ԿՐԿԻՆ ՊԱՏՈՒԱՍՏԻ ՄԱՍԻՆ…
Ամբողջ աշխարհին մէջ արծարծուած գլխաւոր նիւթը քորոնավարակի դէմ պատուաստն է: Նիւթ մը, որուն մասին մէկ տարի շարունակ կը խօսուի եւ հիմա հասած է այնպիսի փուլի, որ բուն հիւանդութեան մասին այնքան չի խօսուիր, որքան՝ պատուաստին: Մարդոց մեծամասնութիւնը, որ մէկ տարի առաջ թերեւս ալ կասկածանքով կը վերաբերէր պատուաստին, համոզուած է, որ անողոք եւ հանելուկային այս վարակին առաջքը միայն պատուաստը կրնայ առնել: Բժիշկները պատուաստին զուգահեռ կարեւորութիւն կու տան նաեւ հանրային ախտամերժութեան դերին, սակայն հանրային կամ ամբոխային ախտամերժութիւնը ի զօրու է միայն այն պարագային, երբ հանրութեան մեծ մասը վարակուի եւ բուժուի:
Այսօր, արձանագրման պահէն ի վեր, մոլորակին վրայ յայտնաբերուած վարակման դէպքերուն թիւը աւելցած է եւ կազմած՝ մօտաւորապէս 106 միլիոն:
Համավարակին սկիզբէն մինչ այժմ աշխարհի տարածքին մահացած է 2.299.083 մարդ, առողջացած է աւելի քան 78 միլիոն հիւանդ: Ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս ցուցանիշները ի յայտ կը բերեն, որ քորոնայով վարակուածներուն մէջ զգալիօրէն շատ են առողջացածները, քան՝ մահացածները, սակայն այս հանգամանքը միշտ չէ, որ կը շեշտուի:
Երբ քորոնային մասին լրատուութեան ժամանակ նախ յայտարարուի, որ աւելի շատ են բուժուածները, քան՝ մահացածները, թերեւս վարակը այնքան սարսափազդու չթուի: Սակայն սարսափը կը վանէ նաեւ պատուաստանիւթին իրական, շօշափելի ըլլալը:
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէն Թետրոս Կեպրէյեսուս յայտարարած է, որ քորոնայի դէմ պատուաստ ստացած մարդոց թիւը հասած է ամբողջ աշխարհի տարածքին արձանագրուած դէպքերուն թիւին: Ան նշած է, որ պատուաստումներու լաւ ցուցանիշ ձեռք ձգուած է, բայց թերութիւնը այն է, որ բոլոր պատուաստումներուն երեք քառորդէն աւելին բաժին կը հասնի տասն երկիրներու:
Կեպրէյեսուս կոչ ուղղած է այն պետութիւններուն, որոնք արդէն հասցուցած են պատուաստել վտանգաւոր խումբերու մէջ գտնուող քաղաքացիները, պատուաստանիւթերը գնելու իրաւունքը զիջին ուրիշներուն: Իր կարգին, ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը քննադատած է այն երկիրները, որոնք կ՚անտեսեն ուրիշ երկիրներու կարիքները՝ պատուաստումներու պարագային: Ան ընդգծած է, որ համավարակը բացայայտած է միջազգային համերաշխութեան բացակայութեան հարցը:
Ակնյայտ է, որ համավարակը առանձնայատուկ ազդեցութիւն ունեցաւ աղքատներուն եւ անօթեւաններուն վրայ, աշխարհի բնակչութենէն 88 միլիոն մարդ յայտնուած է աղքատութեան մէջ, իսկ 270 միլիոն մարդ յայտնուած է սննդամթերքի պակասի սպառնալիքին տակ: ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը կոչ ըրած է այդ մարտահրաւէրները լուծելու համար նուազեցնել անհաւասարութիւնները, ինչպէս նաեւ ամրապնդել միջազգային համագործակցութեան կապերը:
Մասնագէտները կանխատեսած են, որ համավարակին դէմ պայքարելու եւ բնականոն կեանք վերադառնալու համար աշխարհի բնակչութեան 75 տոկոսը պէտք է պատուաստուի:
Այնուամենայնիւ, ներկայիս նման քանակութեամբ մարդիկ պատուաստելու համար անհրաժեշտ է մօտաւորապէս եօթ տարի: Մասնագէտներու կանխատեսման համաձայն՝ Իսրայէլն ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւները ամենամօտն են այս ցուցանիշին եւ այս երկու երկիրները, կրկին կանխատեսումներուն համաձայն, յառաջիկայ երկու ամսուան ընթացքին, աւարտելով պատուաստումները, կը կարողանան յաղթահարել խնդիրը:
Խնդիրը, սակայն, բարդ է ուրիշ երկիրներու համար: Մեծն Բրիտանիոյ մէջ բնակչութեան 75 տոկոսը պէտք է պատուաստուի վեց ամսուայ ընթացքին: Միացեալ Նահանգներու մէջ այս գործընթացը կը տեւէ գրեթէ մէկ տարի: Իտալիոյ մէջ բնակչութեան երեք քառորդին պատուաստումը կը տեւէ 2.5, Գերմանիոյ մէջ՝ 3.1 տարի: Գալով Ֆրանսային՝ մասնագէտները կանխատեսած են 3.8, իսկ Չինաստանի համար՝ 5.5 տարի:
Պատուաստումներու առումով իրավիճակը շատ բարդ է Գանատայի մէջ: Ուսումնասիրուած տուեալներով՝ այնտեղ քաղաքացիներուն երեք քառորդը պատուաստելու համար կը պահանջուի 10 տարի: Պատճառը դեղամիջոցի մատակարարման հետ կապուած հարցերն են, որ մեծապէս կը դանդաղեցնեն պատուաստումներուն արագութեան աստիճանը:
Կան մասնագէտներ, որոնք տակաւին վերապահութեամբ կը մօտենան պատուաստումներուն եւ նոյնիսկ ախտանիշներ կը գտնեն պատուաստուած հիւանդներուն մօտ: Մասաչուսեթցի հիւանդանոցի բժիշկ Էսթեր Ֆրիման ամերիկեան լրատուամիջոցներուն յայտնած է ընկերութեան մը պատուաստէն ետք յառաջացող բարդութեան մասին:
Բժիշկը ըսած է, թէ ինք սկսած է աւելի յաճախ հանդիպիլ ախտանիշի մը, որուն «քովիտ-ձեռք» անուանումը տրուած է:
Խօսքը ներարկման տեղը յառաջացող շատ մեծ կարմիր բիծի մասին է, որ կրնայ պահպանուիլ մէկ շաբաթ եւ շատ ցաւոտ ըլլալ: Այնուամենայնիւ, բժիշկները կ՚ըսեն, թէ նման բիծի մը յայտնուիլը խուճապի պատճառ չէ եւ խոչընդոտ չէ պատուաստանիւթի երկրորդ դեղաչափի ներարկման համար: Կողմնակի ազդեցութիւնը կը բացատրուի մաշկի ուշացած գերզգայունութեամբ: Նմանատիպ դրսեւորումներ նկատուած են նաեւ փայտացումի դէմ պատուաստուածներուն մօտ:
Քորոնաժահրով վարակուածներու եւ մահացածներու թիւերու յառաջատարը Միացեալ Նահանգներն է, ուր մինչ օրս յայտնաբերուած է 26 միլիոն վարակուած, իսկ մահուան դէպքերը կը մօտենան կէս միլիոնի: Ընդհանուր ցուցանիշով երկրորդ տեղը կը գրաւէ Հնդկաստանը, ուր հաստատուած դէպքերուն թիւը հասած է 11 միլիոնի, մահերը՝ 156 հազարի: Յաջորդ հորիզոնականին վրայ Պրազիլն է, ուր, ընդհանուր առմամբ, քորանայով վարակուած է 10 միլիոն մարդ:
Վարակուածներու թիւով չորրորդ տեղը յայտնուած է Ռուսաստանը՝ վարակի 4 միլիոն դէպքով, ուր վարակին բռնկումէն ի վեր մահացած է 77 հազար մարդ: Վարակուածներու ընդհանուր թիւով 5-րդ տեղը Միացեալ Թագաւորութիւնն է, ուր հաստատուած դէպքերուն թիւը 4 միլիոնի շուրջ է, մահերը՝ 112 հազար: Տասնեակին մէջ են նաեւ Ֆրանսան, Սպանիան, Իտալիան, Թուրքիան, Գերմանիան: Տարածքաշրջանային երկիրներէն Իրանի մէջ արձանագրուած է մէկուկէս միլիոն վարակեալներու եւ 59 հազար մահուան դէպք: Վրաստանի մէջ հաստատուած դէպքերուն թիւը հասած է 262 հազարի, հոս մահացած է մօտաւորապէս 4 հազար մարդ:
Վարակի ծագման երկիր Չինաստանը աշխարհի երկիրներու ցանկին վրայ կը գրաւէ 83-րդ տեղը: Հոն հաստատուած ընդհանուր դէպքերուն թիւը 90 հազար 681 է, որմէ ապաքինուած է 84 հազարը: Մահերուն թիւը կազմած է 4 հազար 636:
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տուեալներով՝ վարակ արձանագրած երկիրներուն եւ տարածքներուն թիւը անցած է 221-ը:
Աւելի քան տարի մըն է, որ ախարհ չի դադրիր խօսիլ այս առեղծուածային վարակի մասին եւ նիւթերը օրէ օր տակաւին կը շատնան: Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի կենսաբանները պարզած են, որ քորոնաժահրի յառաջացման վրայ իր ազդեցութիւնը ձգած է նաեւ համաշխարհային ջերմացումը: Ըստ գիտնականներուն, ընդհանուր ջերմացումը հարաւային Չինաստանի մէջ, չղջիկներու տեսակներուն բնակութեան համար շատ յարմար պայմաններ ստեղծած է:
Անոնք հոն սկսած են բնակիլ եւ այդպէսով դարձած են վարակներ տարածողներ: Կենդանիներու եւ վարակներու փոխազդեցութիւնը տեղային համակարգերէն ներս յանգեցուցած է նոր վնասակար վարակներու յառաջացման, որ իր կարգին կրնայ յառաջացնել նոր վարակներ: Չինաստանը քորոնա վարակի տարածումէն ի վեր ժամանակ առ ժամանակ կրկին կը յայտնուի ուշադրութեան կեդրոնին: Չինաստանի ոստիկանութիւնը 80-է աւելի մարդ ձերբակալած եւ աւելի քան 3 հազար չափաբաժին պատրաստուկ առգրաւած է, որ չարագործները վաճառած են որպէս քորանավարակի դէմ պատուաստանիւթ: Կասկածեալներուն չար գործը պարզուած է, որ սկիզբ առած է անցեալ տարուան սեպտեմբերին. անոնք ներարկիչները լեցուցած են սովորական ֆիզիքական լուծոյթով եւ զայն պատուաստանիւթի անուան տակ վաճառած են բարձր գինով եւ օգտուելով աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ պատուաստանիւթերու անբաւարարութենէն, մտադրած էին զայն ղրկել նաեւ արտասահման:
ԵՐԿՐԷ ԵՐԿԻՐ
Հայաստանը նոյնպէս աշխոյժ քննարկումներու մէջ է՝ մարտ ամիսին երկրին մէջ քորոնայի դէմ պատուաստումները լայնածաւալ ընթացքի մէջ դնելու համար: Առողջապահութեան նախարարութեան պատասխանատուները ըսած են, թէ մարտ ամիսին կ՚ակնկալեն պատուաստանիւթի որոշակի խմբաքանակ՝ փուլ առ փուլ գործընթացին սկսելու համար: Բնականաբար, նախ կը պատուաստուին թիրախային խումբերը՝ բուժաշխատողներ, մնայուն հիւանդութիւն ունեցողներ, տարեցներ, սպասարկման համակարգի աշխատողներ, դիմադրողականութեան անկում ունեցող մարդիկ եւ այլն: Ռուսական պատուաստանիւթը հասած է նաեւ Արցախ, ուր նախ պատուաստուած են ռուս խաղաղապահ զօրախումբի ռազմաբժիշկները: Անոնք պատուաստումներու երկրորդ փուլին անցած են: Ընդհանուր առմամբ, Արցախ հասցուած է պատուաստանիւթի մօտաւորապէս 2 հազար չափաբաժին։ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնեան յայտարարած է, թէ այդ թիւը բաւական է խաղաղապահներու ամբողջ անձնակազմը պատուաստելու համար։
2021 թուականի ամրան անվտանգ հանգիստ ապահովելու համար Յունաստանի իշխանութիւնները նախատեսած են քորոնաժահրի դէմ պատուաստել զբօսաշրջային գօտիներու մէջ բնակող տեղւոյն բնակչութիւնը եւ հիւրընկալութեան ոլորտի աշխատողները: Այս երկիրը ամէնօրեայ պատուաստուողներու թիւով Եւրոպական Միութեան 27 պետութիւններու կարգին հինգերորդն է: Եւրոպական լրատուամիջոցները կը նշեն Յունաստանի պատուաստման արշաւին նկատմամբ ոչ-տիպական մօտեցումը. ներարկումներ կը կատարեն երկրի մայրցամաքային մասին, հեռաւոր կղզիներուն եւ գիւղերուն մէջ, ուր երբեք քորոնավարակի բռնկում չէ եղած:
Օրինակ, Արեւելեան Միջերկրական ծովուն վրայ գտնուող Քասթելորիզօ կղզիներու խումբին մէջ, ուր ձմրան միայն 200 քաղաքացի կը բնակի, 80 տոկոսը պատուաստում ստացած է: Երբ ամրան զբօսաշրջիկները այս կղզիները ժամանեն, հիւրերն ու տեղւոյն բնակչութիւնը վարակէն լիովին պաշտպանուած կ՚ըլլան:
Պատուաստի վերաբերեալ ուրիշ հարցեր եւս կը յուզեն բոլորը, արդեօք անհրաժե՞շտ է հակամարմիններու փորձանակ ընել՝ քորոնաժահրի դէմ պատուաստումէն ետք եւ արդեօք վարակուածները նոյնպէս կարիք ունի՞ն պատուաստումի: Վարակաբանները նշած են, թէ որոշ մարդոց մօտ, նոյնիսկ ութ ամիս անց, հակամարմինները չեն նուազիր, իսկ ուրիշներու մօտ անոնք կ՚անհետանան երեք ամիս վերջ: Ան յաւելած է, որ պատուաստումէն երեք շաբաթ վերջ կարելի է հակամարմիններու փորձանակ ընել, իսկ վարակուածները պիտի պատուաստուի՞ն թէ ոչ, այս հարցը առայժմ վերջնական պատասխան չունի:
Քորոնա վարակի պատուաստումներուն մասին քննարկումներուն զուգահեռ վերջերս ի յայտ եկաւ նաեւ քորոնայի անձնագիր ունենալու անհրաժեշտութիւնը: Կարգ մը երկիրներ, պարտադիր դարձուցին նման անձնագրի մը առկայութիւնը եւ արդէն ներդրած են:
Մեծն Բրիտանիան, չի նախատեսեր քորոնա վարակի դէմ պատուաստումներու անձնագրեր ներդնել, երկրին առողջապահութեան պատասխանատուն յայտարարած է, որ երկրին բնակիչները պատուաստումներու վերաբերեալ փաստաթուղթեր կրնան ստանալ բժիշկէն, եթէ անոնք անհրաժեշտ ըլլան՝ այլ երկիրներ մեկնելու համար:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան