ՎԵՐՋ ՏԱԼ ՍՈՒՐԻՈՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն յայտարարեց, որ եթէ Սուրիոյ մէջ ներքին պատերազմը չաւարտի, ապա գաղթի խնդիրը չի կրնար լուծուիլ։
Քաղաքականութեան, տնտեսութեան եւ հասարակութեան հետազօտութիւններու հիմնարկին (SETA) կողմէ կազմակերպուած առցանց հաւաքոյթին ընթացքին Իպրահիմ Քալըն՝ որպէս գաղթի խնդրի հիմնական պատճառ մատնանշեց Սուրիոյ ներքին պատերազմը։ Թուրքիոյ եւ ԵՄ-ի միջեւ 18 մարտ 2016 թուականին ստորագրուած գաղթի եւ ապաստանեալներու վերաբերեալ պայմանագրին ձօնուած հեռավար ասուլիսի ժամանակ ան նշեց, որ առանց հիմնական պատճառը վերացնելու՝ անկարելի է մշտական լուծում մը գտնել գաղթականաց տագնապին։
Ըստ Իպրահիմ Քալընի, հակառակ Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած բոլոր ջանքերուն, Սուրիոյ ներքին պատերազմը տասն տարիէ ի վեր կը շարունակուի։ ԵՓԿ-ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութեան եւ Պեշար Էսատի վարչակազմի գործողութիւններուն հետեւանքով կարելի չ՚ըլլար գաղթականներու անվտանգ վերադարձը ապահովել դէպի Սուրիա։ Թուրքիա թէ՛ իր տարածքէն ներս եւ թէ Սուրիոյ մէջ շուրջ 10 միլիոն սուրիացիի պատասխանատուութիւնը ստանձնած է։
Հեռավար ելոյթի ընթացքին Իպրահիմ Քալըն ընդգծեց, որ սուրիացիներ անվտանգ ձեւով իրենց երկիրը պէտք է վերադառնան եւ այս ուղղութեամբ բոլոր երկիրները համատեղ աշխատանք պէտք է տանին՝ սկսելով Թուրքիայէն, Եւրոմիութենէն եւ Գերմանիայէն, մինչեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, Ռուսաստանը, Իրանը եւ միւս հարեւան երկիրները։