Ի՞ՆՉ(ԵՐ) ԿԸ ՊԱԿՍԻ(Ն) ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻՆ (ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՈՒ ԱՌԱՋԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ)
Ցաւօք սրտի, այսօր սփիւռքահայ թերթերը չեն յաջողիր,- թէեւ իրենց վաղեմի երազն է,- «սիրաշահիլ» ու «հրապուրել» անգամ ընթերցող անհատները՝ մղելով, որ անոնք գէթ անգամի մը համար իրենք իրենց ուղղեն, զոր օրինակ, սա հարցումը. «Այսօրուան թիւը հոյակապ էր. արդեօք վաղուանին մէջ ի՞նչ շահեկան յօդուածներ պիտի ըլլան»: Անպատճառ մեղաւոր մը կայ հոս, սակայն ապահովապէս ընթերցողները չեն այդ, այլ նոյնինքն թերթերը. ինչո՞ւ,- որովհետեւ, ըստ տրամաբանական պարզ հաշիւի մը, երբ մարդիկ սա կամ նա ֆիլմը չեն դիտեր, մեղաւորը իրենք չեն ըլլար, այլ բեմադրիչը, դերասանական կազմը, ֆիլմագիրը եւ այլն. նոյնպէս ալ, երբ երգ մը չի տարածուիր ու, հետեւաբար, չի գնահատուիր երաժշտասէրներու կողմէ, այդ պարագային մեղաւորը ո՞վ կ՚ըլլայ, եթէ ոչ զայն կատարողը, անոր բառերուն հեղինակը կամ երաժշտութիւնը յօրինողը. մէկ խօսքով՝ կերակուրը եփող-պատրաստողը եւ ոչ թէ զայն ուտողը: Ա՛րդ, եկէ՛ք, միասին քննարկենք ու տեսնենք, թէ ինչո՛ւ սփիւռքի մէջ ոչ մէկ թերթ կը յաջողի հետաքրքրութիւն ստեղծել իր շուրջ: Ընդհանուր առմամբ ի՞նչ(եր) կը պակսի(ն) մեր մամուլին։
Գրեթէ բոլո՜ր թերթերը,- «գրեթէ» կ՚ըսեմ, որպէսզի բացառութիւնները, թէկուզ քիչ, անիրաւաբար անտեսած ու անարգած չըլլամ,- կը բնորոշուին բացարձակ դիւրահաւանութեամբ ու անպահանջկոտութեամբ, այլ խօսքով՝ խոտանը ընտիրէն զատորոշել չկարենալու ապիկարութեամբ, երբ հարցը կը վերաբերի յօդուածներու: Ի՞նչ ըսել կ՚ուզեմ,- ըսել կ՚ուզեմ, որ իրենց համար բոլո՜ր յօդուածները համարժէք են իրարու, մէկը միւսէն լաւ կամ վատ չէ. այսինքն՝ եթէ յօդուած մը գրուած ըլլայ հայերէնով մը, որ ամէն ինչ է՝ բացի հայերէնէ, հոգ չէ, անմիջապէս կը տպեն զայն՝ առանց դոյզն առարկութեան: Ուրեմն գրել գիտցողին ու չգիտցողին հաւասարապէս սիւնակ կը տրամադրուի՝ «մեր դուռը բոլորին առջեւ բաց է» մտայնութեամբ, որ, ի՜նչ խօսք, սխալ է: Թերթ մը, իմա՝ խմբագիր մը, պարտի զանազանել լաւն ու վատը եւ քաջութիւնը ունենայ մերժելու «թափթփուկը», որովհետեւ մամլոյ դերը նախ եւ առաջ հասարակութիւնը ուղղորդել է, երկրորդ՝ մտածողութիւն ձեւաւորել, այնպէս չէ՞: Ա՛րդ, երբ խմբագրութիւնը ի՛նք սիրայօժար տեղ կու տայ «խամ» գրութիւններու, պարզ է, որ թերթին վարկը կը սկսի իսկոյն գահավիժիլ: Յետոյ, այսպիսով ընթերցողը կ՚ունենայ այն թիւր տպաւորութիւնը, թէ անո՛նք են «լաւը», «ընտիրն» ու «որակեալը» (մի՛ մոռնաք, ինչ որ ըսէ-գրէ մամուլը, հասարակութեան համար ճիշդը ա՛յդ է): Պէտք է խոստովանիլ, որ, փա՜ռք Աստուծոյ, յօդուածներու պակաս չունինք, բայց պարզ է, որ բոլո՜րն ալ հրաշագրութիւններ չեն: Ուրեմն անոնց մէջէն լաւը ընտրելը խմբագրութեան պարտականութիւնն է: Սակայն իրողութիւնը այն է, որ ներկայիս մեր թերթերուն համար կարեւոր չէ, թէ ի՞նչ կ՚ակնկալեն ընթերցողները, արդեօք անոնք գո՞հ են տրուածէն, թէ՞ պէտք է որոշ փոփոխութիւններու դիմել: Իրենց նպատակը ոչ այլ ինչ է, քան ընդամէնը էջեր ու սիւնակներ լեցնել. այսօրուան թիւը լոյս տեսա՞ւ, այո՞,- վե՛րջ, ուրիշ բան կարեւոր չէ իրենց համար: Ի վերջոյ իրենք սփիւռքի մէջ թե՛րթ կը պահեն, եւ սա դժուար գործ է, դիւրին չկարծէք: Մենք ալ գիտենք անշուշտ այս բոլորը: Սակայն կը հաւատամ, որ անոնք ոչինչ կը կորսնցնեն, եթէ մտածեն ոչ թէ թերթը պահելու, այլ զայն սիրցնելու մասին: Որպէս սկիզբ՝ անոնք պէտք է իրենց շուրջ համախմբեն փորձառու գրիչները, որոնք, անտարակոյս, կը բարձրացնեն թերթին վարկը, ինչպէս նաեւ առիթ տան նորեկներուն, որպէսզի անոնք ալ իրենց առաջին քայլերը կատարեն, կամաց-կամաց կազմաւորուին, ու երբ օրը-ժամը գայ, պատրաստ ըլլան փոխարինելու հիները: Հոս կարեւոր մատնանշում մը. «նորեկներ» ըսելով՝ բացարձակապէս նկատի չունիմ նոր հայերէն գրել սորվողները, այլ անոնք, որոնք արդէն իսկ տիրապետած են լեզուին ու իսկապէս ըսելիք մը ունին: Այս բոլորը, հաւատացէ՛ք, դիւրա՜ւ իրագործելի են՝ նայած, թէ խմբագիրը ո՛վ է: Եթէ ան Ո՛ԵՒԷ մէկն է, այսինքն՝ մէկէնիմէկ երկինքէն ինկած ու այդ աթոռին նստած երանելիներէն, ապա դժուար է,- չըսելու համար՝ անկարելի:
Անցնինք երկրորդ կէտին, որ է՝ քննադատական մտածողութեան պակասը: Մեր մամուլին մէջ ամէն ինչ՝ Ա-էն Ֆ, դրական ակնոցով կը ներկայացուի մեզի. օրինակ՝ նոր գի՞րք մը հրատարակուեցաւ,- վստահ եղէ՛ք, որ հեղինակը, անկասկած, տաղանդաւոր մըն է, յայտնութիւն մը, կարելի է ըսել, մեր գրական անդաստանին մէջ եւ այլն, եւ այլն: Լա՛ւ, թէկուզ այդպէս է, ան երբեք թերութիւններ չունի՞: Մենք չենք վրդովիր, երբ նոր տաղանդներ յայտնուին մեր գրական երկնակամարին վրայ, քա՛ւ լիցի: Սակայն, կը կարծեմ, պէտք է ուղղութիւն ցոյց տալ այս նորամուտներուն,- եւ այս պաշտօնը կատարողը մամուլն է,- որպէսզի գիտնան, թէ իրենք ո՛ւր են եւ ո՛ւր կ՚երթան: Ահա տեսէ՛ք, թէ ի՛նչ կ՚ըսէ Արշակ Չօպանեան այս մասին. «Սակայն եթէ սխալ է գրողի մը մէջ թերութիւնները միայն տեսնել, նոյնքան սխալ պիտի ըլլար զանոնք բնաւ չնկատել: Երբ մանաւանդ կը գտնուինք հանդէպ նորածիլ տաղանդի մը, որ իր ճամբան դեռ նոր կը բանայ, անհրաժեշտ է իրեն ցոյց տալ իր առաջին էջերուն մէջ գեղեցկութիւններուն հետ ինչ որ կայ տկար, ատով իրեն օգնած կ՚ըլլանք ոչ միայն հզօր ներշնչումով ու խոր զգացողութեամբ բանաստեղծ մը ըլլալու, [...], այլեւ անթերի արուեստագէտ մը...»: Եւ, կը վստահեցնեմ, այսպիսով կը շահի ոչ միայն հեղինակը, այլ նաեւ գրականութիւնը: Ի՜նչ լաւ կ՚ըլլայ, եթէ նոյն այս մօտեցումը կիրարկուի հասարակական, քաղաքական ու մշակութային բոլոր բնագաւառներուն պարագային: Սակայն պէտք չէ մոռնալ, թէ սփիւռքի մէջ ի վաղուց անտի գոյութիւն ունի մտայնութիւն մը, որ կը կոչուի «ԳՈՆԷ ԵՂԱԾՆ ԱԼ ՊԱՀԵՆՔ»: Սա կը նշանակէ, որ,- որովհետեւ վերոբերեալ օրինակը գրականութենէն էր, թող ատով ալ շարունակենք,- նոյնիսկ գրչակներու դրուատանքներ կը շռայլենք՝ պարզապէս անոնցմով գրականութիւն պահելու համար: Կայ ուրիշ մտայնութիւն մը եւս. ինչպէ՞ս կրնայ թերթ մը տեղ տալ քննադատական յօդուածներու (որոշ պարագաներու համամիտ ըլլալով արտայայտուած գաղափարներուն)՝ ուղղուած անոնց, որոնց հետ ան բարեկամական յարաբերութիւններ ունի: Մէյ մը պատկերացուցէ՛ք, որ քննադատողն (այսինքն՝ յօդուածագիրը կամ, ինչու չէ, խմբագիրը, որ տպած ըլլալով անոր յօդուածը՝ «ձեւով մը», թէեւ ոչ անպայմանօրէն, բաժնած կ՚ըլլայ անոր արտայայտած միտքերը) ու քննադատուողը նո՛յն գաղութը կ՚ապրին, ինչպէ՞ս իրարու երեսին պիտի նային: Այս հարցերը տուողը ես չեմ, այլ նոյնինքն մեր թերթերը՝ իրենք իրենց: Ի՞նչ կը հասկնանք այս բոլոր ըսուածներէն,- այն որ մեր մամուլը կը նախընտրէ առաւելաբար կրաւորական մնալ մեզ յուզող, հետաքրքրող ու տագնապեցնող ազգային, համայնքային, քաղաքական ու մշակութային հարցերուն նկատմամբ: Մինչդեռ ան պէտք է ունենայ յստակ դիրքորոշում ու տեսակէտ՝ կառչած մնալով իր դաւանած սկզբունքներուն՝ ի գին ամէն ինչի: Ահաւասիկ այս ձեւով է, որ ուժ ու կշիռ կ՚ունենայ անոր խօսքը ու, վերջապէս, կը յաջողի «դիւթել» մեր խստապահանջ ընթերցողները:
Կը հասնինք երրորդ կէտին, որ, սակայն, այս անգամ պակասութիւն մը չէ, ինչպէս առաջին երկուքը, այլ, ճիշդ հակառակը, առատութիւն մը. կրնա՞ք գուշակել, թէ ինչի՛,- արտատպումի: Նկատելի է, որ մեր թերթերը իրարու հետ անվերջ մրցումի մէջ են, թէ ո՛վ որմէ աւելի պիտի արտատպէ: Կ՚արթննաս առտու, կը կարդաս յօդուած մը, որ յաջորդ օրն իսկ կը տեսնես ուրիշ մի քանի թերթերու մէջ եւս, եւ սա ոչ այնքան զայն գնահատած ու տարածած ըլլալու, որքան «բաց ծակեր» գոցելու նպատակով: Ասոր անունը ոչ այլ ինչ է, քան ծուլութիւն ու մակաբուծութիւն: Ի տես այս երեւոյթին՝ մարդ պահ մը չի՞ մտածեր, թէ ի՛նչ հարկ կայ այսքան թերթի: Թող արտատպումներով սնողները մէկ-մէկ փակուին,- եւ, իրաւամբ, ոչինչ կը կորսնցնենք,- ու մնան անոնք, որոնք միայն իրե՛նց սեփական աշխատանքով ու ճակտի քրտինքով կը գոյատեւեն եւ ոչ թէ ուրիշինով: Գոնէ այս ձեւով մասամբ շունչ կ՚առնեն, այնպէս չէ՞, այդ պորտաբոյծներու խմբակը հովանաւորող խեղճ կազմակերպութիւններն ու միութիւնները: Հոս միջանկեալ ըսեմ, որ մենք դէմ չենք արտատպումներու: Թող ըլլան արտատպումներ, սակայն մտածուած ու յատուկ նպատակի մը թող ծառայեն անոնք, անշուշտ «կամքէ անկախ պատճառներով» սպրդած լեզուական, քերականական, ուղղագրական ու կէտադրական վրիպակները սրբագրելէ ետք: Թերթի մը հիմնական նպատակը պէտք է ըլլայ ինքնուրոյնութիւնը, սակայն ինծի այնպէս կը թուի, թէ, ըստ երեւոյթին, մերոնք չունին այսպիսի միտումներ՝ հաշուի առնելով, որ բոլորն ալ իրարու կը նմանին: Իմ կարծիքովս՝ արտատպումի փոխարէն կարելի է հետաքրքրական ու շահեկան գրութիւններ պատրաստել, մասնաւորաբար մշակութային նիւթերու շուրջ, ինչպէս՝ գրականութեան, երգ-երաժշտութեան ու նկարչութեան եւ այլն: Պայմա՞ն է, որ գրող մը գիրք հրատարակէ, որպէսզի խօսուի իրեն մասին: Եթէ ձեռնածալ պիտի սպասենք անոր լոյս աշխարհ գալուն, ապա մեր ժամանակակից հեղինակներուն անունները լոկ մի քանի տարին անգամ մը կ՚երեւին մամուլին մէջ: Գալով երգ-երաժշտութեան, ի յայտ կու գայ, որ անոր վիճակը աւելի մտահոգիչ է, քան գրականութեան: Մամուլը գրեթէ չ՚անդրադառնար մեր գուսանական ու ժողովրդական երգարուեստի այժմու ներկայացուցիչներուն կեանքին ու գործունէութեան՝ մոռնալով, որ անո՛նք են մասամբ մեր կեանքը, նկարագիրն ու մտածողութիւնը ձեւաւորողը: Նոյնն է պարագան նաեւ նկարչութեան: Վա՞տ կ՚ըլլայ, եթէ մամուլը ներկայացնէ մեր այսօրուան նկարիչներն ու անոնց գործերը,- ի հարկէ ո՛չ, պայմանով որ, սակայն, տեւական բնոյթ կրէ այս, որպէսզի ընթերցողին մտքին մէջ ինչ-որ բան մնայ ու արմատաւորուի, ապա թէ ոչ ապարդիւն կ՚անցնի ամէն ճիգ ու աշխատանք: Առ ի չգոյէ այսօրինակ նիւթերու՝ սփիւռքահայուն համար այլեւս թերթ առնելն (կա՛մ նոյնիսկ թերթին կայքէջը մտնելը) ու կարդալը տեսակ մը ժամավաճառութիւն դարձած է: Ան քաջ գիտէ,- եւ սխալ չէ,- որ մերոնք նորութիւն մը չունին տալիք իրեն: Սա ալ ըսեմ, թէ միամտութիւն է ակնկալել, որ ան օր մը,- չեմ գիտեր՝ ո՛ր վերերկրային հրաշքով,- յանկարծ սթափի ու գիտակցի հայ թերթին կարեւորութիւնը ու ամէն ջանք ի գործ կը դնէ՝ անոր գոյութիւնը պահպանելու: Ա՛լ նման «երգերով» կարելի չէ մխիթարել մեր հոգիները: Եթէ թերթ մը կ՚ուզէ կարդացուիլ, ընթերցողին հասնելու ուղին պէտք է գտնէ ու վե՛րջ:
Այս բոլորը գրեցի ոչ թէ պարզապէս նկատողութիւն ընելու ու քննադատելու, այլ ամենայն համեստութեամբ ներկայացնելու որոշ առաջարկներ (վստահ եմ, որ կան բազում ուրիշներ եւս), որոնցմէ, ըստ իս, եթէ միայն մէկ հատը գործադրուի, արդէն «յեղաշրջում» տեղի կ՚ունենայ մեր մամուլին մէջ: Գիտեմ, որ պէտք եղած մարդուժը կը պակսի մեզի, սակայն ներկայիս եղածով նոյնիսկ կարելի է շատ բան ընել: Ամէն ինչ կը սկսի նախ խմբագիրէն:
ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ