ԱՌՆՕ ԲԱԲԱՋԱՆԵԱՆԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Երէկ, Երեւանի մէջ նշուեցաւ հայկական երաժշտութեան երախտաւորներէն Առնօ Բաբաջանեանի ծննդեան 100-ամեակը։ Այս յոբելեանին առթիւ տեղի ունեցան շարք մը ձեռնարկներ։

Օրուայ սկիզբին նախատեսուած ծրագրի առաջին փուլերը կեանքի կոչուեցան Առնօ Բաբաջանեանի արձանին շուրջ։ Երաժշտասէրներ ծաղիկներ թողեցին իր արձանին առջեւ, որ կը գտնուի Երեւանի Օփերայի անմիջական հարեւանութեամբ։ Արձանին մօտ տեղակայուած բեմահարթակի մը վրայ օրուան տեւողութեան բացօթեայ հնչեցին Առնօ Բաբաջանեանի ստեղծագործութիւններու կատարումը։

Այս բոլորէն վերջ, երեկոյեան ալ Օփերայի համալիրէն ներս, «Արամ Խաչատուրեան» համերգասրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ յոբելենական մեծ համերգ մը։

Մեծանուն երգահան, դաշնակահար Առնօ Բաբաջանեան Խորհրդային Հայաստանի ժամանակաշրջանին արժանացած էր Ժողովրդական արուեստագէտի կոչման։ Իր ստեղծագործութիւնները հնչած են ու կը շարունակեն հնչել ամբողջ աշխարհի մէջ։

Շաբաթ, Յունուար 23, 2021