ՄԱՀ՝ ԱՐՄԱՆ ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆԻ

Հայկական դիւանագիտութեան երէց անդամներէն դեսպան Արման Նաւասարդեան երէկ 82 տարեկան հասակին մահացաւ Երեւանի մէջ։ Միջոցէ մը ի վեր ան արդէն դարմանման տակ կը գտնուէր տեղւոյն «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» հիւանդանոցին մէջ։

Արման Նաւասարդեան 6 ապրիլ 1939 թուականին ծնած էր եւ աւարտած՝ Երեւանի «Վալերի Պրիւսով» պետական լեզուաբանական համալսարանը։ Խորհրդային ժամանակաշրջանին աւարտած էր Սովետական Միութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանագիտական ակադեմիան։ 2015-2018 թուականներուն եղած էր հայ-ռուսական համալսարանի Իրաւունքի եւ քաղաքագիտութեան կաճառի միջազգային յարաբերութիւններու եւ համաշխարհային քաղաքականութեան ամպիոնի հայցորդ։

Հայաստանի անկախութեան սկիզբի շրջանին մաս կազմած էր հայկական դիւանագիտութեան։ 1991-1993 թուականներուն եղած էր արտաքին գործոց փոխ-նախարար։ Այդ ընթացքին այցելած էր նաեւ Իսթանպուլ՝ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան հիմնադրութեան շրջանին։ Բաց աստի, եղած էր Հայաստանի դեսպանը՝ Ալժէրի, Սենեկալի, Աւստրիոյ, Հունգարիոյ եւ Լիբանանի մէջ։ Ունէր արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի դիւանագիտական աստիճան։

Հանգստեան կոչուելէ վերջ, Արման Նաւասարդեան կը զբաղէր վերլուծական աշխատանքով։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 12, 2021