ԱՆՆ ԼԻՆՏԷ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան այս առաւօտ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Շուէտի Արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէն, որ կ՚իրականացնէ տարածքաշրջանային ուղեւորութիւն մը։ Շուէտացի նախարարը երէկ շփումներ ունեցաւ Պաքուի մէջ՝ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան հետ առաջնահերթօրէն քննարկելով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Երէկ երեկոյեան ան Պաքուէն անցաւ Երեւան, ուր այսօր կը տեսակցի նաեւ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Լինտէի ծրագրին վրայ նախատեսուած են նաեւ հանդիպումներ հայկական զանազան հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ։

Լինտէի Պաքու այցի ընթացքին երէկ հնչած յայտարարութիւնները անմիջապէս արձագանգ գտան Երեւանի մէջ։ Լինտէ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ քննարկած է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը, պատերազմին վերջ տուած հրադադարի եռակողմանի համաձայնութեան գործադրութեան ընթացքը, նաեւ տարածքաշրջանէ ներս առկայ իրավիճակը։ Լինտէի հետ տեղի ունեցած համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Ճէյհուն Պայրամով պնդեց, որ իր երկիրը հայկական կողմին վերադարձուցած է բոլոր ռազմագերիները։ Ան յայտնեց, որ հրադադարի յայտարարութեան ստորագրումէն վերջ Լեռնային Ղարաբաղէ ներս ձերբակալուած զինուորականները Պաքուի կողմէ ռազմագերի չեն համարուիր։ Իր խօսքով՝ անոնք ահաբեկչական գործողութիւններ կատարած են եւ Ատրպէյճանի մէջ իրենց պարագային հետաքննութիւն տեղի կ՚ունենայ։

Երեքշաբթի, Մարտ 16, 2021