Ահազանգային կացութիւն…
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը երկար ժամանակէ ի վեր գերեվարուած է քաոսի մը կողմէ, որ կ՚ահագնանայ ու կ՚ահագնանայ անվերջ։ Համայնքէն ներս հերթական փոթորիկը ծագած է. զարմանալի՞։ Սա անյաղթահարելի փակուղիի մը երկար պատմութիւնն է, որ կը զուգորդուի պառակտումներով։ Սահմանափակ ներուժով հաւաքականութեան կենսունակութիւնը կախեալ է իսկական սիներժիէ մը, այլապէս հաւաքական ձախողումը կը դառնայ անխուսափելի։ Քաոսը յաղթահարելու ցանկութիւնը կրնայ ըլլալ համատարած, սակայն, բեւեռացումները գործնականօրէն կ՚իմաստազրկեն զայն։ Առ երեւոյթ բարի բոլոր ցանկութիւններու անկեղծութեան փորձաքարն է՝ միասնականութիւն եւ ներդաշնակութիւն ապահովելու ուղղեալ կամքը, որ ի սպառ կը պակսի միանշանակ։
Այլասերած հաստատութիւններ, յետամնաց մտայնութիւն, հաւաքական հարստութեան անարդար բաժանում, սեփական ուժերու նկատմամբ թերահաւատութիւն, անկազմակերպ աշխատանք, սնանկացած վարչական համակարգ, միջոցներու մսխում, անկառավարելի գործընթացներ, ազդեցութեան ամուլ պայքարներ, անհեռանկար գործունէութիւն… Կարելի է թուարկել շատ երկար, բայց այքանը լրիւ բաւարար է հետեւցնելու համար, թէ այս համայնապատկերը կրնայ միայն ցոլացնել տեւական տագնապ, կրնայ միայն շարունակ ծնունդ տալ կռիւներու։ Չափազանցութի՞ւն։
Ներկայիս օրակարգի վրայ է Սահակ պատրիարքին եւ Պետրոս Շիրինօղլուի տարակարծութիւններով յառաջացած գայթակղութիւնը։ ERVAB-ի («Թրքահայ վաքըֆներու միութիւն» անպաշտօն խմբաւորումը)՝ վարչայիններու բնորոշ առցանց փակ հարթակէն յորդած բանավէճը հանրային կարծիքի սեփականութիւնը դարձած է հրապարակային ելոյթներով, մամուլի մէջ կամ ընկերային ցանցերու վրայ կատարուած յայտարարութիւններով։ Մօտաւոր անցեալի կտրուածքով յիշողութեան թարմացում մը ի յայտ կը բերէ առարկայական հանգամանք մը։ Թրքահայ իրականութենէն ներս քաոսը սկսած է խորանալ, երբ համայնքային ժողովները սկսած են փակուիլ մամուլին։ Ժողովուրդը կտրուած է վարչական կեանքէն կամ անոր հետեւելու հնարաւորութենէն, իսկ հանրային կարծիք ստեղծելու համար նախանիւթ կը ծառայեն բամբասանքները։ Պաշտօնական սկզբնաղբիւր գոյութիւն չունի։ Դռնփակ աշխատանքի հետամուտ վարչայիններ ուղղակիօրէն ապատեղեկատուութիւն կը հրահրեն համայնքէն ներս։ Ու տակաւին տուեալ պահու կամ հարցի իրենց ցանկութեան կամ նախընտրութեան համաձայն կը կատարեն լուրերու արտահոսք, լսումներ մատուցելով լրագրողներուն։ Նոյնիսկ, երբեմն արտահոսքը կատարած անձերը յաջորդ քայլափոխին կրնան հերքել կամ ուրանալ մատուցուած լսումները, ըստ արձագանգներու կամ սխալ կանխատեսումներու, հաշուարկներու։ Ճակատագի՞ր։
ERVAB-ի փակ հարթակի սահմաններէն դուրս եկած բանավէճը տխուր կացութիւն մը կը պարզէ համայնքի աչքին առջեւ։ Անհամաձայնութիւնները այն աստիճան սաստկացած են, որ Պետրոս Շիրինօղլու շաբաթավերջին գրած է, թէ Սահակ պատրիարք արժանի չէ Աթոռը զբաղեցնելու։ Նորին Ամենապատուութիւնն ալ ասոր վրայ լքած է հարթակը։ Սա զգայացունց երեւոյթ մըն է, որու ազդեցութիւնները կրնան պայմանաւորել իրադարձութիւններու շարունակութիւնը։ Սա կրնայ ներգործել համայնքային կեանքի տեսանելի ապագայի խմորումներուն մէջ։ Շիրինօղլուի այդ վերջնագիրը կրնայ կարմիր թելի մը վերածուիլ համայնքի ներքին յարաբերութիւններու ընդհանուր դրուածքին տեսակէտէ։ ERVAB-ի իբր թէ փակ հարթակէն կատարուած արտահոսքերը տակաւին ունին բազում երեսակներ, կ՚առընչուին նաեւ որոշ քաղաքական մտահոգութիւններու հետ, եւ այլն։ Ջրբաժա՞ն։
Սկզբունքօրէն ճիշդ չենք համարեր զուտ լսումներու հիմքով աւելի խորանալը այդ բոլորին մէջ։ Առանցքային մասը, ըստ երեւոյթին, արդէն վերոյիշեալն է։ Բնականաբար, մենք այս բոլորին վերաբերեալ ունինք մեր դիտարկումներն ու համոզումները, այս համայնապատկերին վրայ ի յայտ եկած դերակատարներուն վերաբերեալ մեր վերաբերմունքն ու անոնց գործունէութեան շուրջ մեր արժեւորումները։ Յամենայնդէպս, այստեղ հարկ չենք համարեր այդ բոլորը մանրամասնել, որպէսզի չստեղծենք արդարներ կամ մեղաւորներ փնտռելու վտանգաւոր ծովը բացուած ըլլալու տպաւորութիւնը։ Խուսափո՞ւմ։
Վերջին օրերու հրատապ իրադարձութիւնները երեւան բերած են նաեւ նոյնքան կենսական ուրիշ հարց մը։ Ի տարբերութիւն մեր բաւական կայացած տպագիր լրատուամիջոցներէն, թրքահայ իրականութեան մօտ սիրողականի նուազագոյն շեմէն ալ շատ աւելի վար են՝ լսատեսողական միջոցներով հանրային կարծիք ստեղծելու հնարաւորութիւնները։ Համեստութենէ հեռանալու կամ ոեւէ մէկը դատելու մտադրութիւն բացարձակապէս չունինք, բայց այդպիսի հարթակներու վրայ ծաւալուած քննարկումները երբեմն կամայ թէ ակամայ խոչընդոտի կը վերածուին՝ լսարանի առողջ կողմնորոշման տեսակէտէ։ Առկայ տակնուվրայութեան մէջ սա կը բարդացնէ ամէն ինչ։ Քարոզչութի՞ւն։
Հեռավար ծրագրի մը ժամանակ շաբաթավերջին շատ հետաքրքրական վիճակ մը ստեղծուեցաւ։ Սահակ պատրիարքի եւ Պետրոս Շիրինօղլուի առճակատման շուրջ կը կատարուէին խօսակցութիւններ։ Անշուշտ, տրամաբանականօրէն, զրոյցի հունը պարզ պէտք է ըլլար, որովհետեւ արդէն կային հրապարակումներ, յայտարարութիւններ, որոնց մէջ թէ՛ դէպքերը բնութագրուած էին եւ թէ մօտեցումները պարզուած, թէկուզ իրերամերժ։ Այսինքն, տրամաբանականօրէն, այդ բոլորը սեղանի վրայ պիտի դրուէին՝ որպէս գաղափարական տարրեր, որոնց լոյսին տակ կարծիքի փոխանակումներ տեղի պիտի ունենային։ Եկուր-տես, որ ընթացքը բոլորովին տարբեր էր։ Երեւոյթը, տեսակէտները կշիռքի վրայ դնելու փոխարէն՝ զրուցակիցները յաճախ կը յիշեցնէին սեփական կարմիր գիծերը, որոնք չես գիտեր ի՛նչ նշանակութիւն կրնային ունենալ։ Փրիմիթիֆ, նողկալի դրուագները երբեմն գութ, երբեմն ալ ամօթի զգացում յառաջացնելու աստիճանին կը հասնէին՝ մանաւանդ շարքային թրքահայու մը արժանապատուութեան տեսակէտէ։ Զզուա՞նք։
Աւելի՛ն, նման միջավայրի մը մէջ յաճախ կոչեր կը հնչեցուէին Պատրիարքական Աթոռին շուրջ համախմբուելու համար։ Հասկնալի է, որ այս սկզբունքը հասարակաց յայտարար մըն է մեր համայնքին համար։ Բայց եւ այնպէս, ենթակաները այդ սկզբունքին շուրջ այնպիսի ընկալումներ կ՚արտայայտէին, որ նոյնիսկ այդ հասարակաց յայտարարը կը վնասուէր։ Դարերու տեւողութեան Պոլսոյ Պատրիարքութեան գործունէութիւնը միշտ քննադատուած է։ Սա բնական երեւոյթ մըն է՝ մանաւանդ, որ այս Աթոռը թէ՛ հոգեւոր եւ թէ վարչային կեդրոն մը եղած է։ Քննադատութիւնները շատ ատեն վերաբերած են վարչական գործունէութեան։ Աթոռը թէեւ միշտ որոշ չափով հոգեւոր շղարշի ներքեւ դիմագրաւած է այդ քննադատութիւններր, սակայն գաղափարական առումով ալ այդքան տկար չէ եղած։ Պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ գաղափարականի պակասները ընդունելի սահմաններէ անդին՝ հոգեւոր շղարշի ներքեւ թաքնուելով հաւասարակշռելու փորձերը յաջողութիւն չեն բերած Աթոռին։ Մեր արդի տարեգրութիւններուն մէջ եւս կան բազում օրինակներ։
Յիշեալ «իւրայատուկ» քննարկումներուն ժամանակ, Սահակ պատրիարքի զանազան քայլերուն համար կատարուած քննադատութիւններու բուն էութեան անդրադառնալու փոխարէն՝ մարդիկ կը փորձէին կեդրոնանալ կարգ մը անհասկնալի հանգամանքներու վրայ։ Յստակ ստորագրութիւնով հրապարակուած յայտարարութեան մը պարագային զրուցակիցները ենթադրութիւններ կ՚ընէին, թէ ո՛վ կամ ովքե՛ր գրի առած կրնային ըլլալ այդ մէկը կամ ո՛ր շրջանակները կրնային ներգործած ըլլալ անոր պատրաստութեան՝ ներքին խոհանոցային փուլերուն վրայ։ Պատրիարքի հասցէին կատարուած քննադատութիւններու էութիւնը շրջանցելով, անոնց վերաբերեալ հրապարակային քննարկման ատեն ուշադրութիւն շեղեցնելով միթէ օգո՞ւտ կը բերուի իրեն։ Վիճաբանութեան մը մէջ գաղափարական հարթութենէն հեռացումը ռիսք կը ստեղծէ սկզբունքները ստուերի տակ թողելու, խնդիրները անձնաւորելու, իսկ գահակալի դիրքը ամուր կրնայ ըլլալ մի միայն սկզբունքային գետնի վրայ։ Մեր համայնքին մէջ ամէն մարդ պէտք է ունենայ ազատ-համարձակ կարծիք յայտնելու իրաւունք եւ հնարաւորութիւն, անոր նկատմամբ տարրական յարգանքով հանդերձ, ընդունուած կանոններու ծիրին մէջ։ Դժբախտաբար, մեր մօտ չկան միջոցներ զսպելու համար այնպիսի մարդիկ, որոնք թէեւ լաւ են խորքով, սակայն, խօսափողը ձեռք անցընելու պահուն, մեղմ խօսքով, կը կտրուին հաւաքական պատասխանատուութեան գիտակցութենէ՝ իյնալով զգացականութեան յորձանուտին մէջ։ Համբերութի՞ւն։
Ի շարունակութիւն՝ տակաւին ուրիշ հարց մը, որու դրսեւորումները շատ աւելի ծանրակշիռ են։ Այս համայնքին մէջ կարեւոր թիւով մարդիկ կը շարունակեն պատրիարքին կամ Պատրիարքարանին հասցէագրուած քննադատութիւնները ընկալել նախընտրական ժամանակաշրջանի հոգեբանութիւնով եւ իրենց հետեւութիւններն ու մեկնաբանութիւնները կը կատարեն նախընտրական գործընթացի տրամաբանութիւնով եւ ուժերու յարաբերակցութիւնով։ Այս ցաւալի սխալը կը գործեն նաեւ մարդիկ, որոնք Աթոռի անունով հանդէս կու գան։ Մարտավարութի՞ւն։
Մէկ կողմէ ըսել, որ պատրիարքական ընտրութիւնը վերջացած է ու պէտք է համախմբուիլ գահակալին շուրջ, իսկ միւս կողմէ իւրաքանչիւր քննադատութիւն ընկալել կամ հանրութեան մատուցել՝ նախընտրական, արդէն աւարտած մրցակցութեան դրուածքով կամ պայմաններով։ Ինչո՞ւ այս հակասութիւնը։ Ինչո՞ւ նոր գահակալի՝ Սահակ պատրիարքի գործունէութեան վերաբերեալ քննադատութեան մը պարագային անմիջապէս բանալ հին տետրակները, բորբոքել հին վէրքերը։ Ինչո՞ւ քննադատութիւններուն քաղաքակիրթ ձեւով հակափաստարկներ բերելու եւ աւելի համոզիչ ըլլալու փոխարէն՝ մարդիկ վանել, պիտակաւորել։ Սա կը նշանակէ միասնականութեան երգ երգելով գործնականօրէն պառակտում հրահրել։ Սա բաժնելով տիրելու ձգտումի խոստովանութեան կը վերածուի, եթէ Սահակ պատրիարքի որոշ մերձաւորներ փոփոխութեան չենթարկեն իրենց խօսոյթը։ Ըստ երեւոյթին, վերջին պատրիարքական ընտրութիւնը բաւական թիւր ընկալուած է ոմանց կողմէ, համայնքի անդամները հակադրութիւններով դասաւորելու ծուղակին մէջ ինկած են ոմանք, ճիշդ չեն ընկալած ընտրական մրցակցութեան բնոյթն ու ոգին եւ այսօր ալ այդ հիման վրայ իրենց հասած յաջողութիւնը չեն կրնար մարսել։ Երանի անոնք ինքնաքննադատութեան եւ ինքնասրբագրութեան դիմեն՝ առանց աւելի վնաս հասցնելու Սահակ պատրիարքին եւ իր կողմէ միջա-մըտութեան մը ստիպողութիւնը չստեղծեն, որպէսզի պնդումները հետզհետէ տարածում չգտնեն, թէ անոնց կողմէ պաշարուած վիճակ մը ունի։ Ահազա՞նգ։
Պատրիարքի մը հովանաւորելու եւ կառավարելու հնարաւորութիւնները կրնան առաւելագոյնի հասնիլ՝ որքան ատեն, որ ան կը վարուի որպէս անկախ, ինքնուրոյն գործօն։ Իր համախմբման կարելիութիւնները կրնան գագաթնակէտին հասնիլ՝ որքան ատեն, որ կը յաջողի բոլորի հետ հաւասար հեռաւորութեան վրայ մնալ։ Գահակալի հեղինակութիւնը բարձրակէտին չի կրնար հասնիլ՝ ո՛չ թէ գործակատարներու «պապէն աւելի պապական» ծառայութիւններով, այլ գործակիցներու լայնախարիսխ փաղանգով։ Գահակալի կշիռը ուղիղ համեմատութեան մէջ է՝ դատողութեան փիլիսոփայութիւնով, ճկունութեան ընդունակութիւնով եւ քննադատութիւններէ օգտուելու իմաստութիւնով։ Պատրիարք մը կայանալու եւ լիարժէք գործելու համար պէտք չունի կուռքացուելու։ Առաւելապաշտութի՞ւն։
Քաւ լիցի, որ Նորին Ամենապատուութեան դաս տալու յաւակնութիւնը ունենայինք։ Այս բոլորը պէտք է նկատի ունենան անոնք, որոնք երկար ժամանակէ ի վեր հանդէս կու գան՝ որպէս Սահակ պատրիարքի կողմնակից եւ կը կարծեն, թէ կրնան համայնքէն ներս մենաշնորհ մը վայելել իբր այդ։