ՎԱՐՈՅԹԸ ԸՆԴՈՒՆՈՒԱԾ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան աղբիւրները երէկ հերթական բացատրութիւններով հանդէս եկան՝ Սիսի երբեմնի Կաթողիկոսարանի եւ Ս. Սոֆիա մայր տաճարի համալիրի սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերելու նպատակով բացուած դատին շուրջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը 2015 թուականին հետամուտ եղած էր դատական գործընթացի մը։ Թուրքիոյ Սահմանադրական ատեանին ուղղակի դիմում մը կատարուած էր եւ աւելի վերջ հարցը տեղափոխուած՝ Եւրոպայի մարդու իրաւանց ատեանի (ԵՄԻԱ) օրակարգը։ ԵՄԻԱ այդ շրջանին յանգած էր այն եզրակացութեան, թէ Թուրքիոյ դատական մարմիններու քննարկման առումով ներքին ճանապարհները չեն սպառած, հետեւաբար մերժած էր դատի վարոյթը ընդունիլ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը այս պայմաններուն ներքեւ 2019 թուականի ամրան պարտաւորուած էր դատավարութիւնը յառաջ տանելու Թուրքիոյ մէջ։ Անթիլիասի աղբիւրներու կողմէ երէկ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ տեղեկացուեցաւ, որ 30 մարտ 2021 թուականին այս թղթածրարին կապակցութեամբ տեղի ունեցած է դատավարութիւն մը։ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ, Կիլիկեան Աթոռի իրաւական յանձնախումբը անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի այս գործընթացին։ Սեփականութեան իրաւունքի վերաբերեալ սոյն դատավարութեան մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը ներկայացուի յայտնի իրաւաբան Ճեմ Սոֆուօղլուի կողմէ։ Որպէս խորհրդատու դատավարութեան ներգրաւուած է նաեւ մեր համայնքէն իրաւաբան Սեդրակ Տավութհան, որ իր ցուցմունքներով կը ջանայ նպաստել խնդրի հարթ լուծման։

Այս առաւօտ Կիլիկեան Աթոռին կողմէ երէկ հրապարակուած հաղորդագրութեան լոյսին տակ հեռախօսազրոյցներ ունեցանք թէ՛ Ճեմ Սոֆուօղլուի եւ թէ Սեդրակ Տավութհանի հետ։ Սեդրակ Տավութհան դիտել տուաւ, որ դատավարութեան մասնակցած է իր պաշտօնակից Ճեմ Սոֆուօղլու։ Ներկայիս ընթացիկ փաստերը դատակազմին ներկայացնելու փուլին մէջ է դատավարութիւնը։ Այս առումով դատական մարմինները կ՚աշխատին ժամկէտներով ու ներկայ պայմաններով արդէն դատակազմին կողմէ ակնկալուած բոլոր փաստերը հնարաւոր է նաեւ առցանց ներկայացնել՝ մասնաւորապէս հաշուի առնելով համաճարակի առկայ պայմանները։

Իր կարգին, իրաւաբան Ճեմ Սոֆուօղլու մեզի յայտնեց, որ Քոզանի Երկրորդ Նախադատ ատեանի (Kozan 2. Asliye Hukuk Mahkemesi) դատավարութիւնը տեղի ունեցած է 30 մարտ 2021 թուականին։ Սա իրականութեան մէջ երրորդ դատավարութիւնն էր։ Առաջին երկու ունկնդրութիւնները Ճեմ Սոֆուօղլուի միջամտութեամբ՝ առկայ համաճարակը որպէս չքմեղանք ընդունելով յետաձգուած են։ Իսկ 30 մարտի նիստով արդէն սկսած է դատավարութիւնը։ Այս փուլը, ընդհանուր առմամբ, կարելի է ընկալել՝ որպէս նախաքննութեան դատավարութիւն։ Իրաւաբան Ճեմ Սոֆուօղլու մեզի յայտնեց, որ յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դատ բացուած է Քոզանի քաղաքապետութեան եւ ի դէմս Թուրքիոյ Հանրապետութեան՝ Պետական գանձի դէմ։

Ըստ Սոֆուօղլուի, դատական ունկնդրութեան ընթացքին պէտք էր ճշդուէին զանազան հանգամանքներ. օրինակ՝ դիմում ներկայացնողի հանգամանքները, լիազօրութիւնները եւ հարցի ժամկէտանց ըլլալու հաւանականութիւնը։ Քոզանի քաղաքապետարանը եւ Պետական գանձը դատական իշխանութիւններուն ներկայացուցած են հակափաստարկներ առ այն, որ դիմողը չունի պաշտօնական կարգավիճակ (իրաւաբանական անձ մը չէ), օտար (արտասահմանեան) տարր մըն է։ Պահանջուած է նաեւ դատավարութեան ընթացք տալու համար ունենալ երաշխիքի նամակ մը։ Արդարեւ, թրքական դատական համակարգին նախընթացներով՝ արտասահմանեան տարր մը եթէ որեւէ պահանջով դիմէ թրքական արդարադատական իշխանութիւններուն, ապա իր պահանջի շուրջ 15 տոկոսի համեմատութեամբ գումար մը պէտք է որպէս երաշխիք ցոյց տայ դատարանին։

Իրաւաբան Ճեմ Սոֆուօղլու դիտել տուաւ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ ներկայացուած փաստերը ինք արդէն նախապէս յղած էր դատական մարմիններու նկատառման։ 30 մարտ 2021 թուականին տեղի ունեցած նիստի ընթացքին դատակազմը որոշեց ուղղակիօրէն ձեռնարկել այս դիմումի հիմնական խնդիրները, այսինքն որոշեց բուն դատին մէջ մտնել։ Սա կը նշանակէ, որ քաղաքապետարանի եւ Պետական գանձի կողմէ ներկայացուած առարկութիւններուն ընթացք չէ տրուած եւ Անթիլիասի կողմէ բացուած դատի վարոյթը վերջնականօրէն ընդունուած է։ Ճեմ Սոֆուօղլուի խօսքով, սա շատ դրական իրադարձութիւն մըն է։ Այժմ դատավարութիւնը պիտի անցնի քանի մը ենթադրելի փուլէ։ Այսպէս, Սոֆուօղլուի կանխատեսումներով, դատական մարմինները ի մի պիտի հաւաքեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ ներկայացուած փաստերը։ Այս նպատակով համապատասխան աշխատանք պիտի տարուի զանազան պաշտօնական արխիւներու եւ կալուածային արձանագրութիւններու պետական մարմիններուն հետ։ Ապացոյցներու հաւաքագրումին պիտի յաջորդէ հետազօտա-խուզարկութեան փուլ մը։ Սա տեղւոյն վրայ իրականացուելիք ուսումնասիրութիւն մը կ՚ենթադրէ։ Սոֆուօղլու մեզի յայտնեց, որ դատարանը աւելի վերջ ամենայն հաւանականութեամբ յանգի՝ այս գործին համար մասնագէտի մը նշանակման անհրաժեշտութեան։ Այդ մասնագէտը, ըստ նախընթացներու, համալսարանական շրջանակներէ դէմք մը կ՚ըլլայ։ Ատանայի շրջանի համալսարաններու մէկէն ակադեմականի մը այդ գործին յանձնուիլը շատ հաւանական կը թուի ըլլալ։ Դատական իշխանութիւնները թէեւ ինքնուրոյն տնօրինութիւններ  ընելու լիազօրութիւնները միշտ ալ ունին, սակայն նման պարագաներու մէջ կը նախընտրուի մասնագէտի մը պաշտօնի կոչուիլը։

«Ներկայիս դատավարութիւնը կ՚ընթանայ բնականոն հունին մէջ», մեզի յայտնեց Ճեմ Սոֆուօղլու եւ աւելցուց, որ 6 մայիս 2021 թուականին նախատեսուած է յաջորդ դատավարութիւնը։

Անթիլիասի աղբիւրներուն կողմէ երէկ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած էր, որ յաջորդ դատական նիստի թուականը տակաւին ճշդուած չէ։ Ճեմ Սոֆուօղլու այս կապակցութեամբ յայտնեց, որ ամենայն հաւանականութեամբ թիւրիմացութիւն մը խնդրոյ առարկայ եղած է։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 14, 2021