա­նի քա­ղաք» է՝ ծած­կե­լու հա­մար ի­րենց կու­տա­կուած մեղ­քե­րը եւ դի­զուած ա­մօ­թը։ Ա­նոնք մե­զի կը յի­շեց­նեն Ա­ւե­տա­րա­նի «Փա­րի­սե­ցիին եւ մաք­սա­ւո­րին ա­ռա­կը» (ՂՈՒ­ԿԱՍ, ԺԸ 9-14)։ Ուս­տի Ա­ւե­տա­րա­նը ի­րենց իսկ կեան­քով մեր­ժող եւ խայ­տա­ռա­կող «սա­տա­նա­յա­տիպ» քրիս­տո­նեա­ներ, կար­ծե­ցեալ հա­ւա­տա­ցեալ­ներ, կեղծ բա­րե­պաշտ­ներ կ՚ա­պա­կա­նեն կեան­քը՝ թէ՛ ի­րենց եւ թէ ու­րիշ­նե­րուն։

Ուս­տի զգու­շա­նալ եւ հե­ռու կե­նալ պէտք է ա­նուշ լե­զուով «օ­ձեր»է, ո­րոնք միայն վնաս կը պատ­ճա­ռեն հո­գե­ւոր կեան­քին։ Քրիս­տո­նէու­թեան թշնա­մի­նե­րը ան­հա­ւատ­նե­րը, հե­թա­նոս­նե­րը չեն եր­բեք, այլ՝ կեղ­ծա­ւոր եւ սուտ «քրիս­տո­նեա­ներ»։ Ա­նոնք, որ կ՚ե­րե­ւին այն­պէս՝ ինչ­պէս որ չե՛ն եր­բեք եւ կը ծած­կեն ի­րենք զի­րենք։

Մէկ խօս­քով՝ Ե­կե­ղե­ցիին ու­տիչ­նե­րը ներ­սէ՛ն են…։

Ընդ­հան­րա­պէս կը հար­ցուի, թէ օ­րի­նա­ւո՞ր կա­րե­լի է նկա­տել չա­րին միջ­նոր­դու­թիւ­նը ան­կէ բա­րիք մը քա­ղե­լու հա­մար։ Ու­րիշ խօս­քով՝ բա­րի նպա­տա­կի մը հա­մար չա­րը կա­րե­լի՞ է գոր­ծա­ծել։ Հոս սա պէ՛տք է յի­շեց­նել, թէ՝ «չա­րէն բա­րիք ստեղ­ծել» ա­րար­քը, եւ մեր հար­ցը, թէ՝ «չա­րը կա­րե­լի՞ է գոր­ծա­ծել բա­րիք քա­ղե­լու հա­մար», բո­լո­րո­վին տար­բեր ե­րե­ւոյթ­ներ են։

Ու­րեմն՝ սխա՛լ է մարդ­կա­յին ա­րարք­նե­րուն բա­րո­յա­կա­նու­թիւ­նը դա­տել՝ նկա­տի առ­նե­լով միա՛յն զի­րենք ներշն­չող դի­տա­ւո­րու­թիւ­նը կամ պա­րա­գա­նե­րը, զոր օ­րի­նակ, մի­ջա­վայր, ըն­կե­րա­յին ճնշում, ստի­պում կամ գոր­ծե­լու հար­կադ­րանք, որ ա­նոր շրջա­նա­կը կը կազ­մեն։ Կան ա­րարք­ներ՝ ո­րոնք ի­րենք ի­րենց­մէ եւ յին­քեանս, ան­կա­խա­բար պա­րա­գա­նե­րէն եւ դի­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րէն, ծան­րօ­րէն ար­գի­լուած են ի­րենց ա­ռար­կա­յին կամ մի­ջո­ցին պատ­ճա­ռով, այս­պէս հայ­հո­յու­թիւ­նը եւ սուտ եր­դու­մը, մար­դաս­պա­նու­թիւ­նը եւ պոռն­կու­թիւ­նը։ Ար­տօ­նուած չէ՛ չա­րիք մը ը­նել ան­կէ բա­րիք յա­ռաջ բե­րե­լու հա­մար։ Ուս­տի ար­դա­րա­ցում պէտք չէ՛ նկա­տել այս­պի­սի պա­րա­գա­նե­րուն այն հա­մո­զու­մը, թէ՝ հար­կը օ­րէն­քը կը լու­ծէ…։

Ար­դա­րեւ «բա­րի» դի­տա­ւո­րու­թիւն մը, զոր օ­րի­նակ՝ կա­րի­քա­ւոր­նե­րուն օգ­նել, ո­ղոր­միլ, ո՛չ բա­րի ո՛չ գէշ կը դարձ­նէ վե­րա­բեր­մունք մը՝ որ յին­քեան ան­բա­րե­կարգ է, ինչ­պէս սու­տը, չա­րա­խօ­սու­թիւ­նը, բամ­բա­սան­քը։ Վախ­ճա­նը չ՚ար­դա­րաց­ներ մի­ջոց­նե­րը։ Այս­պէս՝ ար­դա­րա­նա­լի չէ դա­տա­պարտու­թիւ­նը ան­մե­ղի մը իբ­րեւ օ­րի­նա­ւոր մի­ջոց փրկե­լու ժո­ղո­վուր­դը։

Ընդ­հա­կա­ռա­կը, ա­ւել­ցուած յո­ռի դի­տա­ւո­րու­թիւն մը՝ զոր օ­րի­նակ՝ սնա­պար­ծու­թիւ­նը յո­ռի կը դարձ­նէ ա­րարք մը՝ որ ինք­նին կրնայ բա­րի ըլ­լալ, ինչ­պէս ո­ղոր­մու­թիւ­նը։ Ուս­տի պա­րա­գա­նե­րը, նե­րա­ռեալ ա­նոնց հե­տե­ւանք­նե­րը, երկ­րոր­դա­կան տար­րերն են բա­րո­յա­կան ա­րար­քի մը։ Ա­նոնք կը սա­տա­րեն սաստ­կաց­նե­լու կամ նուա­զեց­նե­լու բա­րո­յա­կան լա­ւու­թիւ­նը կամ գէ­շու­թիւ­նը մարդ­կա­յին ա­րարք­նե­րուն, օ­րի­նակ, գո­ղու­թեան մը քա­նա­կու­թիւ­նը։ Ա­նոնք կրնան նաեւ թե­թեւց­նել կամ ա­ճեց­նել պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը գոր­ծո­ղին, ինչ­պէս՝ մա­հուան վա­խով շար­ժիլ։

Ըստ ին­քեան պա­րա­գա­նե­րը չեն կրնար փո­փո­խել ա­րարք­նե­րուն բա­րո­յա­կան ո­րա­կը, չեն կրնար ո՛չ բա­րի, ո՛չ ար­դար դարձ­նել գործ մը կամ ա­րարք մը՝ որ ինք­նին գէ՛շ է։

Գէշ նպա­տակ մը կ՚ա­պա­կա­նէ ամ­բողջ ա­րար­քը։

Ա­ռա­քե­լա­կան դա­րուն, մա­հուան սպառ­նա­լիք­նե­րով չէ՛ որ տկա­րա­ցաւ Ե­կե­ղե­ցին, հա­պա՝ ա­ւե­լի եւս զօ­րա­ցա՛ւ, ա­ւե­լի եւս կեն­սա­ւո­րուե­ցաւ, բա­րեշր­ջուե­ցաւ։ Բայց ան տկա­րա­ցաւ եւ ին­կաւ երբ ներ­սէն, իր իսկ մէ­ջէն սկսաւ հո­գե­ւո­ր ու բա­րո­յա­կան փտու­թիւ­նը։

Ա­ւա՜ղ որ ար­տա­քի­նը՝ կե­ղե­ւը չի յայտ­ներ ի՛նչ որ կը գտնուի մար­դուս հո­գիին մէջ։ «Սուտ մար­գա­րէ­ներ» մար­գա­րէի պատ­մու­ճա­նով հրա­պա­րակ կու գան, իբր թէ Ե­կե­ղե­ցին «փրկել»ու, կար­գա­ւո­րե­լու կամ բա­րեշր­ջե­լու։ Ա­նոնք ո՛չ թէ օ­գուտ, այլ վնաս կը հասց­նեն Ե­կե­ղե­ցիին եւ ճշմա­րիտ, ան­կեղծ քրիս­տո­նեա­նե­րուն։

Ար­դա­րեւ մարդ իր ցա­նա­ծը չի կրնար հնձել, ե­թէ ա­նոր թշնա­մի­նե­րուն դէմ պաշտ­պա­նու­թեան մի­ջոց­ներ ձեռք չառ­նէր։ Բնա­կան է՝ մարդ ի՛նչ որ ցա­նէ, այն կը հնձէ. չցա­նուած տե­ղը կը բուս­նին վնա­սա­կար բոյ­սեր, սէզ ու տա­տասկ։ Մարդ­կա­յին կեան­քին մէջ հա­կա­սա­կան ե­րե­ւոյթ մը կը պարզուի. կար­ծես ի՛նչ որ չար է եւ վնա­սա­կար, ա­ւե­լի կեն­սու­նա­կու­թիւն ու­նի եւ ա­ւե­լի յար­ձա­կո­ղա­կան է քան ի՛նչ որ բա­րի է եւ ճշմա­րիտ։

Ճշմա­րիտ­ը եւ ճշմար­տան­մա­նը պէտք է զա­տել եւ զգու­շա­նալ ճշմար­տան­մա­նէն՝ որ կեղծ է եւ սո՛ւտ։

Ե­կե­ղե­ցին ալ պէտք ու­նի զա­տե­լու իր մէջ ճշմա­րի­տը եւ ճշմար­տան­մա­նը՝ ան­կեղ­ծը եւ կեղ­ծը։

Ի՜նչ ցաւ, ո՜ր­քան դժբախ­տու­թիւն, վա՜յ Ե­կե­ղե­ցիին, որ զինք թա­ղող­նե­րը իր «փրկիչ­ներ»ը կը կար­ծէ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ 

Մա­յիս 25, 2015, Իս­թան­պուլ 

Չորեքշաբթի, Մայիս 27, 2015