ՍԹԱՓՈՒԹԵԱՆ ԱՊՏԱԿ
Մերձաւորի մը ապտակը ոչ թէ պատիժի, այլ սթափութեան նշան մըն է: Երբ մենք կը կորսնցնենք ինքզինքնիս, կը յայտնուինք սխալ ուղիի մը վրայ, կը գլորուինք դէպի անդունդ, ուշքի գալու համար մեզի անհրաժեշտ կ՚ըլլայ այդ ապտակը: Ցասումի մէջ յայտնուածը հուժկու հարուածէն կարգի կը հրաւիրուի: Քանզի ցաւը կը ստիպէ վերանայիլ քայլերդ:
Ոչ մէկ ծնող իր զաւկի վրայ անտեղի կը բարկանայ, կը սաստէ զայն, ձեռք կը բարձրացնէ անոր: Երեխան վտանգներէ, սխալ ուղիներէ ետ պահելու համար կը դիմէ խիստ միջոցներու: Իսկ եթէ առաջին նախատինքէն ան դասեր չքաղեց, կը դիմէ աւելի խիստ միջոցներու: Այսպիսով ծնողը ոչ թէ կը պատժէ, այլ սթափութեան կոչ կ՚ուղղէ: Ասիկա կեանքի օրէնքն է՝ բոլորիս յայտնի:
Վերջերս այդպիսի ապտակ մը ստացանք մեր երկնաւոր Հօրմէ: Սակայն այդ ապտակը մեծաւ մասամբ չստիպեց շատերու նայիլ իրենց հոգիներու խորքը: Ըսել է, թէ սա ապտակէն դասեր չքաղեցինք: Բարիանալու փոխարէն աւելի չարացանք: Ապտակը ընդունեցինք որպէս անհիմն պատիժ, այլ ոչ սթափութեան կոչ:
Կ՚ըսեն, թէ ծնողը ծնող է: Եթէ ծնողդ ողջ է, ուրեմն դուն երեխայ ես եւ բնաւ կապ չունի, թէ այլեւս քանի տարեկան ես: Սիրելի՛ մարդիկ, իմ շատ սիրելի՛ հայեր, մենք բոլորս ունինք ընդհանուր ծնող մը, զոր մեզ ամենէն շատ կը սիրէ, եւ մեզմէ իւրաքանչիւրի համար կը ցանկայ ամենալաւն ու բարին: Ան միշտ պատրաստ է մեզ ներելու, ունկնդրելու, սիրելու, փայփայելու, գուրգուրալու, պաշտպանելու…: Այդ մէկը Աստուած է՝ մեր երկնաւոր Հայրը:
Տէրը ողորմած է ու գթասիրտ: Աստուած սէր է եւ Ան մեզմէ միայն մէկ բան կը սպասէ ու կը պահանջէ՝ հնազանդութիւն: Իմ հայ ժողովուրդ, գիտեմ՝ մենք բոլորս կ՚ապրինք ծանր ժամանակներ: Մեզի կը թուի, թէ հողը կը փախչի մեր ոտքերու տակէն, ամբողջ աշխարհի մէջ մնացած ենք մէնմենակ ու անպաշտպան: Սակայն այդպէս չէ: Մեզի հետ է Տէրը՝ երկրի ու տիեզերքի Արարիչը: Աստուած պատրաստ է մեզ ամէն վայրկեան ներելու ու գրկաբաց ընդունելու. մեզմէ սպասելով ընդամէնը մեղքերու խոստովանութիւն ու թողութիւն: Ինչպէս որ մեր ծնողներու ներողամտութեան արժանանալու համար պարտաւոր ենք մենք սխալ քայլերու կամ վարքագծի համար վերջիններէս ներողութիւն հայցել, նոյնպէս ալ պարտաւոր ենք մեր Տիրոջմէ խնդրելու:
Սա ցաւոտ ապտակէն պէտք չէ նեղանալ, վրդովիլ, առաւել եւս չարանալ: Ընդհակառակը, պէտք է նայիլ մեր հոգիի խորքը եւ այնտեղ փնտռել մեր սեփական մեղքերը ու փորձել շտկել զանոնք: Մեղքեր, որոնց պատճառաւ այսօր մեր երկիրը օտարացած է:
Մեր մեղքերը այնքան շատ են, որ այլեւս հասած ենք ովկիանոսի յատակը: Իմ ջերմ ու բարի հայրենակիցներ՝ Հայաստանի եւ Արցախի սահմաններուն մէջ եւ դուրս, դադարեցէ՛ք անիծելէ, գանգատելէ, հայհոյելէ, չարախօսելէ, նախանձելէ, դժգոհիլէ, նոյնիսկ անկէ, որ մեզ հասցուց այս վիճակին: Ապաւինեցէք Աստուծոյ եւ խնդրեցէք, որպէսզի ըլլայ Տիրոջ կամքը: Դադարեցէք Տէրը շահագործելէ: Այո՛, մենք կը շահագործենք զԱստուած: Վերջինիս մասին կը յիշենք միայն այն ժամանակ, երբ կը յայտնուինք անելանելի իրավիճակի մը մէջ: Կա՛մ կը խնդրենք, որ Բարձրեալը իրականացնէ մեր փափաքները, կապ չունի թէ այդ իղձերը բարի են, թէ ոչ: Կամ մենք բնոյթով կը համապատասխանենք, կրնանք տանելի դարձնել, ըլլալով ներդաշնակ մեր իղձերու հետ: Ձեր տուները աստղաբաշխական գիներով մի՛ վարձէք ձեր տառապեալ հայրենակիցներուն, որոնց տակաւին կը հետապնդէ դաժան պատերազմի ուրուականը: Մի՛ չարաշահէք դիմացինի բարութիւնն ու առատաձեռնութիւնը, առաւել եւս Տիրոջ ողորմածութիւնն ու գթասիրտութիւնը:
Փորձեցէք ճանչնալ ու սիրել զԱստուած: Պարզապէս պէտք է ցանկութիւն եւ Տէրը կ՚ուղղորդէ ձեզ: Այլեւս Աստուած իր մասին կը պատմէ Սուրբ Գիրքի՝ Աստուածաշունչի մէջ: Տիրոջ տան դռները միշտ բաց են մեզի համար: Աստուծոյ ծառաները պատրաստ են օգտակար ըլլալու Տիրոջ սիրելիներուն: Առանց հոգեւորական մը ճանչնալու, մի՛ շտապէք վատաբանել: Ինքզինքնիդ անոնցմէ մի՛ հեռացնէք, փորձեցէք գտնել ձեր հոգիին յարմար, նուիրեալ Տիրոջ ծառայ մը: Այդպիսիք կան եւ քիչ չեն, պարզապէս պէտք է փնտռել ու գտնել, կամ խնդրել Տիրոջմէ եւ Ան ձեր դիմաց կը հանէ այդպիսի մէկը:
Սիրեցէ՛ք եւ գործեցէ՛ք բարին:
Ինչ որ ցանես այն ալ կը հնձես: Բարին ընդ ձեզ:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան