ԺՊՐԱՆ ԽԱԼԻԼ ԺՊՐԱՆԻ «ՄԱՐԳԱՐԷՆ» ԳԼՈՒԽ ԳՈՐԾՈՑԻ ՀԱՅԵՐԷՆ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԵԱՆՑ ՄԱՍԻՆ

Լիբանանա-ամերիկացի մեծատաղանդ ու աշխարհահռչակ բանաստեղծ, փիլիսոփայ, նկարիչ Ժպրան Խալիլ Ժպրան (1883-1931) «մին է Լիբանանի գրականութեան գագաթներէն,- եթէ ոչ բարձրագոյնը», ինչպէս կ՚ըսէ Լիբանանի ատենոյ ներքին գործոց նախարար Շէյխ Փիեռ Ժմայէլ՝ Սիսակ Յ. Վարժապետեանի «Ճպրան Խալիլ Ճպրան» կեանքն ու գործը» (1966) գիրքին համար գրած յառաջաբանին մէջ:

Իր գլուխ գործոցը կը համարուի «Մարգարէն» արձակ քերթուածներու հաւաքածոն, որ առաջին անգամ տպուած է 1923-ին1 հրատարակիչ Ալֆրետ Քնոֆի կողմէ2: Ան արժանացած է բազմաթիւ վերահրատարակութեանց ու թարգմանուած աւելի քան հարիւր լեզուներու (3-րդը ամենաշատ թարգմանուած գիրքերու առաջին տասնեակին մէջ)3, որոնց կարգին՝ հայերէնի, եւ այն ալ՝ մի քանի անգամ:

Անթիւ-անհամար յօդուածներ գրուած են ընդամէնը 107 էջնոց այս գիրքին մասին՝ վեր առնելով անոր տեղն ու արժէքը համաշխարհային գրականութեան մէջ (ու սա այնպիսի գիրք մըն է, որուն շուրջ կարծիքները միշտ թեր են, երբեք՝ դէմ): Հետեւաբար, որպէսզի մեր ըսելիքը պարզ կրկնութիւն չըլլայ, պիտի փորձենք անդրադառնալ անոր հայերէ՛ն թարգմանութեանց: Սակայն, նախքան այդ, ինչպէ՞ս գրուեցաւ այս գիրքը:

Յատկանշականը այն է, որ ան մէկ օրէն միւսը լոյս աշխարհ չեկաւ, այլ անցաւ երկա՜ր, շա՜տ երկար ուղիէ մը, ինչ որ ցոյց կու տայ, որ գրական գործ մը, որքան ալ «հանճարեղ» ըլլան հեղինակին արտայայտած խոհափիլիսոփայական միտքերը, յաջողութիւն չի գտներ,- եւ շատ հաւանական է, որ Ժպրանի այս գործն ալ չգտնէր,- եթէ ան չանցնի բիւրեղացումի հարկադիր գործընթացէն:

«Մարգարէն»ը առաջին անգամ գրուեցաւ արաբերէնով, երբ դեռ Ժպրան կը յաճախէր Էշրեֆիէի Սաժես գոլէճը4: Հարկ է հոս նշել, որ նախնական տարբերակը բոլորովին տարբեր յղացումով մը գրուած էր եւ ոչ մէկ առնչութիւն ունէր մեր այսօրուան գիտցած «Մարգարէն»ին հետ5: Բացի այդ՝ ան դեռ խակ էր ու յաւելեալ ժամանակի կը կարօտէր բիւրեղանալու համար:

Ահաւասիկ ճիշդ այս պատճառով Ժպրան զայն առժամապէս մէկդի դրաւ:

Երբ 1908 թուականին Փարիզ գնաց ուսանելու, ան վերընթերցեց ձեռագիրը ու որոշեց վերամշակել զայն6: Սակայն, ըստ երեւոյթին, տակաւին «անոր ժամանակը չէր եկած»: Միայն 1912-1918 տարիներուն էր, որ, ուրեմն, այս գործը սկսաւ քիչ-քիչ ստանալ այսօրուան տեսքը7 ու արդէն անգլերէնով հրատարակուեցաւ լոկ մի քանի տարի ետք՝ 1923-ին:

Ա՛րդ, «Մարգարէն»ը ովքե՞ր թարգմանած են հայերէնի: Իսկ անոնց մէջէն որո՞ւնը կամ որո՞նցը կարելի է յաջողած համարել: Ի վերջոյ կա՞յ հայ թարգմանիչ մը, որ գլուխ հանած է սա դժուարին գործը ու հայացուցած «Մարգարէն»ը:

Ուրեմն, թէկուզ հպանցիկ, քիչ մը խօսինք այս նիւթերուն շուրջ:

«Մարգարէն»ը առաջին անգամ հայերէնով հրատարակուեցաւ 1966-ին. թարգմանիչը՝ Սիսակ Յ. Վարժապետեան (1905-1982), որ եղած է լիբանանահայ մանկավարժ ու թարգմանիչ: Ըլլալով Ժպրանի գրականութեան սիրահար՝ ան լոյս ընծայած է գիրք մը, ուր կը ներկայացուի ամբողջական Ժպրանը. անոր կենսագրութիւնն ու գրական գործունէութիւնը, «Մարգարէն»ը, ինչպէս նաեւ զանազան թարգմանութիւններ անոր անգլերէն ու արաբերէն գործերէն: Գիրքը կը կոչուի «Ճպրան Խալիլ Ճպրան. կեանքն ու գործը»: Այնտեղ, ինչպէս նշեցի, տրուած է նա՛եւ «Մարգարէն»ը՝ տաղաչափեալ ու յանգաւոր: Թէ ինչո՞ւ ոչ արձակ բանաստեղծութեան ձեւով, ապա թարգմանիչը այսպէս կը բացատրէ այդ ընտրութիւնը. «Նախ հայերէնի թարգմանեցի զայն արձակ: Կարդացի ու կարդացի յաճախ, սակայն չսիրեցի: Անգլերէն բնագիրը աւելի սահուն էր, երաժշտական ու հաճելի, մանաւանդ երբ բարձրաձայն կարդացուի: Ո՛չ, պէտք էր աւելի լաւ ձեւ մը գտնել: Ուստի ամբողջ գիրքը վերածեցի արձակ բանաստեղծութեան: Սակայն այս մէկն ալ չգոհացուց զիս: Թէեւ բանաստեղծութիւն, բայց չափերու անհաւասարութիւնը ու յանգերու այլազանութիւնը կը նսեմացնէին գործը ու կը կաղացնէին ընթերցումը: Կարելիութեան սահմանին մէջ հարազատօրէն պահելով հանդերձ բնագիրին իմաստը՝ թարգմանութիւնը պէտք էր ըլլար սահուն, հնչեղ ու երաժշտական: Ուստի դիմեցի երրորդ ու դժուարագոյն ձեւին. վերածել գիրքը տաղաչափեալ ու յանգաւոր լայնաշունչ քերթուածի մը» (էջ 54): Մեծապէս գնահատելով հանդերձ Ս. Վարժապետեանի՝ «կատարելագոյն» գործ մը տալու նախանձախնդրութիւնը՝ յանո՛ւն ճշմարտութեան խոստովանինք, որ ի հեճուկս կատարուած տքնաջան աշխատանքին՝ թարգմանութիւնը բոլորովին զուրկ է բանաստեղծական աւիւնէ, եւ յանգաւորումը՝ բռնի, մէկ խօսքով՝ «հարազատ» ու «ներկայանալի» գործ մը չէ ան. հոն կարելի չէ գտնել բանաստեղծ Ժպրանը:

Երկրորդ թարգմանութիւնը կատարած է Եր. Տ. Գարաճեան: Տպուած է Պէյրութ լոյս տեսնող «Բագին» գրական հանդէսի Մարտ-Օգոստոս 1981-ի թիւերուն մէջ յաջորդաբար: Սա, համեմատած Վարժապետեանի աշխատանքին, պէտք է ըսել՝ աւելի յաջող է: Այնուհանդերձ, հոս եւս կը պակսին անգլերէն բնագիրին բանաստեղծական հանդիսաւորութիւնն ու նուրբ երաժշտականութիւնը: Միով բանիւ՝ Գարաճեանի թարգմանութիւնը անկեղծօրէն կը կարօտի լուրջ մշակումի: Ինչպէս գիտենք, Ժպրանի անգլերէնը կատարեալ ու բիւրեղեայ լեզու մըն է, մինչդեռ Գարաճեանի հայերէնը՝ բաւականաչափ չմշակուած ու ոչ-գեղեցիկ:

Իրողութիւնը այն է, որ եթէ յաջող ըլլար Գարաճեանի թարգմանութիւնը, ապա ուրիշի մը ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը երբեք պիտի չզգացուէր. շատ հեռու չերթանք, այսօր ո՞վ կը համարձակի թարգմանել Քիփլինկի «Եթէ»ն՝ Մ. Իշխանի չքնաղ հայացումը կարդալէ ետք: Յիմարութիւն պիտի ըլլար այդպիսի բան մը:

Շարունակենք:

Ճիշդ երկու տարի ետք՝ 1983-ին, Ժպրանի ծննդեան հարիւրամեակին առիթով ՀԵՀՈՄ-ը (Հայաստանեայց եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութիւն), իր կարգին, լոյս ընծայեց «Մարգարէն»ի հայերէն թարգմանութիւնը: Թարգմանիչներն էին՝ Խաչիկ Տէտէեան, Վազգէն Էթիեմեզեան, Հրաչ Սարգիսեան եւ Անուշաւան վրդ. Դանիէլեան: Վարչութեան «Երկու խօսք»ին մէջ կը կարդանք հետեւեալը. «Մեր այս թարգմանութիւնը կու գայ յայտնաբերելու երիտասարդական-ուսանողական նոր ճիգ մը՝ Ճպրանը մեկնաբանելու իր ոգիին հաւատարիմ՝ ոչ-բանաստեղծական թարգմանութեամբ, ուր նաեւ հարթուած ըլլան որոշ անճշդութիւններ» (էջ 3): Ահաւասիկ, ինչպէս կը տեսնենք, արդէն յստակօրէն նշուած է, որ իրենց նպատակն է տալ «ոչ-բանաստեղծական», սակայն Ժպրանի բառ ու խօսքին «հաւատարիմ» թարգմանութիւն մը: Հակառակ իրենց մտադրութեան՝ թարգմանութիւնը, պէտք է ըսել, աւելի «բանաստեղծական» հով մը ստացած է, քան նախորդ երկուքը (Վարժապետեանինը պարզապէս աւելորդ է. մե՜ղք իր աշխատանքին):

Սակայն յիշեալը նկատել «Մարգարէն»ի հայերէն յաջողագոյն թարգմանութիւնը՝ ճիշդ չէ: Մեծապէս գնահատելի է, անշուշտ, որ «հարթուած են որոշ անճշդութիւններ»,- բան մը, որ թարգմանիչ մը պարտի ընել, երբ կը ձեռնարկէ թարգմանութեան ստեղծագործութեան մը, որ արդէն իսկ մի քանի անգամ թարգմանուած է իրմէ առաջ,- սակայն, ի՜նչ խօսք, սա բաւարար չէ դեռ: «Մարգարէն»ը կրնար թարգմանել միայն ու միայն տաղանդաւոր բանաստեղծ մը, որ կը ներապրի Ժպրանի իւրաքանչիւր բառը, լաւապէս կ՚ըմբռնէ անոր խօսքին խորութիւնը ու կը յաջողի,- թէկուզ քիչ մը դժուարութեամբ,- մեզի տալ «հայախօս Ժպրանը»:

Ճիշդ ա՛յս փորձեց ընել բանաստեղծ Վահէ Վահեան (1908-1998) մէկ տարի ետք՝ 1984-ին, հրատարակելով «Մարգարէն»ի ի՛ր թարգմանութիւնը, որ ինքնին յաջողութիւն մըն է եւ, ի դէպ, կը գլէ-կ՚անցնի Վարժապետեանի, Գարաճեանի ու ՀԵՀՈՄ-ի թարգմանութիւնները (այս երեքէն ընդամէնը ՀԵՀՈՄ-ինը արժանի է գնահատանքի): Կը նկատէք, չէ՞, որ «Մարգարէն»ի գրեթէ բոլոր հայ թարգմանիչները եղած են ոչ-բանաստեղծներ, ոչ մէկ առընչութիւն ունեցած են բանաստեղծութեան հետ՝ բացի Վահէ Վահեանէն: Սա կը նշանակէ, որ մեր գրողները այնքան ալ չեն զբաղած այս գլուխ գործոցով: Մինչդեռ ան արժանի է ոչ միայն թարգմանութեան, այլեւ լուրջ ուսումնասիրութեան:

Սակայն բուն խնդիրը այս չէ. Վահէ Վահեանի թարգմանութիւնը,- լաւագո՛յնը, ինչպէս ըսինք, բաղդատած միւսներուն,- տարածուած չէ Սփիւռքի մէջ. գրասէր շրջանակներ տեղեակ իսկ չեն, որ ան թարգմանած է «Մարգարէն»ը՝ դեռ 1984-ին: Պատճա՞ռը,- շա՜տ պարզ է. այսօր հրապարակի վրայ գտանելի չէ Վահեանի տարբերակը, որովհետեւ ծո՜յլ հրատարակիչներու «նստկանութեան» պատճառով ան չէ արժանացած վերահրատարակութեանց, ինչ որ բնաւ ու բնաւ «զարմանալի չէ»: Սփիւռքի մէջ, ուր «անտէր-անտիրականներ» ենք, շատ սովորական են նման երեւոյթներ:

Մինչեւ հոս խօսեցանք արեւմտահայերէն թարգմանութեանց մասին8:

Համառօտ անդրադառնանք արեւելահայերէն թարգմանութեան եւս. այո՛, կայ միմիայն մէկ արեւելահայերէն թարգմանութիւն, որ տպուած է 2016-ին (քիչ մը տարօրինակ է, այնպէս չէ՞), եւ թարգմանիչը Սոնա Քիւրքչեանն է: Կայ ուրիշ մըն ալ, որ, սակայն, թարգմանութիւն չէ, այլ ուղղակի փոխադրում արեւմտահայերէնէ արեւելահայերէն (հիմք ընդունուած է ՀԵՀՈՄ-ի տարբերակը):

Պէտք է ըսել, որ խիստ գնահատելի է Քիւրքչեանի աշխատանքը:

Թէեւ միակ արեւելահայերէն թարգմանութիւնը, սակայն ուղղակի գերազանց: Յիրաւի, թարգմանիչը յաջողած է հայացնել «Մարգարէն»ը՝ պահելով Ժպրանի հոգեհուպ, առինքնող ու գերող բանաստեղծականութիւն-երաժշտականութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր տողերուն դիւր ու սահուն զարգացումը:

Վահէ Վահեանի հետ մէկտեղ Սոնա Քիւրքչեանը կարելի է համարել այս գլուխ գործոց երկին լաւագոյն հայ թարգմանիչը:

Չէ բացառուած, որ տասնամեակ մը ետք ինչ-որ մէկը գայ ու վերստին ձեռնարկէ այս գործին թարգմանութեան: Սակայն, կը կարծեմ, Վահէ Վահեանի ու Սոնա Քիւրքչեանի խիստ որակեալ ու արժէքաւոր թարգմանութիւնները լիովին բաւարար են։

Նորի մը կարիքը բացարձակապէս չկայ:

Ատոր փոխարէն ընդամէնը վերահրատարակել այս երկու լաւագոյնները:

Այսքան:

ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ


1 «Մարգարէն», Ճպրան Խալիլ Ճպրան, հրատարակութիւն ՀԵՀՈՄ-ի, Անթիլիաս, 1983, էջ 9: 

2 Kalem, Glen. “The Prophet Translated”. The Kahlil Gibran Collective. www.kahlilgibran.com. 4-9-2018.

3 Նոյն անդ:

4 Սիսակ Յ. Վարժապետեան, «Ճպրան Խալիլ Ճպրան. կեանքն ու գործը», Պէյրութ, 1966, էջ 47:

5 Անդ, էջ 48:

6 Անդ, էջ 47:

7 «Մարգարէն», Ճպրան Խալիլ Ճպրան, հրատարակութիւն ՀԵՀՈՄ-ի, Անթիլիաս, 1983, էջ 9: 

8 Կայ նաեւ Պոլսոյ հայոց պատրիարք Գարեգին արք. Գազանճեանի թարգմանութիւնը՝ տպուած 1992-ին Իսթանպուլ, որ, սակայն, կարելի չեղաւ ձեռք բերել՝ ներկայ պայմաններուն բերումով:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 12, 2021