ԱՐՏԱՏՊՈՒՄԸ ԵՒ ԽԵՂՃ ՍԻՒՆԱԿԱԳԻՐԸ (ԱՌ ՈՐ ԱՆԿ Է)
Առիթով մը անդրադարձած էի արտատպումի համատարած ախտին՝ «Ի՞նչ(եր) կը պակսի(ն) սփիւռքահայ մամուլին» յօդուածիս մէջ (ԺԱՄԱՆԱԿ, 25-1-2021): Հոն, սակայն, ընդամէնը խօսած էի արտատպումի պատճառով տուժող կողմին մասին, որ է՝ նոյնինքն թերթը: Այս անգամ նոյն խնդիրները պիտի չարծարծենք:Այլ, ինչպէս արդէն յօդուածին վերնագիրը կը յուշէ, պիտի բարձրաձայնենք ուրիշ խնդիրի մը,- դուք ըսէք՝ անիրաւութեան մը,- մասին, որ պարզապէս անընդունելի է, եւ հարկ է այս նիւթին շուրջ երկու պատշաճ խօսք ըսել առ որ անկ է:Թէպէտ մեր իրականութիւնը շուտ փոփոխուող տեսակէն չէ, եւ երկու-երեք էջնոց յօդուած մը ոչինչ կրնայ ընել այդ ուղղութեամբ, այնուամենայնիւ ես պիտի գրեմ, վասնզի ուրիշ ձեւով չեմ կրնար տեղ հասցնել ձայնս:Թէ ստոյգ ի՛նչ անիրաւութեան մասին է խօսքը, ահաւասիկ...
*
Արտատպո՜ւմ, արտատպո՜ւմ, արտատպո՜ւմ:
Առանց չափազանցութեան կարելի է ըսել, որ կարգ մը թերթերու յարակայութեան մէկ ու միակ գրաւականն է արտատպումը, եւ սա՝ նամանաւանդ օրաթերթերու պարագային: Մէյ մը պատկերացուցէ՛ք, որ ան յանկարծ պիտակաւորուի որպէս անթոյլատրելի արարք մը: Տէ՛ր իմ Աստուած, արդեօք ի՞նչ կ՚ըլլայ անով սնող-գոյատեւող մակաբոյծներուն վիճակը,- ցաւալի, շա՜տ ցաւալի:
Ինչեւէ, նոյն ապուրը չտաքցնենք-չկերցնենք. անցնինք բուն նիւթին:
Երբ թերթ մը ՏԵՒԱԲԱՐ կ՚արտատպէ (անշուշտ առանց որեւէ յատուկ նպատակի, այլ ընդամէնը պարապ ծակ մը գոցելու համար) այսինչ կամ այնինչ սիւնակագիրին յօդուածները, ան գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար շահագործած կ՚ըլլայ անոր քրտնաջան աշխատանքը, ինչը հիմնովին սխալ է, եւ կարելի չէ անտեսել այս անիրաւութիւնը:
Սիւնակագիրը առնուազն երկու-երեք օր կը տրամադրէ յօդուած մը գրելու: Կը գրէ, կը ջնջէ, դարձեալ կը գրէ-կը ջնջէ, մինչեւ որ իր ուզածին պէս բան մը մէջտեղ գայ, յետոյ զայն կը յանձնէ խմբագիրին:
Յօդուածը լոյս կը տեսնէ:
Յաջորդ օրն իսկ կը մեկնարկէ կարկանդակէն բաժի՜ն մը առնել-ուտելու շքերթը. ա՛րդ, յօդուածը կը սկսի երեւիլ այլ թերթերու մէջ: Ծիծաղելին այն է, որ շատ յաճախ անոր աւարտին յղումը նոյնիսկ չի նշուիր. ի՜նչ պէտք: Մարդ պահ մը ինքն իրեն հարց կու տայ. «Այս յօդուածը ուրկէ՞ եկաւ, ի վերուստ Աստուած պապա՞ն ղրկեց»:
Սա պատճառ կը դառնայ, որ ընթերցողները կարծեն, թէ սիւնակագիրը կ՚աշխատակցի ա՛յն թերթին, ուր կ՚արտատպուին անոր յօդուածները. բան մը, որ աւելի ծիծաղելի կը դարձնէ առկայ երեւոյթը:
Առէ՛ք ձեզի զուտ կատակերգութիւն մը:
Սա խեղճ սիւնակագիրը քանի՞ թերթ պարտաւոր է լեցնելու ամէն շաբաթ. մէ՞կ, երկո՞ւ, երե՞ք, հի՞նգ, տա՞սը:
Իր պարտականութիւնը որոշ է. յօդուած հասցնել X թերթին. շատ բարի: Սակայն, ա՜խ, եկո՛ւր-տե՛ս, որ ան միաժամանակ «յագուրդ կու տայ» ոչ թէ մէկ, այլ ՄԻ ՔԱՆԻ ԹԵՐԹԻ: Եղա՞ւ ասիկա. իսկ ամսավա՞րձը,- անփոփո՛խ:
Լա՛ւ, թող ամսավարձը նոյնը մնայ, սակայն այն թերթերը, որոնք երամի պէս կու գան-կը թառին անոր յօդուածներուն վրայ,- եւ սա մէկ չէ, երկու չէ,- պարտին կանոնաւորապէս վճարել իւրաքանչիւր արտատպումի համար:
Թերեւս ոմանք ըսեն, թէ կարգ մը սփիւռքահայ թերթեր արդէն գործընկերներ են, եւ սա իրենց հնարաւորութիւն կու տայ ազատօրէն օգտուելու իրարմէ: Այո՛, ճիշդ էք, ձեզի պէս ես ալ տեղեակ եմ այս բոլորին:
Թող օգտուին, որքան ուզեն, սակայն ո՛չ սիւնակագիրին հաշուոյն:
Պէտք է ամէն ոք իր արդար իրաւունքը ստանայ: Ի վերջոյ տրամադրուած ժամանակ ու ներդրուած ճիգ կայ այստեղ: Ուստի ոչ ոք կրնայ, պարզապէս պարապ էջ մը լեցնելու համար, օգտագործել ուրիշին գրութիւնը՝ առանց որեւէ թոյլտուութեան ու վարձատրութեան:
***
Պէտք եղածը կարծեմ ըսուեցաւ:
Սակայն, ինչպէս գիտէք, մէկ ծաղիկով գարուն չի գար:
Մեր ամենամեծ խնդիրներէն մէկը, կը հաւատամ, ամբոխահաճութիւնն է: Բացատրեմ, թէ ի՛նչ կապ կայ խնդրոյ առարկայ նիւթին ու ամբոխահաճութեան միջեւ:
Սփիւռքի մէջ ներկայիս չկա՞ն սիւնակագիրներ, որոնք նոյնպէս կը խորհին, սակայն ո՛չ մէկ ատեն բարձրաձայնած են իրենց վրդովումն ու զայրոյթը, ո՛չ ալ կը բարձրաձայնեն. քանզի ինչպէ՞ս կարելի է գրել նման անիրաւութեան մը մասին եւ, որ ամենակարեւորն է, յանդգնօրէն վրայ բերել վարձատրուելու հարցը:
Վարձատրութի՞ւն,- սա բացայայտ մարտահրաւէր է նոյնինքն սիւնակագիրին:
Ա՛րդ, մեր հանրութիւնը տարօրինակ մտածողութիւն ունի. ան կը նախընտրէ մեծարել ու ծափահարել բացառապէս ա՛յն անհատները, որոնք խմբագիրն ու յօդուածագիրը, գրողն ու ուսուցիչը եւ այլն կը ներկայացնեն որպէս նուիրեալ-ծառայող՝ զերծ նիւթական ամենադոյզն ակնկալութենէ:
Պարզ է, որ մարդ ինքզինք «կրակը չի նետեր», այնպէս չէ՞: Եթէ իրաւախնդրութիւնն ու ճշմարտախօսութիւնը սուղի պիտի նստին վրան, ան իսկոյն պատրաստ է «լեզուն կլլելու». ոչ մէկ վարանում:
Սակայն մինչեւ ե՞րբ:
Ո՞ւր պիտի հասնիմ:
Դիւրին է ամբոխահաճութենէն ձերբազատիլը. ընդամէնը պէտք է անգամի մը համար գրել ձեր մտածածը, սիրելի՛ սիւնակագիրներ, եւ ոչ թէ թութակի պէս կրկնել հանրութեան լսել ուզածը: Շատ հաւանական է, որ այս պարագային «բախումներ» ունենաք դուք, սակայն ոչի՛նչ:
Սա որպէս կոչ ընդունեցէ՛ք նուաստէս:
Հանդէս եկէ՛ք յօդուածով մը ու բարձրաձայնեցէ՛ք այս մասին, վասնզի ձե՛ր իրաւունքն է, որ կ՚ոտնահարուի «լոյս ցերեկով», մինչ դուք լուռումունջ նստած էք ու ոչինչ կ՚ըսէք:
Թոյլ մի՛ տաք, որ ձեր հաշուոյն թերթ մը գոյատեւէ, երբ նոյնինքն այդ թերթը չի յարգեր ձեզ. կ՚օգտագործէ ձեր գրութիւնը՝ առանց ձեր թոյլտուութեան, յղումը նոյնիսկ չի նշեր, մէկ ալ ձեզ ըստ արժանւոյն չի վարձատրեր (չհաշուած այն անթիւ-անհամար «կեցցե՛ս»ները, որոնք փոր չեն կշտացներ):
ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024