ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ
«Ազատութիւն»ը մարդուն սկզբնական նկարագիրը, բնութիւնը եւ անջնջելի, մշտնջենական կոչո՛ւմն է։ Արդարեւ, մարդ «ազատ» կը ծնի, յետոյ ազատութիւնը օրինաւոր պայմաններու տակ, ստիպողաբար կը սահմանափակուի, եւ վերջապէս «ազատ» կը մեռնի։
Կեանքի սկզբնաւորութեան եւ վերջաւորութեան ազատութիւնը բոլորովին անհատական արժէք մըն է, բայց մարդ երբ հաւաքական կեանք մը ապրելու կը սկսի, բնականաբար եւ հարկադրաբար իր անհատական ազատութիւնը կը հակակշռուի ուրիշներու ազատութեան պատճառով։ Այս ալ կը նշանակէ, որ ազատութինւը հաւաքական կեանքի մէջ անսահման չէ՛. ամէն մարդու ազատութեան սահմանը «ուրիշ»ին ազատութեան սահմանն է։
Ընկերային կեանքի մէջ անհատին ազատութիւնը կը սկսի «ուրիշ»ին ազատութեան վերջաւորութեան, եւ կը վերջանայ, դարձեալ «ուրիշ»ի մը ազատութեան սկզբնակէտին վրայ։ Բայց ազատութիւնը միշտ կայ, քանի որ ան մարդուն նկարագիրն է եւ կոչո՛ւմը։
Ուրեմն, այս իմաստով, ազատութիւնը կը սկսի հնազանդութեամբ եւ «ուրիշ»ին ազատութեան սահմաններուն յարգանքով եւ հաւատարմութեամբ։ Մարդ իրապէս «ազատ» է՝ երբ ուրիշին ազատութիւնը կը ճանչնայ, այսինքն՝ մարդ ազատ է, ազատութիւնը կը վայելէ իր սահմաններուն հաւատարիմ մնալով։ Տուեալ օրէնքներու եւ կանոններու հնազանդութիւն ազատութեան նախապայմա՛նն է։
«Ազատութիւն»ը իրապէս ազատութիւն կ՚ըլլայ, երբ չափ, կշիռ եւ սահման ունենայ, եւ մանաւանդ անհատական շահերը եւ հաւաքականութեան հասարակաց շահերը եւ օգուտը ներդաշնակուին, իրար չհակադրեն։ Մարդ ազատ է եւ ազատութիւն կը վայելէ, երբ հաւատարիմ եւ հնազանդ է տուեալ օրէնքներու տրամադրութիւններուն՝ որոնք կը կարգաւորեն անհատներու ազատութեան սահմանները եւ կը ներդաշնակեն անհատական եւ հասարակաց բարիքը եւ օգուտը։ Արդարեւ, դժուար է անհատական ազատութիւնը որոշ սահմաններու մէջ պահել, քանի որ մարդուս կիրքերը, փափաքները հակակշռել, չափաւորել այնքան ալ դիւրին բան մը չէ։
Ամէն մարդ «ազատ» ըլլալ կ՚ուզէ, եւ այս իրողութիւնն ալ կը պարտադրէ, որ ազատութիւնը «սահմա՛ն» ունենայ, որ է անձերու իրաւունքները եւ ազատ ըլլալու կիրքին հակակշռութիւնը։ Անսանձ ազատութիւն մը երբեք «ազատութիւն» չէ իր իսկական իմաստով, այլ՝ օրինազանցութիւն եւ իրաւունքի խափանո՛ւմ…։
Արդարեւ, հաւասարութեան սկզբունքը կը պահանջէ, որ եղբայրութեան եւ ազատութեան սկզբունքները անխտիր կիրարկուին բոլոր մարդոց համար, այլապէս «եղբայրութիւն»ը եւ «ազատութիւն»ը որեւէ արժէք չի ներկայացներ։ Ուստի, այս երեք սկզբունքներու անխտիր կիրարկումով է, որ կարելի է հասնիլ «արդարութեան» բարձր սկզբունքին։ Անխտիր բոլոր մարդիկ, առանց նայելու անոնց ստացական կամ բնական տարբերութիւններուն, հաւասար են եւ ուրեմն՝ եղբայր եւ ազա՛տ։ Եթէ մարդիկ ծագումով նոյնն են, ապա ուրեմն անոնց բնական կամ ստացական տարբերութիւնները պէտք չէ որ խտրութիւն դնէ անոնց մէջ։ Արդէն մարդկային անձին արժանապատուութիւնն ալ ա՛յս կը պահանջէ։
Ազատութիւնը իմացականութեան եւ կամքին մէջ արմատացած կարողութիւնն է գործելու կամ չգործելու, ընելու այս կամ այն, ինքնակամ վճռելու կատարելիք եւ կամ չկատարելիք գործեր։
Ինքնակամութեամբ իւրաքանչիւր ոք տէ՛ր է իր անձին։ Մարդուն մէջ ազատութիւնը զօրութիւն մըն է աճումի եւ հասունութեան՝ ճշմարտութեան եւ բարութեան մէջ։ Ազատութիւնը կը հասնի իր կատարելութեան, երբ կը կարգաւորուի դէպի արդարութիւն եւ կը յայտնէ ճշմարտութիւնը։ Այնքան ատեն որ ազատութիւնը վերջնականապէս չէ հաստատուած իր վերջնական բարիքին մէջ, որ Աստուա՛ծ է, ան իր մէջ կը բովանդակէ կարելիութիւնը ընտրելու բարիին եւ չարին միջեւ, հետեւաբար կարելիութիւնը աճելու կատարելութեան մէջ եւ կամ սայթաքելու եւ մեղանչելու՝ սխալ քայլ նետելու։
Ազատութիւնը կը բնորոշէ յատկապէս մարդկային արարքները։ Ան կը դառնայ աղբիւր արդարութեան կամ անիրաւութեան, արժանիքի կամ անարժանութեան։ Այս իմաստով մարդ որքան բարիք կ՚ընէ, որքան ճշմարտութեան կը հետեւի, ա՛յնքան աւելի ազատ կ՚ըլլայ։ Ուստի, չկա՛յ ճշմարիտ ազատութիւն՝ եթէ ոչ ի սպաս բարիին, ճշմարիտին եւ արդարին։ Անհնազանդութիւն եւ չարիք նախընտրելը՝ ազատութեան զեղծումն է եւ կը տանի մեղքին ստրկութեան։ Եւ չկայ կատարեալ ազատութիւն ընկերութեան մէջ, եթէ այդ ընկերութեան անդամները անհատապէս ազատ չեն զգար իրենք զիրենք։ Ուրեմն, ազատութիւնը հաւաքական պատասխանատուութիւն կը պահանջէ, իւրաքանչիւր անհատ պատասխանատո՛ւ է հասարակաց ազատութենէն՝ իր արարքներով՝ այն չափով որ անոնք կամովին են։
Առաքինի ըլլալ մարդուն պարտականութի՛ւնն է. ուրեմն մարդ որպէս անհատ պէտք է յարգէ ազատութեան սկզբունքը՝ որպէսզի ազատ հասարակութեան մը մէջ վարէ եւ վայելէ իր կեանքը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 20, 2021, Իսթանպուլ