ՎԱՂԸ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՆՇՈՒԻ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐԻ ՍՏՈՐԱԳՐՄԱՆ 100-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Անգարայի մէջ վաղը պիտի նշուի Մոսկուայի պայմանագրի ստորագրման 100-ամեայ յոբելեանը։ 16 մարտ 1921 թուականին Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ ստորագրուած կարեւոր փաստաթուղթ մըն է այս մէկը։ Ազգային մեծ ժողովէն ներս այս առթիւ նախատեսուած է յոբելենական ձեռնարկ մը։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, փանելի մը ձեւաչափին մէջ մշակուած ծրագրի կազմակերպչական աշխատանքներուն աջակցութիւն ցուցաբերուած է «Պիլքենթ» համալսարանին կողմէ։ Հաւաքոյթի ընթացքին նախատեսուած է խորհրդարանի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփի ելոյթը։ Միւս ատենախօսներու շարքին կը գտնուին Թուրք-ռուսական ֆորումի համանախագահ Ահմէտ Պերաթ Չոնքար, «Պիլքենթ» համալսարանի վերատեսուչ փրոֆ. Ապտուլլահ Աթալար եւ Անգարայի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Ալեքսէյ Երխով։ 

Մոսկուայի պայմանագիրը կարեւոր ազդեցութիւն ունեցած էր Հայաստանի եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն տեսակէտէ։ Թէեւ այդ փաստաթուղթին տակ հայկական կողմէն ուղղակի ստորագրութիւն մը չէ դրուած, սակայն ան անվիճելիօրէն կարեւոր գործօն մը հանդիսացած է։ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան փլուզման եւ խորհրդայնացման՝ անցումային ժամանակաշրջանին, նախկին Խորհրդային Միութեան տակաւին նոր ստեղծուած փուլին ստորագրուած համաձայնագիր մը եղած է այդ մէկը։ Սա, անշուշտ, այն ժամանակաշրջանն է, երբ Թուրքիոյ Հանրապետութեան ալ հիմքերը կը դրուէին։ Այդ ժամանակ Մոսկուայի պայմանագրին ստորագրումը էական նշանակութիւն ունեցած էր Թուրքիոյ արեւելեան սահմաններուն վրայ իրավիճակի կայունացման տեսակէտէ։ 

Երկուշաբթի, Մարտ 15, 2021