ՄԱՅԻՍ 19-Ի ԱԹԱԹԻՒՐՔԻ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ, ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԻ ՏՕՆԸ

Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այսօր կը նշուի Մայիս 19-ի տօնը։ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի ոգեկոչման եւ Երիտասարդութեան տօնը այս տարի եւս կը նշուի քաղաքացիական խոր գիտակցութեամբ։ Մեծն Աթաթիւրքի Սամսուն ելքի 102-րդ տարեդարձը առիթ դարձած է, որ ամբողջ երկիրը համակուի տօնական բարձր տրամադրութեամբ, հակառակ համաճարակի մթնոլորտին։

Պետական աւագանիին կողմէ պատգամներ ալ հրապարակուած են Մայիս 19-ի առթիւ։

Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան, ազգային ազատագրական պայքարին տեսակէտէ անկիւնադարձային իրադարձութիւններու խորհրդանշանն է այս մեծ տօնը, որու կապակցութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան ընդգծեց, որ 19 մայիս 1919 թուականին Մեծն Աթաթիւրք ազգային ազատագրական պայքարի սկիզբը դրած էր՝ թուրք ազգի ազատութեան նկատմամբ տածած հաւատքէն առած ուժով։ Թուրք ազգը հայրենիքն ու դրօշակը պաշտպանած է՝ դիւցազնային յաղթանակով մը։ Ազգային ազատագրական պայքարէն ի վեր երիտասարդութիւնը ամէն շրջանին դրսեւորած է հերոսութիւն եւ գործադրած է ջանքեր, ինչ որ կու գայ ի յայտ բերել, թէ ան մեր երկրի յոյսն է։

Այսօր ալ մարդակեդրոն, գիտութեան հետամուտ քաղաքակրթութեան տուած ուժով եւ երիտասարդութեան ուժանիւթով երկիրը կը ջանայ փառքը հիւսել իր փառաւոր յաղթանակներուն ու կը ձգտի 2023 թուականի եւ աւելի հեռաւոր ապագայի ուղղեալ նպատակներուն։ Նախագահը համոզուած է, թէ երիտասարդութիւնը պիտի շարունակէ միջազգային եւ ազգային գետնի վրայ յաջողութեամբ եւ ամուր ձեւով ներկայացնել մեր երկիրը՝ տէր կանգնելով տեսլականին, նպատակին եւ արժէքներուն։

Էրտողանի պատգամին մէջ շեշտուած է, որ բոլոր բնագաւառներու մէջ Թուրքիա իր ռազմավարութիւնը դաշտի վրայ եւ սեղանի գլուխ կը գործադրէ ազգային ու տեղական հնարաւորութիւններով։ Երկիրը հաստատակամ կ՚ընթանայ դէպի իր նպատակները, այս գործընթացին մէջ կը հպարտանայ երիտասարդութեան նպաստով ու յաջողութիւններով ու միշտ խոր հաւատք կը տածէ անոր նկատմամբ։ Կ՚ակնկալուի, որ երիտասարդութիւնը լաւագոյնս արժեւորէ բոլոր մարզերու մէջ իրեն ի սպաս դրուած հնարաւորութիւնները։ Ըստ Էրտողանի, Թուրքիա որքան որ մեծնայ, որքան որ ամրանայ տարածքաշրջանային եւ համաշխարհային առաջատար դերակատար դառնալու ճանապարհին, որքան որ յառաջանայ, այնքան աւելի հնարաւորութիւններ պիտի ընձեռէ երիտասարդութեան։ Էրտողան համոզուած է, թէ երիտասարդութիւնը պիտի ջանայ հաւատարիմ մնալ իր պատասխանատուութիւններուն ո՛չ միայն սեփական ազգի նկատմամբ, այլեւ՝ աշխարհի չորս կողմերու հալածեալներու կողմէ Թուրքիոյ վրայ դրուած յոյսերն ու Թուրքիոյ նկատմամբ տածուած վստահութիւնը արդարացնելու տեսակէտէ։ 

Հուսկ, նախագահ Էրտողան պատգամին մէջ շնորհաւորութիւններ յղած է օրուան տօնին առթիւ եւ յարգանքով ոգեկոչած՝ Անկախութեան պատերազմի բոլոր հերոսները՝ գլխաւորութեամբ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի։

Չորեքշաբթի, Մայիս 19, 2021