Յիշելով երախտագիտութեամբ ու քաղցրութեամբ լուսահոգի Վարուժան Քէօսէեանը՝ մահուան 10-րդ տարելիցին առթիւ

Հոգելոյս Վարուժան Քէօսէեանի մահուան 10-րդ տարելիցն է։ Երախտաշատ անուն մը, որ երկարամեայ ծառայութիւն մատուցած է պոլսահայ մամուլին։ Հանրապետական շրջանի ուրոյն հանգամանքներով պայմանաւորուած միջավայրին մէջ, ան կարեւոր ներդրում մը բերած է թրքահայոց հաւաքական յիշողութեան։ Իր մեկնումէն տասը տարի անց, այդ բոլորը կը բիւրեղանան յետադարձ հայեացքով մը։

Նուիրեալ մըն էր լուսահոգի Վարուժան Քէօսէեան, ուխտեալ մը, հայկական արժէքներու պահպանման ու փոխանցման համար պայքարած մոհիկան մը։ Լրագրող էր, կ՚ընէր ուսումնասիրութիւններ, պրպտումներ, կը վաւերագրէր։ Շրջանի մը ականատեսն ու վկան էր, սակայն իր տեսած գործը այդ սահմաններէն անդին նշանակութիւն մը ունէր։ Պատմութեան ինչ-ինչ ծալքերուն, անցեալի նրբութիւններուն մասին խոր գիտութիւն կուտակած էր։ Այդ խորութիւնը տարբեր արժէք կը վերագրէր՝ իր ապրած ու արարած ժամանակաշրջանին ծաւալած գործունէութեան, այդ շրջանի վերաբերեալ վկայութիւններուն։ Նախախնամութիւնը այնպէս մը տնօրինած էր, որ իր ապրած կեանքը եղած էր կամուրջ մը. կամուրջ՝ զանազան ժամանակներու, զանազան արժէքներու եւ զանազան իրողութիւններու միջեւ։ Իրեն վիճակած դերը եւ անով քաղուած պտուղները լոկ սիրողական բնոյթ չունէին։ Որքան որ ալ արհեստավարժ հիմքով չէր գործեր՝ պատասխանատուութեան զգացումը կամ գիտակցութիւնը սիրողական միջակութենէ մը շատ վեր էր։ Այն ինչ, որ կ՚ընէր՝ ժամանցի համար չէր։ Կոչում մը կը զգար իր վրայ եւ այդ մէկը ուղղորդած էր իր ամբողջ կեանքը։ Գիրքերու գաղտնիքին թափանցելու ընդունակութիւնը համատեղած էր անվերջ հետաքրքրութիւնը յագեցնելու կարողութեան հետ։ Իսկ մարդկային բարձր առաքինութիւնները էական գործօնի մը վերածուած էին՝ իր տարած աշխատանքին նկատմամբ ցուցաբերած խղճմտանքին առումով։

Հանգուցեալ Վարուժան Քէօսէեան թէեւ լուրջ, բայց նաեւ ուրախ անձնաւորութիւն մըն էր։ Իր գիտելիքներով բարձր տրամադրութիւն կը ստեղծէր եւ այդ ստեղծած մթնոլորտը կը ծառայեցնէր իր պաշարէն մաս մը դիմացինին փոխանցելու նպատակին, աւելի ճիշդը՝ մղումին։ Իրեն հետ իւրաքանչիւր շփում բնական հետաքրքրութիւն մը կ՚առթէր հայ մշակոյթին, հայկական արժէքներուն նկատմամբ։ Մեծ ժառանգութեան մը պահակին, նաեւ դէպի այդ ժառանգութիւնը առաջնորդողի դերին մէջ էր։ Կը ներշնչէր առանց ճնշելու եւ նսեմացնելու։ Իր բնաւորութիւնը հրապոյր մը ունէր, որ ուշադրութիւն կ՚ապահովէր հայկականին նկատմամբ։ Դիմացինը այնպէս կը տպաւորէր, թէ իր հաղորդականութիւնը կարծես հայկական արժէքներու, հայ մշակոյթի ձգողականութիւնը եղած ըլլար։

Տասնամեակներ շուրունակ աշխատակցած էր պոլսահայ մամուլին։ Իրադարձութիւններուն տեղւոյն վրայ հետեւելու, դէպքերը, ազգային կեանքի դրուագները նկարահանելու հետամուտ եղած էր։ Ընթացիկ լրատուութեան կը հասնէր, պրպտումներով յօդուածաշարքեր կը պատրաստէր։ Իր յենարանը գրադարանն էր։ Տուեալ պահու անցուդարձը այդ գրադարանի գանձերու մաղէն կ՚անցընէր։ Եռանդով որ պատմել կը սկսէր նկատած զուգահեռականները, արդէն նոր յօդուածաշարքի մը նախագիծը պատրաստ կ՚ըլլար։ Ստեղծագործ միտք մը ունէր այդ զուգահեռականներուն հասնելու առումով։ Խնամեալ ձեռագիրը գրաշարին յանձնած պահուն հաշուի առած կ՚ըլլար ամէն մանրամասնութիւն, նաեւ էջադրութեան ձեւ մը երեւակայած վաղուց, լուսանկարներով հանդերձ։ Գրեթէ այսպէս խմորուած եւ ծնունդ առած էր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ հրատարակուած իր յօդուածաշարքը՝ Պատրիարքական Աթոռի պատմութեան մասին։ Աւելի վերջ այդ մէկը գիրքի ձեւաչափով ալ հրատարակուած էր՝ որպէս յառաջաբան ունենալով երանաշնորհ Տ.Տ. Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեան գիրը։ Այդ աշխատութիւնը թէեւ մեծ յաւակնութիւններով չէր կատարուած իր կողմէ, սակայն ուշագրաւ վիճակագրական տուեալներ կ՚ընդգրկէր. տուեալներ, որոնք կը ցոլացնէին նաեւ արեւմտահայութեան պարզած տխուր պատկերը՝ տասնամեակներու հոլովոյթին մէջ։ Այդ տուեալները սոսկ ողբալու համար չէին, անշուշտ, այլ ունէին պատգամ մը, թէ այսօր համայնքին ի՛նչ վիթխարի ժառանգութեան մը իրաւայաջորդը ըլլալու պարագան կը վիճակէր, բոլոր պատասխանատուութիւններով հանդերձ։

Յաւէտ ողբացեալ Վարուժան Քէօսէեան ականատեսն ու վկան էր նաեւ թրքահայութեան՝ Հանրապետական շրջանի ամենալուրջ վարչական տագնապներէն մէկուն. դէպքեր որոնք պատմութեան անցած են «Ասլանեանական պայքար» անուանումով: Խիստ ծայրայեղութիւններով զուգորդուած այդ տարիներուն ԺԱՄԱՆԱԿ-ը վճռակամօրէն աջակցած էր շրջանի տեղապահին՝ բարեյիշատակ Տ. Գէորգ Արք. Ասլանեանին։ Հանգուցեալ Վարուժան Քէօսէեան, ընդհակառակն, դէմ էր տեղապահին ու կը համակրէր վախճանեալ Տ. Հմայեակ Ծ. Վրդ. Պախթիարեանին։ Յամենայն դէպս, Քէօսէեանի պարագան շատ ուրոյն էր, որովհետեւ ան մաս կը կազմէր այն սակաւաթիւներու շարքին, որոնք Ասլանեանական չըլլալով հանդերձ կը համակրէին այս թերթին։ Տասնամեակներ անց անմիջական զրոյցներու ատեն անկեղծօրէն կը պատմէր այդ բոլորի մասին, առանց դաւաճանելու սեփական համոզումներուն։ Այդ հասունութիւնը կու գար իր՝ գաղաբարի մարդ ըլլալու որակէն։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքը երախտագիտութեամբ կը վերարժեւորէ իր մտաւոր արտադրութիւնը եւ երանութեամբ կ՚ոգեկոչէ զինքը։

*

Հանգուցեալ Քէօսէեան եղած էր ընտանիքի ազնիւ մարդ, ընտանիքի յարկէն ներս ապահոված էր ջերմութիւն, իսկ կեանքի վերջաւորութեան ունեցած էր երկրորդ ընտանեկան յարկ մը, որ եղած էր Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցը։ Սովորականէ շատ աւելի երկար շրջան մը անցուցած էր այնտեղ՝ որպէս մնայուն բնակիչ։ Ան չէր եղած շարքային պատսպարեալ մը. բաւարար է յիշել, որ Ազգային հիւանդանոցի գրադարանի եւ արխիւի բաժանմունքը այսօր կը կրէ իր անունը։ Պարբերական մամուլի հաւաքածոները փրկուած էին իրեն շնորհիւ։ Իր մեծ ջանքերով սկիզբ առած ու հասունցած դասաւորման աշխատանքները այսօր ի կատար ածուած են՝ հաւաքածոյի թուայնացումով։ Սա ուղղակի անգնահատելի գործօն մըն է, զոր Ազգային հիւանդանոցին կը վերագրէ նաեւ մշակութային հաստատութեան մը առանձնայատկութիւնը։

Եւ տակաւին ինչպէ՞ս մոռնալ իր աննկուն կամքով, աննկարագրելի համբերութեամբ եւ անկրկնելի նախանձախնդրութեամբ գրի առած՝ հիւանդանոցի պատմութիւնը։ Այստեղ թուարկուած ածականները քիչ են բնութագրելու համար այդ աշխատանքի նախախնամական նշանակութիւնը։ Ազգային հիւանդանոցի պատմութեան ձօնուած հաստափոր հատորը՝ որպէս կոթողային գործ կ՚առանձնանայ իր գործունէութեան ամբողջին մէջ։ Սա լաւագոյն ու յաւակնոտ արգասիքներէն մին եղած է իր մտահորիզոնին, տեսիլքին ու կարողութեան՝ որպէս հայ դպրութեան անձնուրաց մշակ, անմնացորդ սպասաւոր։ Այդ աշխատութիւնը նոր հարթութեան մը վրայ դրած է՝ թրքահայութեան մասին կատարուած պատմական ուսումնասիրութիւնները։ Նոր նշաձող մը սահմանած է՝ համայնքային զանազան կառոյցներու պատմութեան շուրջ կատարուած պրպտումներուն տեսակէտէ։ Թորոս Ազատեանի, Գէորգ Բամպուքճեանի նման երախտաւորներու անունով նոյնացած, անոնց վաստակով նուիրագործուած դպրոցը Վարուժան Քէօսէեանի եռանդով նոր կենսունակութիւն գտած է ժամանակներու մէջ։ Ձեւով մը իր հեւքը այդ բոլորը ե՛ւ կորուստէ փրկած է ե՛ւ ապահոված է, որ մեր օրերուն հասնին՝ որպէս պաշար։ Ազգային հիւանդանոցի պատմութեան վերաբերեալ աշխատութիւնը իրմէ վերջ ուրիշներու համար ալ ծառայած է՝ որպէս ատաղձ եւ դուռ բացած համապատասխան կամ առընչակից նիւթերու շուրջ ուսումնասիրութիւններու զարգացման։ Այս առումով ալ վառ օրինակ մըն է Արսէն Եարմանի յայտնի գիրքը, որ այլեւս դասականացած է։ Կարծես նախախնամական տնօրինութիւն մը եղած ըլլար, որ հանգուցեալ Վարուժան Քէօսէեանի Ազգային հիւանդանոցի մէջ ապրած տարիներուն Արսէն Եարմանն ալ մաս կազմած էր հոգաբարձութեան։ Թէեւ Քէօսէեանի հիւանդանոցի մէջ ապրած երկար տարիներուն, գրեթէ բոլոր շրջաններու հոգաբարձութեան անդամները անոր անձին մէջ ողջունած են՝ կառոյցի յիշողութեան մարմնացումը։

*

Լուսահոգի Վարուժան Քէօսէեան հարազատութեան զգացումներ կը տածէր նաեւ Գողթան դպրաց դաս-երգչախումբին նկատմամբ։ Մեծ սիրով կապուած էր Գողթանին, որու գործերուն կը ջանար հասնիլ, եթէ նոյնիսկ «երկու ձեռքը կրակի մէջ ըլլար»: Գողթանի միջավայրը զինքը կը կապէր մեր երջանկայիշատակ պատրիարքներու, երանաշնորհ կաթողիկոսներու եւ վախճանեալ հոգեւոր հայրերու յիշատակին։ Երգչախումբի մթնոլորտը զինքը կը տանէր դէպի ինչ-ինչ հոգեւոր ապրումներ, դէպի մեր Նուիրապետական Աթոռները, մանաւանդ՝ դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր կը հետեւէր միւռոնօրհնութիւններուն, անշուշտ, թէ՛ իբրեւ լրագրող եւ թէ իբրեւ ուխտաւոր։ Գողթանի անդամակցութիւնը ամբողջ կենցաղ մը եւ արժեհամակարգ մըն էր իրեն համար։ Կարծես իր թռիչքներու օրրանը եղած ըլլար դպրաց դասը։ Հայ դպրութեան այս հաւատարիմ եւ համեստ սպասաւորը կարգապահ դպիր մըն էր առաջին հերթին։ Հայ Առաքելական Եկեղեցիէն կը սնուէր՝ որպէս զուլալ աղբիւր, սուզուելու համար դէպի մեր մշակոյթի եւ արժէքներու ակունքները։ Չէր անտեսեր նաեւ նախաքրիստոնէական շրջանը, ամէն ինչ տեղը տեղին էր մտքին մէջ։ Երգչախումբի նկատմամբ տածած սէրը ի յայտ կը բերէր նաեւ նկարագրին զանազան երեսակները՝ որպէս ընկերասէր, մարդասէր, զոհողութեան կերպար։

*

Այսօր հոգելոյս Վարուժան Քէօսէեանը այս համայքին մէջ կը յիշեն խումբ մը մարդիկ, որոնք իր կենդանութեան օրօք շփուած են իրեն հետ՝ երբ ան թէեւ աշխատունակ էր, բայց բաւական յառաջացած տարիք մը ունէր, իսկ իրենք կը համարուէին երիտասարդ։ Այսօր, իր մեկնումէն տասը տարի անց, արդէն միջին տարիքի մարդիկ դարձած են անոնք, որոնք Վարուժան Քէօսէեանի հետ շփուած են ու զինքը ճանչցած։ Անշուշտ, կան նաեւ աւելի երէցներ, որոնք եղած են իր ժամանակակիցը։ Յաչս իր թողած երիտասարդներուն՝ Վարուժան Քէօսէեան մեր պատմութեան ալեհեր պատգամաբերներէն մին էր։ Իր կերպարով ներշնչած էր շատերը։ Անոնց ներաշխարհի երկնակամարին այսօր կը թեւածէ Վարուժան Քէօսէեանի յիշատակը։ Անոնց սրտին մէջ կը հրահրուի իրեն նկատմամբ անսահման կարօտը։ Անոնք, որոնք կը ջանան ըլլալ իր հետեւորդները, այսօր շատ աւելի լաւ կը պատկերացնեն, թէ իրականութեան մէջ որքան անհաւատալի գործ մը տեսած էր Քէօսէեան։ Երբեք ու երբեք Քէօսէեան չէր բարձրաձայներ իր տարած զրկանքները, ենթարկուած անարդարութիւնները եւ մատնուած դժուարութիւնները, որոնք, խորքին մէջ, բոլոր ժամանակներուն բաժին վիճակած էին հայ դպրութեան գրեթէ բոլոր մշակներուն եւ յամառութեամբ դիմագրաւուած՝ այդ հպարտ սպասաւորներուն կողմէ։ Վարուժան Քէօսէեան միայն չէր վաւերագրած զանոնք։ Կ՚երեւի այնպէս տրամաբանած էր, որ իր յաջորդներուն համար ո՛չ նորութիւն եւ ո՛չ ալ ուղենիշ պիտի ըլլային անոնք։ Իր յիշատակին քաղցրութիւնը խրախոյս մը դարձած է՝ հայ դպրութեան մերօրեայ մշակներուն համար։ Կուրք մը չէ ան, սակայն, մեր արժէքներուն նկատմամբ հաւատարմութեան խորհրդանշան մը դարձած է՝ արդարօրէն կանգնած պատմութեան պատուանդանին վրայ։

Բի՜ւր յարգանք սիրելի վարպետ Վարուժան Քէօսէեանի անթառամ յիշատակին։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Շաբաթ, Ապրիլ 10, 2021