Երեւանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ գրող Աշոտ Աղաբաբեանի գիրքին շնորհանդէսը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, գործը կը կոչուի «Գաղտնիքներու տիրակալը»։ Շնորհանդէսի ընթացքին հեղինակը բացատրութիւններ տուաւ իր ստեղծագործութեան շուրջ եւ ընթերցասէրներու համար մակագրեց օրինակներ։