ԽՕՍՔԸ ԿԸ ԹՌՉԻ ԳԻՐԸ ԿԸ ՄՆԱՅ - Ա -

«Verba volant scripta manent». Խօսքը կը թռչի. Գիրը կը մնայ։ Այս մշտանորոգ խօսքը ամէն շրջանի եւ ամէն միջավայրի համար ի զօրու, գործադրութեան ուժ ունեցող խօսք մը, իրականութիւն մըն է։ Բայց այս չկարծուի որ խօսքը կարեւորութիւն չի ներկայացներ, քանի որ խօսքը խօսողին ինքնութիւնն է, խօսողը կը ներկայացնէ եւ այս պատճառով մարդ խօսած ատեն պէտք է շատ ուշադիր ըլլայ, եւ եթէ կարելի է լաւ խորհի եւ վերջը խորհածը խօսի, որպէսզի սխալ չխօսի եւ իր խօսքերով իր խօսակիցին արժանապատուութիւնը չվիրաւորէ եւ կամ սխալ խօսքերով ուրիշին գայթակղութեան պատճառ չըլլայ։ Այս իմաստով թէեւ «խօսքը կը թռչի», բայց չի մոռցուի՛ր։

Մարդ խօսած ատեն պէտք է խօսքերը լաւ կշռէ, ապա թէ ոչ խօսքը կը կորսնցնէ իր արժէքը, ո՛չ թէ օգուտ, այլ վնաս կը պատճառէ։

Իսկ գիրը կը մնայ, ուղղակի եւ անմիջականօրէն կը տպաւորէ ընթերցողը եւ մանաւանդ աւելի լայն շրջանակներու հետաքրքրութեան արժանի կ՚ըլլայ, եւ ուրեմն, խօսքի չափ եւ նոյնիսկ աւելի ուշադրութիւն եւ բծախնդրութիւն կը պահանջէ։

Խօսքին եւ գիրին միջեւ սապէս տարբերութիւն մը կայ «սխալ» արտայայտութեան տեսակէտէ. խօսքը երբ խօսուած է, այլեւս սրբագրելու կարելիութիւնը գրեթէ չ՚ըլլար, բայց գիրը, գոնէ կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ սրբագրել կարելի կ՚ըլլայ։ Բայց ինչ որ ալ ըլլայ, երկուքն ալ՝ թէ՛ խօսքը եւ թէ՛ գիրը պէտք է ուշադրութեամբ եւ բծախնդրութեամբ գործածել, եւ այն ատեն անոնք կը հասնին իրենց նպատակին եւ իմաստ մը կը ստանան։ Վերջապէս, մարդ խօսած ատեն ժամանակ չունի, խորհիլը եւ խօսիլը անմիջապէս իրար կը յաջորդեն, բայց գրած ատեն մարդ բաւական ժամանակ կ՚ունենայ՝ կը խորհի, կը խորհրդածէ եւ յետոյ կը գրէ, եւ ուրեմն գիրի սխալը աւելի նուազ ներելի է քան խօսքինը, անշուշտ եթէ խօսքն ալ աններելի սխալ մը կամ ծանր վիրաւորանք մը չէ ունեցած։

Եզրակացնելով, մարդ գրած ատեն պէտք է շատ աւելի ուշադիր ըլլայ, բծախնդրութիւն ցոյց տայ եւ առաւել զգոյշ ըլլայ, քանի որ գիրը կը մնայ, եւ վերադարձը շատ դժուար է, եթէ ոչ՝ անկարելի՛…։

Ուրեմն շիտակ, անսխալ գրելու համար մարդ պէտք է կարգ մը կէտերու ուշադրութիւն ընէ, որոշ կանոններու հնազանդելով գրէ եւ լեզուական-գրական օրէնքներու յարմարի, հպատակի։

Զոր օրինակ՝ գրութեան մը մէջ կէտադրութեան շիտակ գործածութիւնը շատ կարեւոր է, քանի որ սխալ տեղ գործածուած կէտադրութիւնը գրութեան ամբողջ իմաստը կը փոխէ, նոյնիսկ բոլորովին հակառակ իմաստ ստանալուն պատճառ կ՚ըլլայ։

Հոս կ՚ուզենք  մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն ներկայացնել տեղեկութիւններ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի «Ուղղագրական ուղեցոյց»էն (Պէյրութ, 1962), քանի որ գրեթէ բոլորս կերպով մը կը գրենք եւ գրելու պահանջքը կը զգանք՝ ճիշդ եւ շիտակ գրելո՛ւ…։

«Մեր մտածումները ու զգացումները երկու միջոցով կ՚արտայայտենք.- Բերանացի եւ գրաւոր։ Բերանացի արտայայտութեան մէջ կրնանք օգտագործել մեր ձայնին ելեւէջը եւ դադարները։ Գրաւոր արտայայտութեան մէջ այդ ելեւէջները եւ դադարները կէտադրական նշաններով կ՚արտայայտենք», կ՚ըսէ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան (էջ. 44)։

Ստորեւ տեղեկութիւններ կը փոխանցենք հեղինակին «Ուղղագրական ուղեցոյց»էն՝ յուսալով օգտակարութիւն մը ունենալով անոնց՝ որոնք մօտէն կը հետաքրքրուին Հայ լեզուով եւ անոր նրբերանգներով։

«Կէտադրական նշանները երեք խումբի կը բաժնուին.

1.- Տրոհութեան նշաններ. բութ, ստորակէտ, միջակէտ եւ վերջակէտ։ Տրոհութեան նշան կը կոչուին, որովհետեւ կը տրոհեն (կը բաժնեն) խօսքերը։

2.- Առոգանութեան նշաններ. շեշտ, պարոյկ եւ երկար։ Այս նշանները ցոյց կու տան ձայնին ելեւէջները։

3.- Բացայայտութեան նշաններ. չակերտ, փակագիծ, միութեան գծիկ, անջատման գիծ, բազմակէտ, ենթամնայ եւ ապաթարց։ Այս նշանները կը պարզաբանեն գրութեան միտք բանին, իմաստը։

Կէտադրական վերոյիշեալ նշանները հին դարերուն գոյութիւն չունէին։ Նախադասութիւններ իրարու քով կը շարէին առանց կէտադրական նշանի։ Ընթերցողը ինք պէտք է որ կարենար՝ առանց ուղեցոյցի, շիտակ հասկնալ գրուածքին իմաստը։ Ու զարմանալի չէ որ շփոթութիւն ստեղծուէր։ Յետագային այս շփոթութենէն փրկուելու համար ստեղծուեցան կէտադրական նշանները։

Կ՚անցնինք տեսնելու կէտադրական նշաններուն գործածութիւնը։

ՏՐՈՀՈՒԹԵԱՆ ՆՇԱՆՆԵՐ

1.- ԲՈՒԹ-ը (՝) կը ցուցնէ փոքր դադար մը։ Երբեմն կրնայ ստորակէտով փոխարինուիլ։ Կը գործածուի հետեւեալ՝ պարագաներուն.

ա.- Բացայայտեալին եւ բացայայտիչին միջեւ. օրինակ՝

Յակոբ՝ Պօղոսին տղան, աշխատասէր է։

Պէյրութ՝ Լիբանանի մայրաքաղաքը, գեղեցիկ է։

բ.- Զեղչուած բառի՝ ընդհանրապէս բայի տեղ. օրինակ՝

Պետրոսը եկաւ, բայց Մինասը՝ ոչ (զեղչուած է - չեկաւ - բայը)։

Բարեկամս շուկայ գնաց, իսկ ես՝ տուն (զեղչուած է բայը)։

գ.- Երկու իրարու կից բառեր, որոնք ներքին սերտ կապ չունին, շփոթութիւն չստեղծելու համար բութով մը կը բաժնուին. օրինակ՝

Իր՝ ինծի ուղարկած նամակը ստացայ։

Կարելի է այս բութէն խուսափիլ ըսելով՝ ինծի ուղարկած իր նամակը ստացայ։

դ.- Օրինակ, այսինքն, հետեւաբար, ինչպէս, այսպէս բառերէն ետք. օրինակ՝

Այսինքն՝ ձեր ներկայութիւնը անհրաժեշտ է։

Հետեւաբար՝ պէտք է ուշադիր ըլլալ։

ե.- Թուարկում ցոյց տուող բառերէն ետք. նախ, ապա, յետոյ, առաջին, երկրորդ, եւլն. օրինակ՝

Նախ՝ պէտք է մտածէք, եւ ապա՝ խօսիք»։

- Յաջորդով պիտի շարունակուի տրոհութեան նշանները։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 2, 2021, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Յունուար 13, 2021