ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի եւ Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ նախընթաց օր տեղի ունեցան հերթական քաղաքական խորհրդակցութիւններ։ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն ժամանակ հայկական եւ վրացական պատուիրակութիւններուն գլուխը կը գտնուէին Արտաքին գործոց փոխ-նախարարներ՝ Գագիկ Ղալաչեան եւ Լաշա Տարսալիա։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգի՝ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ հարցեր։ Մասնաւորապէս կարծիքներ փոխանակուեցան քաղաքական երկխօսութեան թափի պահպանման, երկկողմանի առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման, փոխադրութեան, ուժանիւթի, մարդասիրական ոլորտներէ ներս համագործակցութեան շուրջ։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ տարածքաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերուն։

Քննարկումներու ընթացքին կարեւորուեցաւ նման ձեւաչափով հանդիպումներու պարբերաբար իրականացումը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 17, 2021