ՄԱՍՆԱՏՈՒԱԾ ՈՒԺԵՐ
Հայաստանի քաղաքական տագնապի մթնոլորտին մէջ, Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի ջանքերով շաբաթավերջին տեղի ունեցան շարք մը հանդիպումներ։ Այսպէս, Արմէն Սարգսեան տեսակցեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, խորհրդարանէ ներս մեծամասնութեան տէր «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար Լիլիթ Մակունցի եւ խորհրդարանական ընդդիմութենէն «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան երկրէն ներս ստեղծուած իրավիճակը եւ քաղաքական տագնապի յաղթահարման ուղիները։ Այս համատեսքին մէջ կարեւորուեցան քաղաքական ուժերու միջեւ երկխօսութիւնը եւ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան կազմակերպումը՝ իրավիճակի հանգուցալուծման համար։
Խորհրդարանական ընդդիմութենէն «Բարգաւաճ Հայաստան»ի կուսակցապետ Գագիկ Ծառուկեան շաբաթավերջին յայտնեց, որ չի պատրաստուիր նախագահ Արմէն Սարգսեանին հետ հանդիպելու, սակայն կրնայ տեսակցիլ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։
Արմէն Սարգսեան փորձած էր վարչապետը, խորհըր-դարանի մեծամասնութեան, խորհրդարանական ընդդիմութեան եւ «Հայրենիքի փրկութեան շարժման» ներկայացուցիչները նոյն սեղանին շուրջ համախըմ-բել։ Յամենայնդէպս, այդպիսի հարթակի մը ձեւաւորուիլը գործնականօրէն հնարաւոր չէր եղած։
Շաբաթավերջին, «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը Երեւանի մէջ շարունակեց իր բողոքի ցոյցերը։ Հիմնական ցոյցը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան առջեւ։ Ընդդիմադիր խմբաւորման ցուցարարներու համախմբման կէտերէն մին էր նաեւ նախագահական ապարանքի մօտակայքը։