ՍԻՒՆԻՔԻ ՀԱՄԱՐ ՋԱՆՔԵՐ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան նախընթաց օր ընդունեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանը։ Հարկ է նշել, որ նախագահ Սարգսեան ի պաշտօնէ այս հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահն է։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան զրոյցի ընթացքին ներկայացուց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կողմէ ներկայիս յառաջ տարուող ծրագրերը, ինչպէս նաեւ ապագային նախատեսուած աշխատանքները։ 

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Սիւնիքի մարզի կացութեան. հարց մը, որ հրատապ բնոյթ ստացած է հայ իրականութեան տեսակէտէ։ Արմէն Սարգսեան անդրադարձաւ վերջերս Սիւնիք կատարած իր աշխատանքային այցելութեան եւ մարզի բնակչութեան կողմէ բարձրացուած խնդիրներուն։ Արմէն Սարգսեան մասնաւորապէս կարեւորեց այս մարզի սահմանակից համայնքներու, բնակչութեան կենցաղային, ընկերատնտեսական կարիքներու դիմագրաւման ուղղեալ ծրագրերու իրականացման անհրաժեշտութիւնը։ Զրուցակիցները կանգ առին այս բոլորին մէջ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հաւանական ներգրաւման հնարաւորութիւններուն վրայ։

Ուրբաթ, Մայիս 7, 2021