ԵՐԲ ՄԱՅՐ ՄԸ…
Աշխարհի վրայ ամենաքաղցրն է մօրը սէրը, որ չի ճանչնար սահմաններ։ Մայր մը՝ իր զաւկի ծնունդով, ընդմիշտ կը դադրի «երեխայ» մը ըլլալէ։ Զաւկի նկատմամբ անփոխադարձ սիրոյ հետ միանգամայն զինք կը պատէ նաեւ զոհողութեան, համբերատարութեան, հանդուրժողականութեան զգացումները։
Աշխարհի վրայ միակն է մայրը, որ զաւկի նկատմամբ չար բան չի մտածեր, փոխադարձ սէր չի պահանջեր։ Մայրը համբերող է, չի նախանձիր, չի գոռոզանար, անվայել վերաբերմունք չի ցուցաբերեր, անիրաւութեան չ՚ուրախանար, այլեւ կ՚ուրախանայ արդարութեան եւ ճշմարտութեան։
Յաճախ կը խօսուի մայրերու՝ իրենց զաւակներու նկատմամբ ցուցաբերած զոհողութիւններու մասին։ Այդ զոհողութիւնները անթիւ են, անհամար, երբեմն «աներեւելի», անտեսանելի, բայց երբ անդրադարձ կատարուի անոնց, իւրաքանչիւր անգամուն աւելի ու աւելի կը բարձրանայ, կ՚աճի մօրը նկատմամբ սէրն ու յարգանքը։
Ընթրիքի սեղանին վրայի պնակին մէջ, միշտ կը մնայ կոլոլակ մը, որ այդպէս կը սպասէ, ոչ ոք կը համարձակի առնելու։ Եւ այդ վերջին կոլոլակը ակնթարթային արագութեամբ, մօրը պատառաքաղի ծայրէն ձեր առջեւ կը դրուի՝ պնակի խոհանոց տարուելէ անմիջապէս առաջ…
Մայրեր կ՚ընեն այս մինչեւ իրենց կեանքի վերջին պահը՝ անկախ իրենց զաւկի տարիքէն։ Որքան շատ որ ալ ըլլայ, այդ վերջին կոլոլակը միշտ կը պատկանի իրենց զաւկին։ Ամէն անգամ, երբ այդ «վերջին կոլոլակը» յիշուի, մարդս կը պատէ քիչ մը դառն, քիչ մը քաղցր զգացումներ, քիչ մը յուզում, քիչ մը երանութիւն, բայց մասնաւորապէս՝ կարօտ։ Իրապէս, ոչ ոք առանց փոխադարձի սպասելու, անկեղծութեամբ չի կրնար «զոհել» իրենց վերջին կոլոլակը։ Մայրերու զոհողութիւններու ծովու մէջ այս օրինակը կաթիլ մըն է միայն։ Որոշ ժամանակ չես գիտակցիր այդ «վերջին կոլոլակի» արժէքին, բայց երբ յիշես, կաթիլ մը կը սահի այտերէդ, խառն զգացումներ կը պատէ հոգիդ… Այդ զոհողութիւնները յաճախ տեսանելի կը դառնան, ջուրի երես կ՚ելլեն, երբ կը բացակայի մօր մը ներկայութիւնը…
Երբ մայր մը հեռանայ, իր ետին կը թողու անհամար «որբ»եր. խոհանոցը, սառնադարանը, վարագոյրը, կարի տուփի կոճակները, խնամքով պահպանուած հագուստները, զգեստները, գզրոցի ժապաւէնները, պատուհանի առջեւ շարուած թաղարները, լուսանկարի շրջանակները… Այլեւս կը դադրին առաւօտուն խոհանոցէն եկած ձայները, «որբ» կը մնան պնակեղէնները… Տունը կը շրջապատէ խաւարը, լռութիւնը…
Երբ մայր մը հեռանայ, քանի՞ հոգի հեռացած կ՚ըլլայ. բանուոր մը, մաքրող մը, խոհարար մը, խնամող մը, պարտիզպան մը, հաշուապահ մը, հոգեբան մը…
Երբ մայր մը հեռանայ, կը հեռանայ նաեւ ընկեր մը, սիրահար մը, գաղտնապահ մը…
Որքան մարդ կ՚ոչնչանայ, երբ հեռանայ մայր մը…Դրան շեմին այլեւս չ՚իմացուիր «զգոյշ եղի՛ր», «երեկոյեան մի՛ ուշանար» խօսքերը…
Երբ մայր մը հեռանայ, իրապէս շա՜տ մարդ կ՚անհետանայ։
Երբ մայր մը հեռանայ, իր ետին կը թողու բազում «որբ»եր…
Երբ մայր մը հեռանայ, մարդ կը զգայ քանի մը ամսական երեխայի նման խոցելի, թոյլ, անօգնական, կարիքաւոր, փխրուն, զգայուն…
Երբ մայր մը հեռանայ, կը կորսուի թէ՛ անցեալը, թէ՛ ներկան եւ թէ ապագան… Կանգ կ՚առնէ ժամանակը, իմաստ մը չեն ներկայացներ ժամացոյցի սլաքները… Կը տժգունին ամենափայլուն երանգները…
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ