ՄԻ ՎԱԽՆԱՔ

«Մի՛ վախնաք, գացէք եւ ըսէ՛ք Իմ եղբայրներուս՝ որ Գալիլիա երթան. հո՛ն պիտի տեսնեն զիս» (Մտ 28.10)

Շաբաթ երեկոյեան Ճրագալոյցի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, պատարագիչ քահանայ հօր քարոզին նիւթը հիմնուած էր «մի՛ վախնաք» արտայայտութեան վրայ: Քահանայ հայրը խօսեցաւ ու բացատրեց, թէ յարութեան լոյսին տակ մենք՝ քրիստոնեաներս, որ կը հաւատանք մեր Տիրոջ յարութեան եւ կը հաւատանք նաեւ, որ հանդերձեալին մենք եւս յարութիւն պիտի առնենք, կարիք չունինք վախնալու, ընդհակառակը, վախն ու հաւատքը համատեղելի չեն:

Ճրագալոյցի քարոզէն ներշնչուած որոշեցի Աստուածաշունչէն մի քանի համարներ դուրս հանել, փորձել բացատրել զանոնք եւ այդ համարներուն լոյսին տակ ջանալ հասկնալ վախի ինչութիւնը:

• Այսպէս, հրեշտակին կողմէ փոխանցուած մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի յարութեան աւետիսը Մատթէոս եւ Մարկոս Աւետարանիչներուն մէջ այսպէս ներկայացուցած է. «Դուք մի՛ վախնաք. գիտեմ, որ խաչուած Յիսուսը կը փնտռէք: Հոս չէ, որովհետեւ յարութիւն առաւ, ինչպէս ըսած էր: Եկէք եւ տեսէ՛ք այն տեղը ուր դրուած էր» (Մտ 28.5-6: Մր 16.6): Արդարեւ, մեր Տէրը Իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին մի քանի անգամներ խօսած էր Իր կրելիք չարչարանքներուն, մահուան եւ մեռելներէն յարութիւն առնելուն մասին: Բնականաբար, մարդկային միտքը (նոյնիսկ մեր օրերուն) ի զօրու չէր հասկնալու եւ ըմբռնելու այդ բոլորը, եւ այդ պատճառով էր, որ իւղաբեր կանայք հետեւելով իրենց ազգային աւանդութեան եկած էին օծելու իրենց Վարդապետին մարմինը: Սակայն, ի զարմանս իրենց, երբ գերեզման հասան զիրենք դիմաւորեց հրեշտակը եւ տուաւ աւետիսը, թէ իրենց Տէրը յարութիւն առած է: Տեսնելով կիներուն սարսափած վիճակը, հրեշտակը անոնց կը դիմէ ըսելով՝ «դուք մի՛ վախնաք». նոյն այդ կոչը այսօր եւս կը հնչէ մեզմէ իւրաքանչիւրին ականջներուն, երբ աշխարհը խառն վիճակի մէջ է եւ ամէն կողմէ նեղութիւններն ու տառապանքները շրջապատած են մեզ:

Այսօր, աւելի քան երբեք, հրեշտակին «դուք մի՛ վախնաք»ի կոչը քաջալերութիւն է իւրաքանչիւր մարդու համար, մանաւանդ յարութեան այս սուրբ օրերուն, հաւատքով եւ յոյսով լեցուելու, ինչպէս նաեւ վստահութիւն ունենալու, թէ ցանկացած դժուարութիւն եւ նեղութիւն յաղթահարելի են Աստուծմով: Աւելի՛ն, այս աշխարհին մէջ մեր կրած նեղութիւններն ու տառապանքները գրաւականն են մեր հանդերձեալ երանական կեանքի ժառանգութեան:

Մենք՝ քրիստոնեաներս, հետեւորդներն ենք կենդանի Աստուծոյ. «Ինչո՞ւ ողջը մեռելներուն մէջ կը փնտռէք: Հոս չէ՛ Ան. յարութիւն առաւ» (Ղկ 24.5-6). մեր Տէրը մեռելներէն յարութիւն առած է, Անդրանիկ օրինակը դառնալով մեզմէ իւրաքանչիւրին: Եթէ քայլենք Իր ճանապարհով, հետեւինք Իր ուսուցումներուն ու պատուիրաններուն, ապա մենք եւս Իր օրինակով յարութիւն պիտի առնենք յաւիտեանս ապրելու Իր ներկայութեան մէջ, ուր վախ ու սարսափ գոյութիւն չունին, ընդհակառակը, ուր խաղաղութիւնը, երանութիւնն ու երջանկութիւնն է որ կը թագաւորեն:

• Յարութենէն ետք, երբ իւղաբեր կիները յարութեան աւետիսը փոխանցած էին Քրիստոսի առաքեալներուն, երբ Պետրոսը, Յովհաննէսը եւ ուրիշ աշակերտներ գացած ու իրենց աչքերով տեսած էին դատարկ գերեզմանը, խառն մտքերով հաւաքուած էին վերնատան մէջ՝ փակ դռներով ու պատուհաններով: Երբ անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր միտքերուն գիրկն ինկած կը փորձէր հասկնալ թէ ի՞նչ էր կատարուածը, Տէր Յիսուս կը յայտնուի անոնց մէջ, ու կ՚ըսէ. «Խաղաղութի՜ւն ձեզի: Ես եմ, մի՛ վախնաք» (Ղկ 24.36). հոն ուր որ Քրիստոս ներկայ է, այնտեղ վախ չի՛ կրնար գոյութիւն ունենալ: Ինչէ՞ն վախնալ, երբ խաղաղութեան Իշխանը մեր կողքին է, ինչէ՞ն վախնալ, երբ խաղաղութեան Իշխանը մեզի Ընկեր եւ Եղբայր դարձուցած ենք: Քրիստոս Իր ներկայութեամբ առաքելաներուն մէջ, խաղաղեցուց անոնց տառապած եւ խառնուած միտքերը. այսօր, մենք եւս, եթէ խաղաղութիւն եւ հանգիստ կը փնտռենք մեր մտածումներուն, դիմենք Քրիստոսի, Իրմէ ստանանք մեր խաղաղութիւնը եւ վստահ ըլլանք, եթէ կարենանք այդ խաղաղութիւնը ձեռք ձգել, հակառակ մեր կեանքին ընթացքին ունեցած եւ ունենալիք դժուարութիւններուն ու նեղութիւններուն, այդ բոլորը կրնանք յաղթահարել մեր Յարուցեալ Փրկիչով:

 

• Սաղմոսներու գիրքին մէջ բազմաթիւ համարներու կը հանդիպինք, որով կը հասկնանք, թէ մարդ եթէ Աստուած ունի իր կեանքին մէջ, եթէ Աստուած ներկայութիւն է մեր կեանքին մէջ, հետեւաբար ո՛չ մէկ պատճառ ունինք վախնալու: Այսպէս, սաղմոսներու գիրքին մէջ կը կարդանք.

- «Եթէ նոյնիսկ մահուան ստուերներուն մէջէն անցնիմ, չարէն պիտի չվախնամ, որովհետեւ Դո՛ւն, Տէր, ինծի հետ ես: Քու ցուպդ ու գաւազանդ զիս կը մխիթարեն» (Սղ 22.5):

- «Տէրն է իմ լոյսս եւ կեանքս, որմէ՞ պիտի վախնամ. Տէրն է իմ կեանքիս ապաւէնը, որմէ՞ պիտի դողամ» (Սղ 26.1):

- «Թշնամիներս գիշեր-ցերեկ զիս ոտնատակ ըրին, եւ շատերը ինծի դէմ բարձունքէն մարտնչեցան: Օրը ցերեկով չեմ վախնար, որովհետեւ յոյոսս Տիրոջ վրայ դրած եմ» (Սղ 55.3-4):

- «Իմ բերանովս զԱստուած պիտի օրհնեմ եւ բառերովս Տիրոջը պիտի գովեմ իմ խօսքերովս: Աստուծոյ վրայ դրի իմ յոյսս եւ վախ չունիմ. մարդը ինծի ի՞նչ կրնայ ընել» (Սղ 55.11):

- «Երանի՜ ան մարդուն, որ Տիրոջմէ կը վախնայ, եւ խիստ կերպով կը ցանկայ Տիրոջ պատուիրաններուն» (Սղ 111.1):

- «Տէրը իմ օգնականս է, եւ ես չեմ երկնչիր. մարդը ինծի ի՞նչ կրնայ ընել» (Սղ 117.6):

• Եսայիի մարգարէութեան մէջ կը կարդանք. «Դուն մի՛ վախնար, որովհետեւ Ես քեզի հետ եմ, մի՛ խաբուիր, քանի որ Ե՛ս եմ քու Աստուածդ, Ե՛ս, որ զօրացուցի քեզ, օգնեցի քեզի եւ քեզ Իմ աջովս պահեցի» (Ես 41.10). Տիրոջ կողմէ տրուած քաջալերանք. մի՛ վախնար, կ՚ըսէ Տէրը, Ես քեզի հետ եմ. Ես քու Աստուածդ եմ. Ե՛ս է, որ զօրացուցի, օգնեցի եւ Իմ աջովս պահեցի քեզ: Մենք մեզի հարցնենք. մենք Աստուծոյ հե՞տ ենք, կը զգա՞նք Աստուծոյ պահպանութիւնն ու զօրակցութիւնը մեր կեանքին: Եթէ Աստուծոյ հետ ենք եւ կը զգանք Անոր ներկայութիւնը մեր կեանքէն ներս, հետեւաբար ո՛չ մէկ պատճառ ունինք որեւէ բանէ վախնալու:

• Դարձեալ, Եսայիի մարգարէութեան գիրքին մէջ կը հանդիպինք հետեւեալ համարներուն.

- «Արդարեւ, Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, որ բռնած եմ քու աջ ձեռքէդ, որ կ՚ըսեմ քեզի, թէ՝ “մի՛ վախնար, Ես կ՚օգնեմ քեզի”» (Ես 41.13):

- «Ե՛ս եմ, Ես այն նոյնն եմ, որ մխիթարեցի ձեզ: Իմացի՛ր, թէ դուն ո՛վ էիր, որ մահկանացու մարդէն եւ ադամորդիէն վախցար, որոնք խոտի նման չորցան: Դուն զԱստուած մոռցար՝ քու Արարիչդ, որ երկինքը ստեղծեց եւ երկիրը հաստատեց, ու դուն միշտ, ամէն օր կը վախնայիր քեզ նեղողին բարկութենէն՝ մտածելով, թէ ան կը բնաջնջէ քեզ: Բայց ո՞ւր է քեզ նեղողին բարկութիւնը» (Ես 51.12-13). այստեղ յստակ կ՚երեւի, որ մարդ ո՛չ մէկ պատճառ ունի ոեւէ ադամորդիէ կամ մահականացուէ վախնալու, որովհետեւ խոտի նման կը չորնան ու կ՚անցնին, կը բնաջնջուին, բայց Աստուած մի՛շտ կենդանի է ու մի՛շտ կայ, հետեւաբար պէտք է մի՛ միայն Աստուծմէ վախնալ: Այստեղ, սակայն, պէտք է ուշադիր ըլլալ, Աստուծմէ վախնալ չի՛ նշանակեր Աստուծմէ սարսափիլ, այլ՝ երկիւղ ունենալ Աստուծոյ նկատմամբ: Աստուծմէ սարսափիլը եւ Աստուծոյ նկատմամբ երկիւղ ունենալը տարբեր բաներ են:

• Մեր Տէրը Իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին անուղղակի կերպով մարդուն տուած էր յարութեան վստահութիւն եւ յոյս մի քանի դէպքերով, որոնցմէ մէկն էր, Յայրոսի աղջկան յարութիւնը: Արդարեւ, երբ Յայրոսի ծանօթները կու գան իր մօտ եւ կը տեղեկացնեն, որ այլեւս պէտք չէ յոգնեցնել Վարդապետին, որովհետեւ աղջիկդ արդէն իսկ մեռած է, Քրիստոս Իր խօսքը ուղղելով Յայրոսին, կ՚ըսէ. «Մի՛ վախնար, միայն հաւատա՛» (Մր 5.36). ի՜նչ հզօր խօսք է. բնականաբար, ծնողի մը համար, որ տակաւին նոր ստացած էր լուրը իր զաւակի մահուան, դժուար պիտի ըլլար ըմբռնել այս խօսքին զօրութիւնը, սակայն յետագայ պատահարները պիտի գային փաստելու, որ Աստուծմով մարդ մի՛շտ կրնայ կենդանի մնալ. կարեւորը հաւատալն է, հաւատա՛լ՝ առանց վախի:

Այսօր, մանաւանդ, երբ աւելի քան մէկ տարի թագաժահրը աջ ու ձախ կը հնձէ մարդկային կեանքեր, ի՜նչ լաւ պիտի ըլլար, որ մեզմէ իւրաքանչիւրիս ականջին այս խօսքերը հնչէին, եւ գօտեպնդուած այս խօսքերով կարենանք դիմագրաւել թագաժահրին պատճառած ահն ու սարսափը. «Մի՛ վախնար, միայն հաւատա՛» (Մր 5.36):

• Վերը անդրադարձայ վախի, սարսափի եւ երկիւղի մասին: Գործք Առաքելոցին մէջ կը կարդանք. «Հիմա ճշմարտապէս կը հասկնամ, որ Աստուած խտրութիւն չի դներ մարդոց միջեւ, այլ բոլոր ազգերէն ալ կ՚ընդունի ոեւէ մէկը, որ Իրմէ կը վախնայ եւ արդար գործեր կը կատարէ» (Գրծ 10.34-35). պարզ եւ յստակ կերպով հասկնալի կը դառնայ, թէ բոլոր անոնք, որոնք Աստուծոյ նկատմամբ երկիւղ կ՚ունենան եւ այդ երկիւղէն յառաջ եկող արդար գործեր կը կատարեն, Աստուծոյ կողմէ կ՚ընդունուին եւ Աստուծոյ զաւակներ կը դառնան:

• Քրիստոնէութեան կարեւորագոյն վարդապետութիւններէն մէկն է, որ կը կարդանք Յովհաննէս Առաքեալի Ընդհանրական Առաջին Նամակին մէջ. «Սէր ունեցող վախ չունի, որովհետեւ կատարեալ սէրը ամէն վախ կը փարատէ: Արդարեւ վախը պատիժի հետ կապ ունի, եւ ով որ կը վախնայ՝ սիրոյ մէջ կատարեալ չէ» (Ա. Յհ 4.18). սիրոյ ներկայութիւնը վախի ժխտումն է, հոն ուր սէր կայ, այնտեղ վախ չի՛ կրնար գոյութիւն ունենալ ըստ Առաքեալին, քանի որ սէրը ամէն տեսակի վախ կը փարատէ: Աւելի՛ն, Առաքեալին ըսելով վախը անմիջական կերպով առընչուած է պատիժին հետ, իսկ պատիժի զգացողութիւնը փաստ է սիրոյ պակասին. իսկ ան որ կը վախնայ, ինչպէս Առաքեալը կ՚ըսէ, հետեւաբար սիրոյ մէջ կատարեալ չէ:

Աւելին.

Եթէ մենք զՔրիստոս կը սիրենք, հետեւաբար վախը մեզի համար անծանօթ իրողութիւն կը դառնայ:

Եթէ մենք զՔրիստոս կը սիրենք, ո՛չ մէկ դժուարութիւն կը խոչընդոտէ մեր ընթացքը դէպի յաւիտենականութիւն:

Եթէ մենք զՔրիստոս կը սիրենք, հետեւաբար մեղքը ատելի կը դառնայ մեզի համար:

Եթէ մենք զՔրիստոս կը սիրենք, բոլորին նկատմամբ կը վարուինք որպէս Քրիստոսի եղբայրներ եւ քոյրեր:

Եթէ մենք զՔրիստոս կը սիրենք, հոգ կը տանինք այս աշխարհին, որու պահպանութիւնը վստահեցաւ մեզի մեր Արարիչը:

Եթէ մենք զՔրիստոս կը սիրենք, հետեւաբար նաեւ կը սիրենք մեր ծնողները, մեր զաւակները, մեր ընտանիքը, մեր շրջապատը, մէկ խօսքով՝ մեր նմանը:

Եթէ մենք զՔրիստոս կը սիրենք, ուստի Անոր հետեւողութեամբ քաջութիւնն ու համարձակութիւնը կ՚ունենանք ներելու բոլորին:

Եթէ մենք զՔրիստոս կը սիրենք, հետեւաբար կ՚ապրին Աստուածահաճոյ կեանք մը, հետեւելով ու կատարելով աստուածային պատուիրաններուն եւ ուսուցումներուն:

Եթէ մենք զՔրիստոս կը սիրենք, հետեւաբար մահուան վախը չի՛ կրնար ազդել մեր վրայ:

Ի վերջոյ, եթէ մենք զՔրիստոս կը սիրենք, կատարեալ վստահութիւն կ՚ունենանք, որ մեր մահն ու գերեզմանը աւարտը չեն ամէն ինչի, այլ՝ սկիզբը յաւիտենականութեան, սկիզբը երանական կեանքին:

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

6 ապրիլ 2021, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Ապրիլ 10, 2021