ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԱՆԴԷՊ ՍԷՐ
«Ո՛վ Տէր, իմ զօրութի՛ւնս, քեզ պիտի սիրեմ։
«Տէրը իմ վէմս, ամրութիւնս ու փրկիչս է։
«Իմ Աստուածս իմ պարիսպս է, ես անոր կը յուսամ,
«Անիկա իմ վահանս ու իմ փրկութեանս եղջիւրը
«Ու իմ բարձր աշտարակս է»։
ՍԱՂՄ. ԺԸ 1-2
«Սիրէ՛ քու Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ, բոլոր անձովդ եւ բոլոր մտքովդ». (ՄՏԹ. ԻԲ 37)։
Յիսուս համառօտ կերպով ներկայացուց մարդուն պարտականութիւնները Աստուծոյ հանդէպ այս խօսքերով։ Արդարեւ, Աստուած առաջինը եղաւ մեզ սիրելո՛ւ։ Արդարեւ, «Տասը պատուիրաններ»ը կը բացայայտեն սիրոյ այն պատասխանը՝ զոր մարդը կոչուած է տալու իր Աստուծոյ։ Ուստի, «Տասը պատուիրաններ»ուն առաջինը կ՚ընդգրկէ հաւատքը, յոյսը եւ սէրը։
Արդարեւ, ո՛վ որ «Աստուած» կ՚ըսէ, կը յայտնէ «Էակ» մը մնայուն, անփոփոխ, միշտ նոյնը, հաւատարիմ, ամենակարող, ամենազօրաւոր, ճշմարիտ եւ կատարելապէս բարի եւ արդա՛ր։
Ուստի, մենք պէտք է անհրաժեշտաբար ընդունինք Անոր Խօսքերը եւ Անոր հանդէպ ունենանք ամբողջական հաւատք եւ յոյս։ Ան ամենակարող է. բարեսիրտ, անհունօրէն տարուած բարիք գործելու։ Ո՞վ պիտի կարենար իր բոլոր յոյսերը Անոր վրայ չդնել եւ ո՞վ պիտի կարենար չսիրել իր ամբողջ սրտով զԻնք՝ դիտելով բարութեան, երջանկութեան եւ խանդաղատանքին գանձերը, զորս Ինք սփռեց մեր վրայ։ Եւ այս իսկ պատճառով Աստուած Սուրբ Գիրքին մէջ Իր պատուէրներուն թէ՛ սկիզբը եւ թէ՛ վերջը կը գործածէ. «Ես եմ Տէրը» բանաձեւը։
Աստուծոյ սիրոյն հանդէպ հաւատքը իր մէջ կ՚ընդգրկէ կոչը եւ պարտաւորութիւնը պատասխանելու աստուածային սիրոյն՝ անկեղծ սիրով։ Ուստի, առաջին պատուիրանը կը հրամայէ մեզի սիրել Աստուած ամէն բանէ վեր. (Բ ՕՐ. Զ 4-5), իսկ բոլոր արարածներն ալ՝ Անոր համար եւ Անոր պատճառով։ Արդարեւ, բոլոր արարածները սիրել կը նշանակէ Աստուած սիրել, քանի որ Ան բոլորին Արարիչն է։
Մարդ կրնայ Աստուծոյ սիրոյն դէմ զանազան կերպերով մեղանչել. «անտարբերութիւն»ը այս մասին առաջնակարգ մեղքերէն մին է, որ կը նշանակէ անտեսել կամ մերժել, նկատի չառնել աստուածային սէրը։ Անտարբերութեամբ, մարդ կ՚անգիտանայ Աստուծոյ կանխահաճութիւնը եւ կը ժխտէ Անոր զօրութիւնը, ամենակարողութիւնը։
«Ապերախտութեամբ» ալ մարդ կրնայ մեղանչել Աստուծոյ սիրոյն դէմ, որ զանց կ՚ընէ կամ կը մերժէ ճանչնալ աստուածային սէրը եւ տալ Անոր սէր՝ փոխանակ սիրոյն։
«Գաղջութեամբ» կարելի է մեղանչել, որ կը վարանի, տարակոյսի կը մատնուի եւ կամ կ՚անտեսէ պատասխանել աստուածային սիրոյն, ան կրնայ իր մէջ ներփակել մերժումը յանձնուելու սիրոյ մղումին։
«Հեղգութեամբ» կրնայ մեղանչել մարդ Աստուծոյ սիրոյն դէմ, եւ կամ «հոգեւոր ծուլութեամբ, որ կ՚երթայ մինչեւ իսկ մերժելու ուրախութիւնը՝ որ կու գայ Աստուծմէ, եւ սոսկալու աստուածային բարիքէն։
«Աստուծոյ դէմ ատելութեամբ» կարելի է մեղանչել, որ կու գայ հպարտութենէն։ Ան կը հակառակի Աստուծոյ սիրոյն, կը ժխտէ Անոր բարութիւնը եւ կը համարի «անիծել» զԻնք իբրեւ այն անձը՝ որ կ՚արգիլէ մեղքերը եւ կը սահմանէ պատիժները։
Հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ աստուածաբանական առաքինութիւնները կը կերպաւորեն, կը ձեւաւորեն եւ կը կենդանացնեն «բարոյական առաքինութիւն»ները։ Այսպէս, Սէրը կը մղէ մեզ տալու Աստուծոյ, ի՛նչ որ ամենայն արդարութեամբ իբրեւ արարածներ կը պարտինք Անոր։ «Կրօնասիրութեան առաքինութիւն»ը մեզ տրամադիր կ՚ընէ այս կեցուածքին։
«Մեծագոյն սէրը ա՛յն սէրն է, որով մարդ ինքզինք կը զոհէ իր բարեկամներուն համար». (ՅՈՎՀ. ԺԵ 13), եւ այս սիրոյ տիպարն է Ի՛նք Յիսուս Քրիստոս, որ զոհեց Ինքզինք մարդկութեան փրկութեանը համար։ Եւ Ան ըսաւ. «Դուք իմ բարեկամներս էք, եթէ գործադրէք ինչ որ կը պատուիրեմ ձեզի». (ՅՈՎՀ. ԺԵ 14)։ Ուրեմն աստուածային սիրոյ ստուգանի՛շն է այս խօսքը. անհո՜ւն սէր, անվերապահ եւ բացարձակ իմաստով սէ՛ր…։
Աստուածային սէրը՝ Աստուծոյ մեզի յայտնած իր սիրոյն պատասխանը ե՛ւ փոխա-դարձն է։ Արդարեւ, Յիսուսի մատուցած աղօթքը. Իր Հօր խնդրած փրկչական գործերը չկատարած, մարդկային կամքին խոնարհ եւ ինքնանուէր փարումն է Հօր սիրազեղ կամքին։ Յիսուս երբ Հօր աղօթքին խորհուրդը Իր աշակերտներուն բացէ ի բաց կը յայտնէ, կը յայտնէ նաեւ թէ ի՛նչ ըլլալու է անոնց եւ ապա մե՛ր ալ աղօթքը. հաւատքը իր պտուղը կու տայ սիրոյ մէջ. այսինքն՝ պահելով Անոր Խօսքը եւ պատուիրանները, բնակելով Անոր հետ Հօր մէջ, որ կը սիրէ մեզ Անոր մէջ՝ մեր մէջ բնակելու աստիճան։
Քրիստոսի Մարմինին եւ Արեան ճաշակումը հաղորդուողին միութիւնը կ՚աճեցնէ Տիրոջ հետ, կ՚արձակէ անոր ներելի մեղքերը եւ զինք զերծ կը պահէ ծանր մեղքերէ։ Քանի որ հաղորդուողին եւ Քրիստոսի միջեւ սիրոյ կապերը կը զօրանան, այս խորհուրդին ընկալումը կը զօրացնէ նաեւ միութիւնը Եկեղեցւոյ՝ խորհրդական Մարմին Քրիստոսի։
Սէրը ամենազօրաւոր կա՛պն է Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 21, 2021, Իսթանպուլ