ՎԱՐԴԵՆԻՆ, ՆՈՅՆԻՆՔՆ ԶԱՊԷԼ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
64 տարի առաջ այս օրը՝ յունուարի 26-ին, Անգլիոյ Սիֆըրտ բնակավայրին մէջ կեանքէն հեռացաւ արեւմտահայ մտաւորականութեան կին ներկայացուցիչներէն մէկը՝ նկարիչ, գրող, թարգմանիչ, հրապարակախօս, հասարակական-մշակութային գործիչ, դերասան Զապէլ Պոյաճեան՝ իր ետին ձգելով հարուստ եւ նշանակալի կենսագրութիւն մը:
Զապէլ Պոյաճեանի կեանքը, գործունէութիւնը ուսումնասիրած է խորհրդահայ հայագէտ Տրդատ Խորշիտեան, որ նաեւ գիրք մը հրատարակած է այս շատ ինքնատիպ արուեստագիտուհիին մասին, ուր մանրամասնօրէն նկարագրած է այն ժամանակաշրջանը, երբ ասպարէզ մտած եւ գործած է Զապէլ Պոյաճեան: Այդ ժամանակաշրջանը պատմական անբարենպաստ շրջան մըն էր՝ 19-րդ դարու վերջն էր եւ 20-րդ դարու սկիզբը՝ հայ ժողովուրդի պատմութեան ամենաօրհասական շրջաններէն մին:
Պոյաճեան ծնած է 1873 թուականին (որոշ տուեալներով՝ 1877-ին), Տիարպաքըր։ Տիրապաքըրի մօտ բրիտանացի փոխ-հիւպատոս Թոմաս Պոյաճեանի եւ Քաթերին Ռոճըրզի (անգլիացի գրող Սամուէլ Ռոճըրզի ժառանգ) ընտանիքին մէջ։ Այդ ժամանակաշրջանի իրադարձութիւններուն ընթացքին, հօր սպանութենէն ետք, 1895 թուականին, մօր եւ եղբօր՝ Հենրիի հետ տեղափոխուած են Լոնտոն, ուր ուսանած է Սլէյտ գեղարուեստի դպրոցին մէջ։ Այդ տարիներուն Պոյաճեան ամրապնդած է իր անձնական մտերմութիւնը, բարեկամութիւնը, համագործակցութիւնը եւ նամակագրական անխզելի կապը Արշակ Չօպանեանի հետ: Այս հանգամանքը նպաստած է անոր գրական, հասարակական, մտաւորական գործունէութեան նպատակաուղղուածութեան:
Զապէլ Պոյաճեանի կենսագրութեան մէջ կը նշուի անոր լեզուներ սորվելու եւ անոնց տիրապետելու իւրայատուկ ունակութիւնը. տիրապետած է անգլերէն, հայերէն, ֆրանսերէն, իտալերէն, գերմաներէն, ռուսերէն, շուէտերէն, էսփերանթօ լեզուներուն։ Էսփերանթոն արհեստական կառուցուած լեզու մըն է, որ միջազգային օժանդակ լեզուներէն ամենալայն տարածումը գտած է աշխարհի մէջ: Զապէլ Պոյաճեան եղած է Էսփերանթոյի միջազգային ընկերակցութեան Լոնտոնի մասնաճիւղի հիմնադիրներէն: Իբրեւ դերասանուհի, 1907 թուականին մասնակցած է Քէյմպրիճի մէջ կազմակերպուած էսփերանթոյով թատերական ներկայացումի մը։
Լեզուական հմտութիւններուն գումարուած են նաեւ Ժընեւի մէջ իր ստացած իրաւաբանական կայուն գիտելիքները, որոնք Պոյաճեան հրապարակախօսը մղած են դէպի Անգլիոյ հասարակական-քաղաքական կեանքի ասպարէզ: Հոս ան իր գրաւոր եւ բանաւոր ելոյթներուն մէջ քննադատած է արեւմտաեւրոպական մեծ տէրութիւններու անվճռականութիւնն ու կեղծաւորութիւնը, որ անոնք կը ցուցաբերէին հայ ժողովուրդի ճակատագրին հանդէպ: Տեսնելով որ անօգուտ են իր ակնկալիքները եւ համոզուելով, որ մանաւանդ Անգլիոյ արտաքին քաղաքականութեան էութիւնը հակուած է տէր կանգնիլ ազգային փոքրամասնութիւններուն, ան Անգլիոյ հռչակաւոր ժողովարաններէն մէկուն բարձր ամպիոնէն կը յայտարարէ. «Ես համոզուած եմ, որ հայերը ապահով պիտի ըլլան մի միայն ռուսական իշխանութեան ներքոյ»: Անոր ռուսական կողմնորոշումը պատահական չէր. Զապէլ Պոյաճեանի հայրը՝ Թովմաս Պոյաճեան, երկար տարիներ Թուրքիոյ մէջ Անգլիոյ փոխ-հիւպատոսը ըլլալով, բազմիցս ճաշակած էր եւրոպական մեծ տէրութիւններու, մանաւանդ Անգլիոյ, պաղ դիւանագիտութեան պտուղները:
ԳՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ
Պոյաճեանի մտաւորական գործունէութեան մէջ նշանակալի տեղ ունի իր գրական գործունէութիւնը: Ան ստեղծագործած է գրեթէ բոլոր գրական ճիւղերով, հաւասար յաջողութեամբ գրած է հայերէն եւ անգլերէն։ Ան ունի ուղեգրութիւններ, յուշեր, բանաստեղծութիւններ, վէպեր, նորավէպեր… Նախ, ինչպէս կը նշէ անոր կենսագիր Տրդատ Խորշիտեան, անգլերէն գրած է, որպէսզի անգլախօս հասարակութեան ուշադրութիւնը բեւեռէ արեւմտահայութեան դատին վրայ:
Անգլերէն գրուած առաջին վէպը «Եսթեր. կեանքի մը սիրավէպը», ուր նկարագրուած են Սասունի ջարդերը, հրատարակուած է 1901 թուականին։ Գիրքը հրատարակած է «Վարդենի» գրչանունով. ըստ անոր կենսագիր Խորշիտեանի, որպէսզի այդ ժամանակ Պոլիս բնակող իր ազգականները հալածանքի վտանգին չենթարկուին: Երեսուն գողտրիկ նորավէպերէ կազմուած այս ստեղծագործութիւնը իրական կեանքի գեղարուեստական նկարագրութիւն մըն է, ուր դէպքերու յաջորդական զարգացման ընթացքին ցոյց կը տրուի նաեւ հայ աղջկան տառապանքներով լի կեանքը: Կերպար մը, որ իր մէջ կը խտացնէ ժողովուրդին ուժն ու թուլութիւնը, ցասումն ու բողոքը: «Եսթեր» վէպը կը նկատուի ժամանակի գրական երեւոյթներէն մին, անիկա Եւրոպայի գրական հասարակութեան մէջ մեծ ընդունելութիւն գտաւ եւ անգլիական «Մատամ» թերթի վկայութեամբ՝ եղաւ իր ժամանակի աղմուկ հանած գրական ստեղծագործութիւններէն մին, որու վկայութիւնն է նաեւ այն, որ լոյս տեսնէլէ ետք վէպը անմիջապէս թարգմանուեցաւ գերմաներէնի եւ տպագրուեցաւ Լայպցիկի մէջ: Այս վէպը, ըստ Պոյաճեանի կենսագիր Խորշիտեանի, թարգմանուած է նաեւ հայերէնի, սակայն որոշ պատճառներով չէ տպագրուած:
Խորշիտեան կը գրէ, որ նոյն տարիներուն Պոյաճեան նկարչական բարձրագոյն դասընթացքներ յաճախելու միջոցին կը հետաքրքրուի նաեւ միջնադարեան հայկական մանրանկարչութեամբ եւ միաժամանակ շատ աշխոյժ մասնակցութիւն կը ցուցաբերէ Լոնտոնի մէջ «Հայկական միացեալ ընկերութեան» բազմաթիւ ձեռնարկներուն։ Լոնտոնի մէջ ան կը ծանօթանայ հայ մեծ գրող Րաֆֆիի կնոջ՝ Աննա Րաֆֆիի եւ որդիներուն՝ Արամ եւ Արշակ Րաֆֆիներուն հետ, ազատ ելումուտ կ՚ունենայ Րաֆֆիներուն տունը, մասնակից կ՚ըլլայ անոնց տան մէջ տեղի ունեցող բոլոր մտաւորական հաւաքներուն: Այրի Աննա Րաֆֆին Թիֆլիզէն Լոնտոն փոխադրուած էր 1895 թուականին: Անոր նպատակն էր մէկ կողմէն կապ հաստատել եւ մօտէն առընչուիլ Վիեննայի Մխիթարեաններուն հետ՝ ամուսինին անտիպ աշխատութիւնները հրատարակելու համար, միւս կողմէն ուխտած էր կատարել ամուսինին պատգամը՝ որդիներուն եւրոպական կրթութեան տալ եւ զանոնք մղել ազգային գործունէութեան: Լոնտոնահայ համայնքի ամենաաշխոյժ կազմակերպութիւնը Րաֆֆիի ընտանիքին՝ 1898 թուականին հիմնած Լոնտոնի Հայ գործաւորներու եւ ուսանողներու միութիւնն էր, որուն կազմակերպած ձեռնարկներուն աստիճանաբար կը մասնակցէին Լոնտոն ապաստանած գրեթէ բոլոր հայերը:
Րաֆֆիներուն միջոցաւ Պոյաճեան հանդիպած է բազմաթիւ նշանաւոր հայրենասէր գործիչներու, այդ կարգին՝ զօրավար Անդրանիկին, որուն դիմանկարը վրձնած է: Միաժամանակ ան հնարաւորութիւն ստացած է ուսումնասիրելու Րաֆֆիի թողած գրական ժառանգութիւնը:
«Արարատ» ամսագրին մէջ Պոյաճեան Րաֆֆիի վէպերէն թարգմանութիւններ հրատարակած է։ Մամուլին մէջ ան յաճախ կը ստորագրէր Վարդենի անունով, այնպէս, ինչպէս իր նշանաւոր վէպը ստորագրած է:
Անգլերէնի թարգմանած եւ առանձին գիրքով հրատարակած է նաեւ Աւետիք Իսահակեանի «Աբու Լալա Մահարի» վիպերգը, որ ունեցած է երեք տպագրութիւն։
Պոյաճեան իր ամենամեծ գրական յաջողութիւններէն համարած է «Շէյքսփիրին ի պատիւ գիրք» ծաւալուն հատորին մէջ ընդգրկուիլը։ Այդ ժողովածոյին մէջ զետեղուած են զանազան ազգերու հեղինակներու յօդուածներ կամ բանաստեղծութիւններ։
Անդրանիկի դիմանկարէն զատ Զապէլ Պոյաճեան ստեղծած է բազմաթիւ նկարչական աշխատանքներ՝ Րաֆֆիի դիմանկարը, որ այժմ կը գտնուի Երեւանի Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը: Ան նաեւ նկարած է այլ իւղաներկ դիմապատկերներ, բնանկարներ: Անոր առաջին ցուցահանդէսը բացուեցաւ Լոնտոն, 1910 թուականին, երկրորդը՝ երկու տարի վերջ. այդ ցուցահանդէսներուն անդրադարձած է անգլիական մամուլը: Առաջին ցուցահանդէսը Լոնտոնի Էլիզեան պատկերասրահին մէջ էր, եւ ան առաջին արեւելքցի կինն է, որ մուտք գործած էր այդ պատկերասրահ:
Իր ճամբորդութիւններուն ընթացքին ցուցահանդէսներ ունեցած է նաեւ եւրոպական երկիրներու մէջ, իսկ իբրեւ նկարչական գործ, յիշատակելի է նաեւ «Հայկական լեկենտներ եւ բանաստեղծութիւններ» գիրքին նկարազարդումը՝ պոյաճեանական վրձինով:
1924 թուականին հրատարակած է իր «Կիլկամէշ» դիւցազներգութիւնը՝ գիրքի բովանդակութեան համապատասխան նկարներով զարդարելով: 1923-1924 թուականներուն անոր գործերը ցուցադրուած են Լոնտոնի Ազգային պատկերասրահին մէջ, 1926 թուականին կրկին ցուցահանդէս կ՚ունենայ Լոնտոն, 1928 թուականին՝ Եգիպտոս: 1929 թուականին Լոնտոնի այլ բարձրաշխարհիկ վայրի մը՝ Ուեսթմինիստրեան պալատի Ապպայական պատկերասրահին մէջ կը բացուի Զապէլ Պոյաճեանի անհատական ցուցահանդէսը, ինչպէս միշտ, այս ցուցահանդէսին ալ կ՚անդրադառնայ անգլիական մամուլը:
1947 թուականին յանկարծամահ կ՚ըլլայ եղբայրը՝ Հենրի Պոյաճեան: Այդ շրջանին Զապէլ Պոյաճեանի նիւթական վիճակը չափազանց ծանր էր, կը բնակէր եղբօր այրիին հետ:
Հակառակ նիւթական ոչ-բարւոք վիճակին եւ ճամբորդութիւններուն հետ առընչուող դժուարութիւններուն, Զապէլ Պոյաճեան երբեք ճամբորդելու եւ ճամբորդելու ժամանակ ալ նկարելու առիթները չէր կորսնցներ: Մէջբերելով «Բազմավէպ»էն անոր կենսագիր Տրդատ Խորշիտեանը՝ Մխիթարեան վարդապետներուն հետեւեալ պատմութիւնը կը նկարագրէ. «Մինչ Սուրբ Ղազարէն կը նշմարուէր Վենետիկի փայլուն լոյսերով ողողուած եւ հեռուն՝ ձիւնապատ լեռները (բացառիկ երեւոյթ), օր. Պոյաճեան վանք կը փութայ գծելու այդ հրաշալի բնանկարը: Վանքին վարդապետները կարգաւ շիշերով տաք ջուր կը բերեն, որպէսզի ազնիւ նկարչուհիին մատները չսառչին»:
Մանրամասնօրէն ուսումնասիրելով եւ նկարագրելով Զապէլ Պոյաճեանի կեանքն ու գործունէութենէն հետաքրքրական դրուագներ, կենսագիր Տրդատ Խորշիտեան կ՚եզրակացնէ. «Սփիւռքահայ միւս ճանչցուած մտաւորականներուն նման Զապէլ Պոյաճեան նոյնպէս օտարութեան մէջ նիւթական անապահովութեան, տրտմութեան, միայնակութեան եւ հայրենիքի կարօտի ծանր մտահոգութեան տրամայ ապրեցաւ: Մանաւանդ կեանքի վերջին տարիներուն թշուառութեան եւ միայնութեան մէջ մնաց, Արշակ Չօպանեանի եւ անգլիացի նշանաւոր արուեստագէտ միսթըր Պրաունի խօսքերով ըսուած՝ ան «մեծարժէք հայուհին», Աւետիք Իսահակեանի դիպուկ բնորոշումով «յաւերժ անմոռանալի Զապէլ Պոյաճեանը», որ ժամանակին իր միակ
սենեակը սրտբաց կը տրամադրէր գաղթական հայերուն եւ անապաստան ուսանողներուն: Ուրիշներուն համար առատաձեռն ու բարեացակամ, իրեն համար ժլատութեան չափի հասնող զուսպ, սնուելու հարցին մէջ սակաւապետ տէրուիշ: Հագուելու մէջ շնորհալի կիներու նման գեղաճաշակ ու շէնշող Զապէլը չէր սիրեր ստրկամտութիւն եւ յարմարուողականութիւն: Նոյնիսկ ծայր աստիճան կարիքի մէջ ան հոգիով անընկճելի մնաց, իսկ եթէ Պոյաճեանը երկնչեց եւ մտավախութիւն ապրեցաւ այն բանին համար, որ չըլլայ թէ իր ձգած գրական եւ գեղանկարչական համեստ ժառանգութիւնը իր հայրենակիցներուն կողմէ չհասկցուի, այն անգլիացիներուն խղճմտանքին տակ «գերի» մնալով, անտարբերութեամբ անտեսուի եւ ժամանակի փոշիով ծածկուի: Այն պարագային, երբ հանգամանքներու բերմամբ, հակառակ որ ան վեց տասնեակ տարիներ հեռու մնաց իր հայրենի բնօրրանէն, սակայն հոգիով եւ սրտով, գիտակից մեծ միտքով միշտ կապուած էր հայ ազգային-հասարակական, գրական-մշակութային շրջաններու եւ սփիւռքահայ յառաջադէմ մտաւորականութեան հետ»:
Պոյաճեանի կենսագիր Խորշիտեան Զապէլ Պոյաճեանը կոչած է քսաներորդ դարու առաջին կէսի հայ գրականութեան եւ մշակոյթի, արեւմտահայութեան դատի ու հայապահպանման գործի, խորհրդային երկրի ու Խորհրդային Հայաստանի շահերը պաշտպանող սփիւռքահայ կին դեսպանը Անգլիոյ մէջ:
Անոր յուղարկաւորութիւնը կատարուած է Լոնտոնի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան