ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ԿԵՑԱՎԱՅՐԻՆ ՄԷՋ ԿԱՃԱՌ

Ֆրանսախօսութեան շարժման շրջանակներէն ներս Հայաստանի մէջ տեղի կ՚ունենան զանազան ձեռնարկներ։ Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ճոնաթան Լաքոթ երէկ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ այս տարուան ծրագրին շուրջ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ֆրանսայի դեսպանատան երդիքին տակ տեղի ունեցած ասուլիսին ժամանակ դեսպանը յայտարարեց, որ Ֆրանսա կը կարեւորէ Արցախի մշակութային ժառանգութեան պահպանումը։ Ան աւելցուց նաեւ, որ Ատրպէյճանի մէջ գտնուող հայ ռազմագերիները պէտք է վերադարձուին։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Ճոնաթան Լաքոթ տեղեկացուց, որ կը ծրագրուի ֆրանսական կաճառ մը բանալ՝ Շարլ Ազնաւուրի Երեւանի կեցավայրէն ներս։ Բաց աստի, Անաթոլ Ֆրանսի անուան ձօնուած Երեւանի ֆրանսական կրթահամալիրի շէնքը յառաջիկայ ամիսներուն պիտի օժտուի ֆիզիքական նոր պայմաններով։

Հինգշաբթի, Մարտ 18, 2021