ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
«Վստահութիւն»ը՝ անձեր իրարու կապելու զօրաւոր ազդակ մըն է՝ կապ մը, որ որեւէ կասկածի, տարակուսանքի պատճառած երկմտութիւնը բոլորովին կը ջնջէ եւ անկեղծ փոխյարաբերութիւններու, առողջ յարաբերութիւններու մշակման առիթ կ՚ընծայէ։ Վստահութիւնը, ուրեմն ապահովութիւն է, հաւաստիք է, երաշխիք է, յո՛յս է, որ հաստատ համոզումի մը հետեւանքն է՝ որ կը կազմուի մարդուս մտքին մէջ։ Արդարեւ վստահութիւնը՝ ներքին խաղաղութեան նախապայմա՛նն է. մարդ եթէ վստա՛հ է, ապա ուրեմն խաղա՛ղ է։
Վստահութիւնը կ՚ենթադրէ մէկու մը բան մը յանձնել եւ յանձնուածը առանց տարակուսանքի, առանց կասկածի ընդունիլ։ Եւ ասիկա մարդուս խաղաղութիւն կը պատճառէ։ Եւ եթէ մարդիկ կարենային վստահիլ իրարու, ապա ուրեմն ընկերային շատ մը հարցեր պիտի լուծուէին եւ կամ երբեք գոյութիւն պիտի չունենային։ Վստահութիւնը ապահովութիւն պիտի ստեղծէր եւ ապահովութիւնը՝ խաղաղութիւն, իսկ խաղաղութիւնը՝ երջանկութիւն, զոր մարդ միշտ կ՚ուզէ ունենալ։
Վստահութիւն ներշնչելու համար՝ անկեղծութիւնը անհրաժեշտ է։ Անկեղծութիւն՝ ուղղամտութեան, հաստատամտութեան եւ ճշմարտախօսութեան։ Թէ ի՞նչ է անկեղծութիւնը։ Անկեղծութիւնը՝ խորհուրդի, խօսքի եւ գործը կատարելու մէջ համընթացութիւն է, ուրիշ խօսքով՝ անկեղծ է այն անձը՝ որուն մտածումները, խօսքերը եւ գործերը իրարու համապատասխան են։
Ներքինը ուրիշ, արտաքինը ուրիշ՝ ահաւասիկ ասիկա, կեղծի՛ք է՝ այդպիսիներ ուղղամիտ չե՛ն կրնար ըլլալ։
Անկեղծութիւնը, ուրեմն բնաւորութեան դրական արտայայտութիւն մըն է։
«Անկեղծ մարդ»ը միշտ ճշմարտութիւնը կը խօսի եւ հեռու կը մնայ ամէն կեղծիքէ եւ ձեւապաշտութենէ։
Բանական էակ՝ մարդուն կը պատշաճի անկեղծութիւն, բայց ընդհանրապէս մարդիկ բանականութեամբ չեն վարուիր, եւ կը նախընտրեն անկանոն, տարօրինակ անբանականութիւնը եւ կը վարուին «ձեւականօրէն» եւ ո՛չ՝ բնական կերպով՝ բանականութեան սահմանին մէջ։
Անվստահութիւնը՝ հոգեկան տհաճ վիճակ մըն է, որ յառաջ կու գայ անկեղծութեան պակասէն, եւ կամ անստոյգ, կասկածելի վիճակներէն։ Մարդ ինչպէ՞ս վստահի մէկու մը՝ որուն անկեղծութիւնը խնդրական է, կասկածելի եւ անհաստա՛տ։
Հոս կ՚ուզեմ հարց մը ներկայացնել, սիրելի ընթերցող բարեկամներ։ Ի՞նչ կը խորհիք. անբարոյ մէկը եթէ շատ վարպետ եւ հմուտ է իր գործին մէջ, ապա ձեզի վստահութիւն կը ներշնչէ՞, կամ ըսենք. առանց նկատի առնելու իր անբարոյ նկարագիրը, այդ մարդուն կը դիմէ՞ք եւ կը գործակցի՞ք անոր հետ։
Մեզի համար դժբախտաբար, ոմանք կ՚ըսեն.- մեզի չի հետաքրքրեր իր անձնական կեանքը, իր ներքին կեանքը, մենք կը նայինք իր գործին, իր օգտակարութեան։ Եւ այդպիսիներ մէկ կողմ կը թողուն բարոյական կեանքը եւ կը հետաքրքրուին միայն անոր գործով։
«Դժբախտաբար» ըսինք, քանի որ մարդ իր բարոյական էութեամբ, մտաւոր աշխարհով եւ մարմինով «ամբողջ» մըն է եւ «անձ»ը կազմող թէութիւնները հոգի-բարոյական կեանք, մտաւոր կեանք եւ մարմնական-ֆիզիքական կեանքն են։
Ուրեմն, եթէ այս թէութիւններէն մին պակաս է, անկատար է անոր կազմութիւնը եւ այս իմաստով անոր վստահիլը անկարելի է։
Ուրեմն, չեմ գիտեր ուրիշներ ի՛նչ պատճառներով կամ փաստերով կը զատեն անձին բարոյական եւ ընկերային կեանքը։
Մարդ կրնայ իր ասպարէզին մէջ շատ յաջող մէկը ըլլալ, հմուտ ըլլալ, վարպետ ըլլալ եւ օգտակարութիւններ ունենալ իր շուրջիններուն, բայց եթէ բարոյապէս վատահամբաւ է, անբարոյ անձնական կեանք մը ունի, ո՜րքան վստահելի կրնայ ըլլալ եւ ո՜րքան վստահութիւն կրնայ ներշնչել։ Կարելի բա՞ն է անբարոյ մէկու մը հետ գործակցիլ, եթէ նոյնիսկ անկէ շատ մեծ օգտակարութիւններ կարելի պիտի ըլլայ ստանալ։ Կարելի է զատել բարոյականութիւնը եւ նիւթականութիւնը՝ որոնք կը կազմեն «անհատ»ը, իր զգացումներով, մտածումներով եւ արտայայտութիւններով։
Մարդկային անձնաւորութեան հիմնական բաղադրեալ տարրերն են նկարագիրը եւ բնաւորութիւնը, համադրութիւն մըն է մարդը իր բարոյականով եւ ընկերային կեանքով, անհատական եւ հաւաքական ամբողջ արտայայտութիւններով։
Այս իսկ պատճառով է, որ կ՚ըսենք, թէ՝ մարդ «վստահելի» ըլլալու համար իր ներաշխարհը եւ արտաքին երեւոյթը պէտք է համապատասխան եւ համընթաց ըլլան եւ ամբողջութիւն մը կազմեն։
Երբ կը պակսի վստահութիւնը, ապա կ՚արժէ՞ շարունակել յարաբերութիւնը։
Անվստահելի մէկու մը հետ յարաբերութիւնը շարունակել նոյնքան կեղծաւորութիւն է՝ անվստահութիւնը փոխարինել անվստահութեա՛մբ։ Մինչդեռ փոխադարձ երկու անվստահութիւն՝ երբեք վստահութիւն չի ստեղծեր, այլ անվստահութիւնը աւելի եւս կը բարդէ, յարաբերութիւնը աւելի կը կնճռոտէ եւ դժուարալոյծ կը դարձնէ, թերեւս՝ բոլորովին անլուծելի՛…։
Այս իմաստով կասկածը կարեւոր դեր կը խաղայ՝ անկեղծութեան ո՛րքան ստոյգ ըլլալու մասին։ Արդարեւ, կասկածը մարդկային բանական զգացումներէն մէկն է, որ պայմանաւորուած է՝ ինչ որ բանի մը մասին հաստատ տեղեկութիւններ չունենալով, այսինքն՝ անվստահութեա՛մբ։ Ուրեմն երբ ոեւէ կերպով իրողութեան մը կամ յարաբերութեան մը մէջ նոյնիսկ փոքր կասկած մը կայ, ուրեմն հետզհետէ կը սկսի անվստահութիւնը եւ կամ՝ վստահութեան պակասը։
Սիրելի ընթերցող բարեկամներ, եկէ՛ք անգամ մըն ալ վստահութեան հարցը դիտենք Սուրբ Գիրքի տեսանկիւնէն։
Պօղոս Առաքեալ, իր նամակներուն մէջ կ՚ըսէ, թէ վստահութիւնը հաւատքէն յառաջ կու գայ. «Արդարը հաւատքով պիտի ապրի։ Բայց օրէնքը հաւատքէն չէ՛, հապա.- Ան որ կը կատարէ այն բաները՝ անոնցմով պիտի ապրի» (ԳԱՂԱՏ. Գ 11-12)։
«Որով մենք ալ համարձակութիւն ու մօտենալու արտօնութիւն ունինք վստահութեամբ՝ իրեն հաւատալով» (ԵՓԵՍ. Գ 12)։
«Անոր համար այս չարչարանքներն ալ կը կրեմ. բայց ամօթ չեմ սեպեր, քանի որ գիտեմ թէ որո՛ւն եմ հաւատացեր եւ համոզուած եմ թէ իմ իրեն աւանդած բանս կրնայ պահել մինչեւ այն օրը» (Բ. ՏԻՄՈԹ. Ա 12)։
«Անխախտ պահենք յոյսին դաւանութիւնը, վասնզի հաւատարիմ է անիկա որ խոստացաւ» (ԵԲՐ. Ժ 23)։ Այս տողերէն կը հասկցուի, որ հաւատքը եւ նաեւ հաստատ համոզումը վստահութեան պատճառ կ՚ըլլան։
Սաղմոսերգուն կը յայտնէ իր վստահութիւնը Աստուծոյ՝ զայն իր հովիւը համարելով։
«Տէրը իմ հովիւս է. ես որեւէ բանի կարօտութիւն չունիմ… Թէեւ մահուան շուքի ձորին մէջ ալ պտըտիմ, չարէն պիտի չվախնա՛մ, վասնզի Դո՛ւն ինծի հետ ես» (ՍԱՂՄ. ԻԳ 1 եւ 4)։
Յոյսով՝ վստահութիւնը իր կատարեալին կը հասնի, ինչպէս կ՚ըսէ Առաքեալը.
«Որ ունինք իբրեւ հաստա՛տ ու անշա՛րժ խարիսխ մը մեր անձին, որ վարագոյրին ներսի կողմն ալ կը մտնէ» (ԵԲՐ. Զ 19)։
Յոյսը ամուր բռնել՝ հաստատ մնալու նախապայմանը կը սեպէ Պօղոս Առաքեալ։
Արդարեւ այն, որ յոյս ունի՝ ապա ուրեմն վստահութիւն ունի, քանի որ ան կասկած եւ տարակուսանք չունի երբեք։
Յոյսը բարիքներուն ամենաօգտակարը եւ կենսատուն է, քանի որ հոն, ուր կը մեռնի յոյսը, այնտեղ կը սկսի ունայնութիւնը եւ դատարկութիւնը, ինչպէս ըսած է Լ. Տա Վինչի։ Եւ ունայնութեան մէջ վստահութիւնը միշտ բացակա՛յ է։
Եւ ինչպէ՞ս վստահիլ մէկու մը, երբ զայն չէք ճանչցած, կամ ըսենք «մութ կէտ»եր ունի, եւ երբ իր խորհուրդները, խօսքերը եւ գործերը՝ հապա իր բոլոր ներքինը եւ արտաքին երեւոյթը համապատասխան չեն իրարու։
Ուստի մէկու մը վստահելու համար պէտք է ուղղամտութեան բոլոր չափանիշները ցոյց տան, թէ անիկա իրապէ՛ս շիտակ մարդ է։ Զոր օրինակ՝ Աստուծոյ կը վստահինք, քանի որ գիտե՛նք, թէ Ան իրապէ՛ս «բարի» է, գիտենք, թէ Ան գթասիրտ է եւ Ան «սէ՛ր» է։ Եւ եթէ այս յատկութիւններով աստուածանման մէկը կը տեսնէք ձեր շուրջը՝ պէ՛տք է վստահիլ անոր եւ միա՛յն այդպիսիներուն։
Պահ մը դիտեցէք ձեր շուրջը, սիրելինե՜ր, քանի՞ ազնիւ անձնաւորութիւն, քանի՞ ուղղամտութեան տիպար անհատ կրնաք տեսնել եւ ըսել.- Այո՛, ես կրնամ վստահիլ ասոր։ Արդարեւ, ինչպէս ըսինք նախապէս, վստահութիւնը երջանիկ ընկերային կեանքի մը համար անհրաժեշտ է, մա՛րդ առանց վստահելու չի կրնար ապրիլ այս կեանքը եւ մարդ, որովհետեւ վստահելի մարդ չի գտներ, դժբախտ կ՚ըլլայ, կը յուսալքուի եւ դասալիք կ՚ըլլայ այս աշխարհի կեանքէն…։
Այսուամենայնիւ, վստահութիւնը փոխադարձ զգացումներու համադրական հոգեվիճակ մըն է. մարդ կը վստահի անոր՝ որ վստահութիւն կը ներշնչէ եւ վստահութիւն կը ներշնչէ անոր՝ որ վստահելի՛ կը թուի իրեն։
Եւ անշուշտ, երբ հաւատքը եւ յոյսը դեր կը խաղան վստահութեան ստեղծման, սէ՛րն ալ կարեւոր դեր մը ունի այս մասին։ Ըստ Առաքեալին, վստահութիւնը կը հաստատուի սիրո՛վ։
«Պատուիրանը, որ սկիզբէն իսկ լսեցինք, սա է՝ որ սիրենք իրար» (Ա. ՅՈՎՀ. Գ 11)։ Եւ շարունակելով. «Մենք գիտե՛նք, թէ մահէն կեանքի անցած ենք. ապացոյց՝ որ մեր եղբայրները կը սիրենք։ Ով որ իր եղբայրը չի սիրեր՝ մահուան ենթակայ կը մնայ» (Ա. ՅՈՎՀ. Գ 14)։
«Որդեակնե՛ր, մեր սէրը միայն խօսքով ու լեզուով թող չըլլայ, այլ՝ գործով արտայայտուած ճշմարիտ սէ՛ր։ Ահա այսպէ՛ս կը գիտնանք՝ թէ ճշմարտութեան հետեւող կը մնանք։ Այսպէս նաեւ մեր սիրտերը վստահութիւն կ՚ունենան Աստուծոյ առջեւ կանգնելու» (Ա. ՅՈՎՀ. Գ 18-19)։
Ուստի կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնն ալ ա՛յս ցոյց կու տայ մեզի՝ թէ մարդիկ կը վստահին անոր՝ որուն կը հաւատան, որմէ կը յուսան եւ զոր կը սիրեն։ Եւ դարձեալ, հաւատալու համար, յուսալու համար, մանաւա՛նդ սիրելու համար, նախ պէտք է լա՛ւ ճանչնալ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 18, 2015, Իսթանպուլ