ՆՈՐ ՀԱՐԹՈՒԹԻՒՆ (12)

Նախագահ Ճօ Պայտընի յայտարարութիւնով երբ հայկական հարցը նոր հարթութիւն մը թեւակոխած է, յառաջիկայ շրջանին սա ի՞նչ անդրադարձ կրնայ ունենալ թրքահայութեան վրայ։ Սպիտակ տունէն հրապարակուած պատգամը հայկական հարցի ուղղակի կամ անուղղակի բոլոր դերակատարներուն տեսակէտէ նոր իրավիճակ մը ստեղծած է։ Ուաշինկթընի առած քայլէն վերջ նախագահ Էրտողանի կատարած յայտարարութիւններուն մէջ շատ ուշագրաւ արտայայտութիւններ կային թրքահայութեան մասին։ ԱՄՆ-ի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ, Թուրքիոյ Հանրապետութեան հայազգի քաղաքացիները երկրէն ներս առանձնայատուկ վերաբերմունքի արժանացան։ Ինչպէս Անգարայի ղեկավարութիւնը, այնպէս ալ թրքական ազդու զանգուածային լրատուութեան միջոցներ եւ հասարակական լայն շրջանակներ կոչեր հնչեցուցին երկրէն ներս միասնականութեան երաշխաւորման համար՝ ստեղծուած ցասումի ալիքէն խնայելու համար հայազգի քաղաքացիները։ Սա շատ կարեւոր եւ անանտեսելի հանգամանք մըն էր՝ մա՛նաւանդ, որ չէին պակսեր նաեւ այդ ոգիէն բաւական հեռու շրջանակներ։

Նախագահ Էրտողանի յայտարարութիւնները ո՛չ միայն այդ ոգին ցոլացուցին, նաեւ առանձնացան ուրիշ երեւոյթներու լոյսին տակ։ Արդարեւ, տասնամեակներ շարունակ Անգարայի կողմէ հայկական հարցի շուրջ որդեգրուած պաշտօնական խօսոյթի տրամաբանութենէն դուրս քայլ մը առած առաջին ու միակ ղեկավարը կը մնայ Էրտողան։ Իր իշխանութեան օրով սկսան հրապարակուիլ 24 Ապրիլի պատգամներ։ Էրտողանէն առաջ Թուրքիոյ ոեւէ ղեկավար 24 Ապրիլին յայտարարութիւն մը չէր ըներ։ Այս տեսանկիւնէն ան հիմնական նորութիւն մը մտցուց թրքական քաղաքականութեան մէջ։ Այդ պատգամներու հրապարակումէն առաջ Էրտողան առիթով մը ընթացիկ թուական որակած էր Ապրիլի 24-ը։ Այդքանով հանդերձ ան նախաձեռնեց այդ պատգամներու հրապարակման։ Սա Թուրքիոյ կողմէ՝ հայկական կողմի ռեֆերանսով առնուած միակ քայլն էր։ Տասնամեակներու հոլովոյթին մէջ Անգարա երբեք հայկական կողմի յղումներով չէր առաջնորդուած։ Այս բացառութիւնը, ուստի, անանտեսելի բնոյթ մը ունէր։ Յամենայնդէպս, այդ պարագան պատշաճ արձագանգ մը չունեցաւ եւ ըստ արժանւոյն չգնահատուեցաւ։ Անակնկա՞լ էր, որ այդ յայտարարութիւններու բովանդակութեան մէջ թրքական կողմի մօտեցումները եւ քաղաքականութեան դրսեւորումները պիտի շարադրուէին։ Հայկական կողմը այդ պատգամները միշտ ընկալեց՝ որպէս ուրացման քաղաքականութեան դրսեւորում։ Ճիշդ է, որ դէպքերու որակումը որոշ տրամաբանութիւն մը կը ցոլացնէ, սակայն, խնդրի զուտ այդ հարթութեան վրայ դիտարկումը, ըստ երեւոյթին, որոշ չափով մակերեսայնութիւն մը ստեղծեց։ Այս բոլորը, բնականաբար, քննարկման եւ տարբեր արժեւորումներու բաց դիտարկումներ են։

Պայտընի հրապարակած պատգամէն վերջ Էրտողան յայտարարութիւններուն մէջ այս տեսանկիւնէն ուշագրաւ խօսքեր ըսաւ. «Մեր երկրի հայ համայնքը, աշխարհի ընդհանուր գործադրութիւններուն զուգահեռ ձեւով, այս թուականը իւրացուցած է՝ որպէս իր ցաւերը վերյիշելու օր։ Մենք ալ, իրականութեան մէջ այդ թուականին ինչ պատահած ըլլալը գիտնալով հանդերձ, հայկական համայնքի նախընտրութիւնը յարգելով՝ միջոցէ մը ի վեր կ՚ուղարկենք պատգամ մը, որով անոր ցաւը կը բաժնենք»։

Այս խօսքերը նախագահ Էրտողանի կողմէ շատ թէժ իրավիճակի մը մէջ արտայայտուեցան։ Չէին կրնար պատահաբար ըսուած ըլլալ։ Եւ նման հրատապ փուլի մը մէջ նախագահին կողմէ կատարուած բանաձեւումները պէտք է հաշուարկուին երկարաժամկէտ ձեւով։

Հայկական հարցին նկատմամբ ուղղակի կամ անուղղակի շահագրգռութիւն ցուցաբերած աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրները համապատասխան քաղաքականութիւնը ձեւաւորելու ժամանակ՝ որպէս գործօն հաշուի կ՚առնեն այն մեծաթիւ կամ փոքրաթիւ հայկական համայնքը, որ կ՚ապրի տուեալ երկրին մէջ։ Սա հասկնալի երեւոյթ մըն է, նաեւ անվիճելի խաղաքարտ մը։ Անշուշտ, Թուրքիան ալ ունի այդ խաղաքարտը։ Աշխարհի բոլոր երկիրներու հայկական համայնքներուն բաղդատմամբ՝ այս առումով առանձնայատուկ դիրք մը ունի թրքահայութիւնը։ Տասնամեակներու հոլովոյթին մէջ թրքական կողմը ուշագրաւ ձեւով օգտուած է այդ խաղաքարտէն։ Պայտընի յայտարարութենէն վերջ Էրտողանի արտասանած խօսքերը հայկական հարցին տեսակէտէ ուշագրաւ իրավիճակ մը կը ստեղծեն թրքահայ համայնքին համար։ Էրտողանի շեշտադրումը՝ երկրի հայ համայնքի նախընտրութիւնը յարգելու շուրջ, կրնայ վերագրուիլ պատգամի մը, ըստ որու թրքահայութիւնն ալ նոր հարթութեան մը վրայ պիտի ըլլայ այս խնդրին մէջ։ Որպէս արեւմտահայութեան մեծ ժառանգութեան իրաւայաջորդ՝ պետութիւնը կրնայ ակնկալել աւելի տարբեր դիրքի մը վրայ տեսնել թրքահայութիւնը։ Անշուշտ, ըստ իրադարձութիւններու շարունակութեան, այդ բոլորը պիտի յստականան, սակայն, միւս կողմէ, լաւ կ՚ըլլայ, որ համայնքն ալ այժմէն մտածէ այդ մասին եւ կամ նոյնիսկ մտովին պատրաստութիւն տեսնէ։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

- ՎԵՐՋ -

Երեքշաբթի, Մայիս 11, 2021