ՂԱԼԱԹԻՈՅ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ՝ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻ ՆԱԽՈՐԴ ԵՐԵՔ ԵՐՋԱՆԿԱՅԻՇԱՏԱԿ ԳԱՀԱԿԱԼՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ Ս. Պատարագի արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Պատարագիչն էր Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։

Ս. Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Պատրիարքական Աթոռի վերջին երեք երջանկայիշատակ գահակալներուն՝ Շնորհք Արք. Գալուստեանի, Գարեգին Արք. Գազանճեանի եւ Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի հոգւոցն ի հանգիստ։ Աղօթքով, բիւր յարգանքով ու երանութեամբ ոգեկոչուեցան հոգելոյս պատրիարք հայրերը, որոնց անթառամ յիշատակին առջեւ բոլորը բերին իրենց խոնարհումը։ Հանդիսադիր հայր սուրբն ալ քարոզին մէջ վերյիշեց նախկին պատրիարքները, որոնց բարի յիշատակը հաւատացեալները կը կրեն իրենց սրտին մէջ։

Երէկուան Ս. Պատարագին ներկայ էր տիրամայր Մարի Մութաֆեան։

Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ երկուշաբթի ալ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հանդիսապետութեամբ Շիշլիի գերեզմանատան մէջ մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն մը նախատեսուած է Պատրիարքական Աթոռի հոգելոյս գահակալներուն համար։

Ուրբաթ, Մարտ 5, 2021