ԱՆԱՌԱԿ ՈՐԴԻՆ

Դրախտային երջանիկ կեանքի մը պայմաններուն ոտնահարումէն ետք, մարդը բնական է, որ պիտի ստիպուէր եւ ջանար աշխատութեան եւ տառապանքի աշխարհի մը մէջ ալ երջանիկ կեանք մը ստեղծել։ Արդարեւ, մարդ ամէն պայմանի եւ միջավայրի մէջ միշտ փնտռած է երջանկութիւնը, քանի որ ան սկիզբէն ի վեր կոչուած է երջանկութեան, երջանիկ կեանքի մը՝ որ կը նշանակէ կատարեալ եւ անվտանգ կեանք մը։

Կարելի՞ է այդպիսի կեանք այս աշխարհի վրայ։

Ասիկա խնդրական է, քանի որ մարդ տակաւին կը փնտռէ երջանկութիւնը, կատարելութիւնը, բայց շատ քիչեր կրնան գոնէ մօտենալ անոր…։

Մարդիկ միշտ կարծեր են գտնել այս աշխարհի «դրախտացում»ը իրենց անհակակշիռ եւ անզուսպ կենցաղավարութեան, ապրելակերպի եւ յատկապէս դրամի առատութեան մէջ։ Այս իմաստով, երջանկութիւնը չափուած է միշտ նիւթականով, անտեսուած է հոգեւոր երջանկութիւնը, որ է՝ պարզութիւն, չափաւորութիւն եւ գոհացո՛ւմ։

Անհակակշիռ եւ չափազանցուած կենցաղավարութեան եւ ապրելակերպի համար ինքնավստահ խելքը բաւական է, բայց կարեւորը այդ ինքնավստահութեան պատճառն է։ Եւ շատե՜ր այս աշխարհի վրայ, ընդհանրապէս ինքնավստահութիւնը կը շփոթեն ինքնահաւանութեան հետ. շատ կը հաւնին, չափազանց կը հաւնին իրենց խելքը, անվերապահօրէն եւ միայն կը վստահին իրենց դատողութեան եւ ըստ այնմ «կոյր աչք»երով կը նետուին կեանքի յորձանքին մէջ։

Ստացուածքի, նիւթի եւ դրամի տիրանալու անզուսպ տենչը, բանաւոր եւ օրինաւոր միջոցներով կամ անոնցմէ դուրս, այն կիրքերէն է, որ դժբախտաբար կը գերիշխէ մարդոց մեծամասնութեան վրայ։

Եւ ահաւասիկ, «Անառակ Որդի»ին Աւետարանական առակն ալ կը դառնայ մարդկութեան համար կենսական խնդիրներու շուրջ՝ որոնք անուրանալի է, որ միշտ արդիական են եւ թա՛րմ։ Մարդը՝ երբ կը վայելէ անհակակշիռ եւ չափազանցուած կեանք մը, ստացուածքը, նիւթը եւ դրամը «երջանիկ» կ՚ընեն զինք. բայց երբ կը կորսնցնէ զանոնք, ինչ որ բնական է ասիկա, քանի որ մարդ որքան որ կը շահի, նո՛յնքան ալ կրնայ կորսնցնել, ապերջանիկ, դժբախտ կը զգայ ինքզինք, քանի որ «կորուստ»ը ցաւալի է՝ վիշտ կը պատճառէ, առաւել կամ նուազ չափով անտրամադիր կ՚ընէ մարդը։ Իսկ կորուստի դառնութիւնը կախում ունի իւրաքանչիւր անձի իր կորուստին տուած արժէքէն։

Այս իմաստով, «Անառակ Որդի»ին առակին մէջ տիրող գաղափարը իրականութիւնն է, չափազանց ինքնավստահ՝ ինքնահաւան եւ յաւակնոտ խելքի մը մատնուած դժբախտութիւնը։

«Անառակ Որդի»ին առակին մէջ «անառակ»ը կը խորհրդանշէ եւ կը խորհրդաւորէ «հեթանոսութիւն»ը՝ որ օր մը պիտի զղջայ եւ պատուով պիտի հնազանդի Աւետարանի վարդապետութեան։

Արդարեւ, անառակ որդիին պէս, Աւետարանի հետեւորդներ ալ երբեմն կը մոլորին, բայց զղջումով եւ ապաշխարութեամբ կը վերադառնան իրենց առաջուան դիրքը։ Աստուած Հայր է բոլորին, հակառակ միւս որդիներու չկամութեան, կ՚ընդունի ճշմարտապէս զղջացող որդիները եւ զանոնք կը վերահաստատէ նախկին երանութեան եւ երջանիկ իրաւունքներուն մէջ։

«Անառակ Որդի»ի առակին մէջ ամենէն աւելի տիրող արժէքը «քրիստոնէական իմաստութի՛ւն»ն է։

Ոչ միայն անփորձ երիտասարդութեան յաւակնութիւններ իրական կեանքի մէջ ոչինչ կ՚արժեն, ոչ միայն երջանկութիւն չկայ դրամի եւ կիրքերու անսահման եւ անհակակշիռ շռայլութեան մէջ, ոչ միայն անզուսպ գործ եւ կենցաղ, ինքնավստահ խելքերու ուղղութեան տակ կ՚առաջնորդեն դէպի սնանկութիւն, այլ մանաւանդ այդ «անառակ նկարագիր»ը՝ որ կրնայ փորձառութեան բովէն անցնելէն ետք, հրաշալի՜ արժէք մը ներկայացնել, կրնայ կորսուիլ ի սպառ։ Ուստի ամէն չափազանց եւ անարգել, անհակակշիռ արարք դատապարտուած է կորսուելու։

Եւ այդպիսի կորուստ մը անդարմանելի՛ է. հետեւաբար անոր վերստին գիւտը կամ շահը ուրախալի՛ է իր մեծ կարեւորութեամբ։ Կորսուածին վերստին գիւտը արժէքը կ՚աւելցնէ կորսուածին՝ ինչ որ ալ ըլլայ անոր կարեւորութիւնը եւ արժէքը։

Աւելի լա՛ւ է որ մարդ չկորսնցնէ շահածը, աւելի լա՛ւ է որ չկորսուի որեւէ արժէք, բայց կորուստն ալ կեանքի ընդհանուր ընթացքին մէջ բնական երեւոյթ մըն է. որքան որ շահը բնական է եւ հաւանական, նո՛յնքան բնական է կորուստը։ Ուստի կեանքը հակակշռող եւ ներդաշնակող երեւոյթներ են շահը եւ կորուստը՝ որուն պէտք է միշտ պատրաստ ըլլայ մարդ։

Կեանքի մէջ երբ կայ երջանիկ վիճակ մը, զայն անտեսել եւ նոր մը ստեղծելու համար «անխելք» եւ անխոհեմ կերպով ժամանակ վատնել, վատնել նաեւ կորով, պատիւ, ինչք, ասոնք աւելորդ են ոչ միայն Աւետարանով, այլ՝ նոյնիսկ ամենէն նիւթապաշտ մտածումով ալ։

Արդարեւ, կորուստը կորո՛ւստ է. իմաստութիւն է ընդառաջ չերթալ դէպի կորուստ, եւ աւելի մեծ իմաստութիւն է փորձառութիւնը հեղինակութեան վերածել քան բո՛րբ երեւակայութեան մը պատրանքներուն։ Եթէ ապրուած կեանքեր արժէ՛ք մը կը ներկայացնեն, եթէ փորձառութիւններ, որոնք մեծ գնով գնուած են, պիտի դիւրացնեն մարդոց աշխատանքը։ Եթէ օգտակար է որ մարդիկ, հնար եղած չափով, նուազ կորսնցնեն իրենց թանկագին եւ անփոխարինելի դրամագլուխներէն, արժէքներէն, կը հետեւի որ վնասակար է եւ նո՛յնքան անիմաստ յամառիլ սխալներու մէջ եւ վերադարձ չընել դէպի շիտակ ճամբան։

Յաւակնութիւնները եւ սխալները տեսնելէ ետք՝ յարատեւութիւնը ատոնց մէջ, առանց այլեւայլի կը հանդիպին դժբախտութեան…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Փետրուար 23, 2021, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Փետրուար 27, 2021