ԻՆՉԻ՞ ԿԸ ԾԱՌԱՅԷ ՀԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ, ԵՐԲ ԱՆ ՉԻ ՔԱՋԱԼԵՐԵՐ ՀԱՅԱԳԻՏՈՒԹԵԱՄԲ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒՈՂ ԱՇԱԿԵՐՏԸ
Ծափահարութիւններէ ու «կեցցէ՛»ներէ անդին...
Յանուն անկեղծութեան ու ճշմարտութեան պէտք է ըսեմ, որ այսօր՝ տարիներ ետք, քիչ մը դառնութեամբ կը յիշեմ կեանքիս յատկապէս ա՛յն շրջանը, երբ որպէս մասնագիտութիւն ընտրած ըլլալով հայագիտութիւնը՝ շարունակ «գրոհի կ՚ենթարկուէի» աջէն ու ձախէն:
Այս «գրոհներուն» պարագլուխը իմ ծնողներս էին: Անոնք, կը ցաւիմ, միշտ ականջ կու տային դուրսի անհեթեթ «ըսի-ըսաւ»ներուն: Զիս ալ կը փորձէին ամէն գնով համոզել, թէ հայագիտութիւնը ճիշդ ընտրութիւն չէ, եւ անհրաժեշտ է ուրիշ մասնագիտութիւն մը ընտրել՝ լաւ ապագայ մը հիմնելու համար:
Մարդ պէտք է իրաւամբ պողպատէ ինքնավստահութիւն ունենայ դիմակալելու համար ծնողական այսօրինակ «գրոհները»: Եւ լաւ է, որ ունէի այդ պողպատէ ինքնավստահութիւնը, մա՛նաւանդ ինքնաճանաչումը: Իսկ եթէ հակառակ պարագային չունենայի՞,- թերեւս «գրոհներու» բեռան տակ տնտեսագէտ դառնայի այսօր:
Արդ, ծնողներէս բացի կային բուն «գրոհներուն» մասնակցողներ եւս, որոնցմէ պէտք է մասնաւորաբար առանձնացնել իմ հայագիտական դասանիւթերու ուսուցչուհիներէս մէկը,- չէ՛, սխալ չկարդացիք, հայագիտակա՛ն,- որ ամէն ինծի հանդիպելուն կը սկսէր գլխուս «քարոզ» կարդալ՝ ջանալով հասկցնել, թէ «ես ըրի, դուն մի՛ ըներ, տղա՛ս» (դժուար չէ կռահել, որ երբ հայերէնի ուսուցչուհիդ քաջալեր չի հանդիսանար քեզի, միւս ուսուցիչ-ուսուցչուհիներդ երէկուընէ... ինչպէս կ՚ըսեն):
Բայց «քարոզները», որքան ալ ազդեցիկ ըլլային անոնք, ոչինչ կ՚ըսէին ինծի, վասնզի ես ի սկզբանէ գծած էի իմ ճամբաս. այսինքն՝ թէկուզ ամբողջ աշխարհը յանկարծ փուլ գար, ես պիտի չշեղէի իմ ուղիէս, որովհետեւ լաւապէս գիտէի, որ հայագիտութիւնը ոչ թէ ընդամէնը պարզ մասնագիտութիւն, այլ ուղղակի ճակատագիր էր ինծի համար:
Սակայն թոյլ տուէք նշել անուն մը՝ ինծի համար մեծապէս սիրելի,- որովհետեւ եթէ չյիշեմ զայն, ապա ապերախտ գտնուած պիտի ըլլամ անոր հանդէպ,- որ հօր մը պէս թեւ ու թիկունք կանգնեցաւ ինծի մինչեւ վերջ, իր օգտակար խորհուրդներով ուղղութիւն ցոյց տուաւ ու շարունակեց կապի մէջ մնալ ինծի հետ նոյնիսկ շրջանաւարտ ըլլալէս ետք. ան ուրիշ մէկը չէր, եթէ ոչ «Զարթօնք» օրաթերթի երկարամեայ խմբագիր, Հայոց պատմութեան ու գրականութեան վաստակաւոր ուսուցիչ յարգարժան պրն. Պարոյր Աղպաշեանը:
***
Արդ, պիտի չճառախօսեմ հայ վարժարանի առաքելութեան մասին, որ ծանօթ երգ մըն է բոլորիս համար: Մանաւանդ որ ալ առաքելութիւն կոչեցեալը բոլորովին խեղաթիւրուած ու այլակերպուած հասկացութիւն մըն է այսօր: Ան ընդամէնը թաքստոց մըն է, ուր խոհեմաբար կը պահուըտին հայ վարժարանի գլուխը անցած անձինք:
Չշարունակեմ. ամէն բան հասկնալի է:
Իրողութիւնը այն է, որ այժմ կան հայագիտութեամբ հետաքրքրուող թէկուզ ոչ այնքան շատ աշակերտներ,- յամենայն դէպս կան,- որոնք կարիքը ունին ոչ այլ ինչի, քան յարատեւ ու մշտագոյ նեցուկի:
Անշուշտ առաջին հերթին ո՞վ նեցուկ պիտի կանգնի անոնց, եթէ ոչ նոյնինքն հա՛յ վարժարանը, շատ անգամ նոյնիսկ անոնց ծնողներէն առաջ (ինչպէս գիտէք, ծնողները միշտ ու միշտ վերջին քաջալերողը կ՚ըլլան այս պարագային):
Սակայն ցաւով պիտի նշեմ, որ այսօր հայ վարժարանը երբեք մեր գիտցածը չէ, քանզի իր ուսերուն դրուած պարտականութիւնը ըստ ամենայնի չի կատարեր ան. ի՞նչ կը նշանակէ «պարտականութիւն»,- ամէն բանէ առաջ՝
ա) քաջալեր հանդիսանալ այն աշակերտներուն, որոնք մասնաւոր սէր եւ կամ հակում ունին հայ գրականութեան ու պատմութեան հանդէպ, միով բանիւ՝ յատուկ ուշադրութեան ու գուրգուրանքի արժանացնել զանոնք, կապ հաստատել լեզուաբաններու, գրականագէտներու, այլեւ գրողներու հետ՝ խնդրելով, որ «տէր դառնան» անոնց,
բ) աւելի բարձր ու կարեւոր համարել հայերէնը միւս բոլոր դասանիւթերէն, մէկէնիմէկ չնուազեցնել անոր յատկացուած դասաժամերը, այլ, ընդհակառակն, նոյնիսկ աւելցնել, որքան կարելի է,
գ) զգալապէս բարձրացնել հայ ուսուցիչին ամսավարձը եւ զայն աչքի լոյսի պէս պահել ու գուրգուրալ անոր վրայ (հայ ուսուցիչը, բաղդատած միւս ուսուցիչներուն հետ, ամենացած ամսավարձը կը ստանայ, որքան գիտեմ):
Մինչդեռ այս բոլորին հակառակ կը գործէ հայ վարժարանը:
Լա՛ւ, այս պարագային ինչո՞ւ հա՛յ վարժարան, երբ կարելի է առանց վարանումի զայն անուանել արաբական, յունական ու չինական: Ա՜հ, կը ներէք, սա չափազանցութիւն եղաւ, չէ՞:
Այո՛, այո՛, չափազանցութիւն եղաւ:
Ըսելիքս...
Կան որոշ աշակերտներ, որոնք անպայման կարիքը չունին նեցուկի ու քաջալերանքի, քանի որ գիտեն, որ իրենք,- թէեւ չեմ սիրեր այս բառը, բայց պիտի գործածեմ,- կոչում ունին: Անոնք իրենց յաջողութիւնը կը տեսնեն միայն ու միայն հայագիտութեան մէջ եւ պատրաստ են ամէն խոչընդոտ յաղթահարելու անոր սիրոյն: Սակայն բոլորը այսպէ՞ս են,- ի հարկէ ո՛չ: Կան այնպիսիք, որոնք չունին այդ պողպատէ ինքնավստահութիւնը կամ ինքնաճանաչումը եւ առանց ուրիշի մը ցուցումներուն անկարող են իրենք իրենց որոշում կայացնելու:
Ուրեմն...
Հայ վարժարանը ինք պէտք է «պարտաճանաչ» ըլլայ եւ «որբ» ու «անտէր» չձգէ զանոնք: Ո՜վ գիտէ, թերեւս անոնց մէջէն ապագայ հայագէտներ, խմբագիրներ ու մինչեւ իսկ գրողներ ելլեն:
Չէ՞ք կարծեր:
***
Ինչո՞ւ այս յօդուածը:
Որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով մորթիս վրայ զգացի մարդուժի տագնապայարոյց պակասը, որ մե՛րն է: Պատկերացուցէ՛ք, ես որ երբեք չեմ սիրեր «նոյն երգերը» գեղգեղել, բայց այս անգամ, կը ներէք, ստիպուած եմ:
Կը զարմանամ:
Երբ այսօր կարիքը ունինք ոչ միայն հայերէնի լաւ ու կարող ուսուցիչներու, այլ նաեւ խմբագիրներու, գրողներու, լրագրողներու եւ այլն, չեմ հասկնար ու չեմ ըմբռներ, թէ ինչպէ՛ս հայկական վարժարանները ուղղակի թէ անուղղակիօրէն կը փորձեն տարհամոզել ապագայ մեր հայագէտները կոչուած ըլլալու աշակերտները՝ ըսելով, թէ «հայագիտութեամբ կարելի չէ տուն-տեղ ըլլալ, ընտանիք կազմել»:
Պիտի չերկարեմ խօսքս:
Կարճ-կտրուկ պիտի պատասխանեմ այսպէս մտածողներուն:
Երբ ապրանք մը հազուագիւտ է շուկային մէջ,- հանճար ըլլալու պէտք չկայ՝ այս մէկը գիտնալու համար,- անոր սակագինը ինքնաբերաբար կը բարձրանայ: Հետեւաբար այսօր հայագիտական աւարտողը ինքնին արժէք կը ներկայացնէ, եւ կարելի չէ, որ անգործ մնայ ան:
Իսկ եթէ ան աշխատասէր է ու նպատակ դրած է աւելին լաւ հասնելու, այսինքն՝ լեզուն բարելաւելու եւ հարստացնելու, նորանոր գիտելիքներ ամբարելու եւ կատարելագործուելու, ապա շա՛տ, շա՛տ աւելի լաւ:
Որովհետեւ, ինչպէս գիտէք, «տաշուած քարը գետին չի մնար»։
ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ