ՖՈՒՔԱԻՏԷՍԻ ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՑԸ

Յու­նա­կան Կիպ­րո­սի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Խրիս­տո­ֆո­րոս Ֆու­քա­ի­տէս ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ, ուր ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հետ տե­սակ­ցե­լու ա­ռըն­թեր, հիւր նա­խա­րա­րը քննար­կում­ներ ծա­ւա­լեց Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեա­նի հետ։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Օ­հա­նեան եւ Ֆու­քա­ի­տէս Ե­րե­ւա­նի մէջ սար­քե­ցին նաեւ հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։ Այս առ­թիւ յայ­տա­րա­րուե­ցաւ, թէ Հա­յաս­տա­նի եւ Յու­նա­կան Կիպ­րո­սի զի­նեալ ու­ժե­րը պի­տի ի­րա­կա­նաց­նեն հա­մա­տեղ զօ­րա­վար­ժու­թիւն­ներ։ Ֆու­քա­ի­տէս ը­սաւ, թէ ռազ­մա­կան ո­լոր­տէ ներս կող­մե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ուղ­ղուած է բա­ցա­ռա­պէս խա­ղա­ղու­թեան ամ­րապնդ­ման նպա­տա­կին։ Ըստ ի­րեն, ար­դի աշ­խար­հի մէջ պե­տու­թիւն­նե­րը պար­տա­ւո­րուած են դի­մագ­րա­ւե­լու ա­հա­բեկ­չու­թեան, ար­մա­տա­կա­նու­թեան նման վտանգ­ներ։

Բաց աս­տի, Ֆու­քա­ի­տէս յայ­տա­րա­րեց, թէ Յու­նա­կան Կիպ­րոս պատ­րաստ է իր ներդ­րու­մը ու­նե­նա­լու Հա­յաս­տան-Եւ­րո­միու­թիւն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման ուղ­ղու­թեամբ։

 

 

 

 

 

Հինգշաբթի, Մայիս 28, 2015