«ՄԱՅՔՐՈՍՈՖԹ» ԿԱՐԵՒՈՐ ԿԵԴՐՈՆ ՄԸ ՊԻՏԻ ՍՏԵՂԾԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
«Մայքրոսոֆթ» ընկերութիւնը Հայաստանի մէջ պիտի հիմնէ ամպային եւ բջիջային փորձագիտութիւններու նոր կեդրոն մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, սա պիտի դառնայ ընկերութեան տասն լաւագոյն կեդրոններէն մին աշխարհի մէջ։ «Մայքրոսոֆթ»ի Կեդրոնական եւ Արեւելեան Եւրոպայի շրջանային նախագահ Տոն Կրանթամ յայտարարեց, որ սոյն տարածքաշրջանային կեդրոնի ստեղծման եւ համագործակցութեան վերաբերեալ պայմանագիր մը ստորագրուած է Հայաստանի կառավարութեան հետ։ Ըստ իրեն, հայկական ընկերութիւններուն օգնելու համար իրենք պիտի օգտագործեն նաեւ իրենց կապերը։
«Հայաստան ներկայիս կը հանդիսանայ շուկայէն ներս մեծ ներուժի տէր փորձագիտական կեդրոն մը։ Զարգացում ապահովելու համար ան պէտք է դառնայ թուային հասարակութիւն՝ ներառնելով փորձագիտութիւններ խթանելու մրցունակութիւնը, աճը եւ արտադրողականութիւնը իւրաքանչիւր ոլորտէն ներս։ Մենք Հայաստանը կը դիտարկենք որպէս իսկական գործընկեր՝ խրախուսելով փորձագիտութիւններու կիրառումը իբրեւ զարգացման քաթալիզաթէօր։ Միեւնոյն ժամանակ, մենք պատրաստ ենք համագործակցիլ կառավարութեան հետ՝ կրթութեան, մտաւոր սեփականութեան իրաւունքի պաշտպանութեան, արդիւնաւէտ ու ապահով լուծումներու ներդրման ոլորտներէն ներս, որպէսզի կառավարութիւնը նոյնպէս բարձրացնէ իր արտադրողականութիւնն ու արդիւնաւէտութիւնը՝ օգտագործելով մեր ծառայութիւններն ու լուծումները», ըսաւ Տոն Կրանթամ։
Հայաստանի մէջ հիմնուելիք կեդրոնը պիտի հանդիսանայ մէկ մասը «Մայքրոսոֆթ»ի նորարարութեան կեդրոնին եւ պիտի աջակցի՝ ամպային եւ բջիջային հարթակներու հիման վրայ լուծումներու։