ԸՆՏՐԵԼ ԿԱՅ… ԵՒ ԸՆՏՐԵԼ ԱԼ ԿԱՅ…

Շուտով մեր հայրենիքէն ներս տեղի պիտի ունենայ Ազգային ժողովի նոր ընտրութիւն:

Արդ, այս տողերով կ՚ուզեմ դարձեալ կամուրջ մը նետել, կամ ունեցած կամուրջիս վրայով հասնիլ եւ կապուիլ անխտիր բոլոր ընթերցողներուս, որպէսզի օրուան խորհուրդին մէջ փաթթուած, կրկին պարզեմ միտքս:

Ըսեմ, որ այս անգամ եւս մտահոգ բառերով կ՚առաջնորդուին տողերս, որովհետեւ այս օրերուն Հայաստանէն ներս խառնաշփոթ վիճակ մը գոյութիւն ունի: Տեսակ մը անհամ եւ անստոյգ մթնոլորտ: Իր կարգին, աշխարհն ալ մօտիկէն եւ ապշահար մեզ կը դիտէ, որովհետեւ կարծես, թէ մե՛նք մոռցած ենք, որ կը պատկանինք այսօրուան, եւ որ ա՛յս օրը կը պահանջէ յատուկ նպատակակէտ:

Բայց անկախ ասկէ, յիշեցնելու ճամբով ըսեմ, որ բոլորս ալ հոգիով լեցուն ժողովուրդի մը մաս կը կազմենք անխտիր, եւ որ հայ կը կոչուի: Սփիւռք ու Հայաստան, միասին ապրած ենք եւ տակաւին կ՚ապրինք հայ ըլլալու եւ մնալու հաճելի եւ դժուար փորձառութիւնը: Բայց անմեղօրէն չեմ գիտեր, թէ մենք բոլորս ալ որքանով մեր պատմութիւնը կը ճանչնանք:

Վերեւ յիշեցի, որ մեր հայրենիքէն ներս ԱԺ-ի նոր ընտրութիւն տեղի պիտի ունենայ ու այս մէկը կ՚ենթադրէ նոր առիթ եւ անոր կողքին ալ՝ նոր յոյսեր:

Գիտենք, որ ապագայի ծրագրերով ապրող մարդը, առ հասարակ պէտք է աչքի առաջ ունենայ ոգեշնչող եւ անսակարկ նուիրումի օրինակը: Սակայն, այնպէս կ՚երեւի, թէ Հայաստանի ստեղծագործական աշխատանքը կը պահանջէ ո՛չ միայն նուիրում, այլ նաեւ բոլոր ներքին եւ արտաքին հարցերէն եւ խնդիրներէն ձերբազատուած ուղեղ: Նաեւ ըսեմ, որ ինչպէս ամէն երկրի մէջ, մեր մօտ ալ «ընտրութիւնը» նոր յոյսեր կը շարէ մարդկային կեանքի հորիզոններուն վրայ: Ուստի իբրեւ ընտրող քաղաքացի, կը կարծեմ, որ իւրաքանչիւր անհատ, պարտաւոր է ինքն իր դիմաց նստած, տեսակ մը հայելիի առջեւ, ինքզինքին հարց տայ, լաւապէս քննէ, լաւ կամ գէշ ճշդորոշէ, կշիռքի զարնէ ընտրութեան մասնակից թեկնածուն եւ անոր հրամցուցած առաջադրութիւնները: Բայց արդեօք քուէարկող հայրենակիցը, այս առթիւ քաջութիւնը պիտի ունենա՞յ ինքզինք դիտելու եւ վերարժեւորելու իր ինքնութիւնը:

Չեմ գիտեր: Իրեն հարցնելու ենք:

Անկեղծօրէն ըսեմ, որ հաւատքս պարզապէս երազի ու գեղեցկութեան փնտռտուք մըն է, որովհետեւ պէտք է գիտնալ, որ մանաւանդ ընտրութիւններու շրջանին եւ ամէն տեղ, բառը եւ անկէ կախուած խոստումը, միշտ ձրի եղած է...: Բայց նաեւ գիտեմ, որ զանազան պատճառներով, յայտնի եւ անյայտ պայմաններու բերումով, շատեր պիտի խուսափին նման աշխատանքէ մը: Արդ, պէտք է ըսել, որ շատեր իրենց դիմաց ներկայացուած առաջադրութիւններուն մէջ, յանդգնութիւնը կ՚ունենան իրենց ներաշխարհը պեղելու՝ սեւն ու ճերմակը դուրս բերելու համար: Ու նաեւ կը կարծեմ, որ այս վերջիննե՛րն են, որոնք միայն իրաւունք կ՚ունենան լաւատեսութեամբ դիմաւորելու ապագան, որովհետեւ կ՚ուզեն գիտնալ, թէ որո՞ւ պիտի տան իրենց ձայնը, իրենց վստահութեան քուէն, եւ թէ իրենց նախասիրած թեկնածուն ո՞ւր պիտի կարենայ հասցնել երկիրը, եւ կամ ինչե՜ր ծրագրած կամ որոշած է հայրենիքի փայլուն ապագային յատուկ:

Լաւ յիշենք.- աննպատակ գոյութիւն մը եւ կամ անիմաստ եւ թելադրուած «անուն» մը, ընտրելը անօգուտ է, թէ՛ անհատին, եւ թէ՛ հայրենիքին համար:

Արդ, կը յուսամ, եւ կը փափաքիմ, որ այս անգամ ընտրութիւնը ըլլայ ու անցնի խաղաղ, արդար ու նաեւ ոգեպնդիչ: Որովհետեւ, կարգ մը նախկին երեւոյթներ, որոնք դարձած են ցցուն եւ աչքառու, անհանգստացուցած են մեր բոլորին մտածումներն ու զգացումները: Անոր համար, շատ երկար կը մտածեմ հին ու նոր թեկնածուներուն անկեղծութեան, անոնց ներկայացուցած եւ առաջադրած ծրագիրներուն, եւ մանաւանդ ընելիք ու կատարելիք «նորութիւններուն» մասին:

Ու եթէ յանկարծ ինծի հարցնելու ըլլաք թեկնածուի հայու կերպարի մասին, ըսեմ, որ իմ կարծիքով այդ թեկնածուն, իբրեւ զարգացած միտք,  գիտակցութեան հասունութեան կողքին հաշտուած պէտք է, որ ըլլայ մեր երկրի ներկայ ցաւալի եւ վշտալի իրականութեան հետ: Նաեւ ան ըլլայ մտածող եւ արդարօրէն տրամաբանող եւ անպայման յաղթահարող մարտահրաւէրներուն  մասնակից դարձող անհատ: Ամէն հարցի քաջատեղեակ ե՛ւ մասնագէտ, ե՛ւ շրջահայեաց: Հայրենի մշակութային կեանքին ոչ միայն իրազեկ, այլեւ զարգացնող միտք: Նոր շունչով եւ բոլոր ներքին ու արտաքին հարցերուն ազգային արժանապատուութեան զգացումով մօտեցող անհատ: Պատասխանատու եւ վստահելի անձ: Ճիշդն ու սխալը զանազանող եւ դիրքորոշող քաղաքացի: Արժանին՝ արժեւորող եւ արդարը՝ արդարացնող պատգամաւոր: Այլ խօսքով, ազգային մեր կեանքի հեւքը նորոգող մը, որ միշտ նոր առիթներ եւ նոր յոյսեր պիտի բերէ իր հետ: Մէկը, որ պիտի փորձէ եւ ճգնի անպայմանօրէն եւ գործնականօրէն մասնակցիլ ազգին եւ պետականութեան նոր փայլք տուող եւ պահող ծրագիրներու իրականացումներուն:

Ըսեմ, որ ինծի համար հայ պետականութիւնը կը տարբերի բոլոր միւսներէն։ Մերինը չէ՛ հիմնուած աշխարհագրական գրաւումներու վրայ։ Մեր պետականութիւնը եւ մեր նկարագիրը հիմնուած են մեր հայկականութեան վրայ:

Ապա, միւս կողմէ, եթէ հարց տրուի, թէ ընտրող քաղաքացին ի՞նչ պէտք է ընէ.- ըսեմ, պարզապէս նախ պէտք է, որ վերահաստատէ սեփական իր արժանապատուութեան զգացումը եւ ապա անցնի քուէարկութեան: Ու ան պէտք է նաեւ լաւ գիտնայ, որ ներկայ համակարգի փոփոխութեան պահանջը ո՛չ նախագահէն եւ ո՛չ ալ վարչապետէն կամ ընդդիմութենէն եւ կամ իշխանութիւնէն կախեալ է: Այլ միայն իրմէ, ընտրող կամ քուէարկող  քաղաքացիէն: Անկեղծօրէն կը կարծեմ, որ այս ընտրութիւնը ճակատագրական պիտի ըլլալ մեզի համար, որովհետեւ այսքան երկար ու շատ վնաս-կորուսներէ ետք, կը հաւատամ, որ ան պիտի կարենայ մեր երկրին վերադարձնել իր իրաւ ազգային դիմագիծը: Ու այս մէկը միայն կրնայ իրականանալ մեր հայրենի քաղաքացիին սթափումի ճիգով, անոր՝ մտքի նոր կոփումով, անոր՝ արդար ղեկավարի մը ճշգրիտ ընտրութեան ճամբով: Մէկ խօսքով՝ անոր հայու արդար խղճի ձայնէն ծնած քուէով:

Այս մասին, օրին եւ միշտ խօսած, գրած, կարդացած եւ զրուցած ենք:

Բոլորս ալ վաղուան արդար իրականութեան կը հաւատանք: Նաեւ կը հաւատանք, որ մեր ժողովուրդը իր կենցաղով եւ արդարամտութեամբ պիտի կարենայ հաստատել այս անգամ  իր ինքնութիւնը: Սակայն՝ ինչ որ ալ ըսենք եւ ցանկանք անիմաստ է, որովհետեւ նման մտքի շարունակութիւնը կախեալ է իրմէ, մի միայն հայրենի քուէարկող քաղաքացիէն:

Հաւատացէ՛ք, երկար տարիներ եղած եմ լաւատես եւ կը ցանկամ, մնալ այդպիսին, սակայն… այս մէկուն ներկայութիւնը, ինձմէ կախեալ չէ: Սփիւռքը ուժեղ է, կ՚ըսենք եւ կը կրկնենք, երբ հայրենիքն է զօրաւոր։ Հազար անգամ շեշտած ենք այս վարկածը, անշուշտ, եթէ կարդացող կամ լսող եղած է:

Ու բոլորիս համար այս ընտրութիւնը էական է, որովհետեւ անոր արդիւնքէն կարելի պիտի ըլլայ որոշել աշխարհի ազատամիտ ու զարգացած ժողովուրդներու շարքին մեր գոյութեան շարունակութիւնը: Վերջ ի վերջոյ, ալ կը բաւէ այսքան չարչարանք, զրկանք, նախատինք եւ ֆիզիքական ու հոգեկան կորուստ: Ժամանակն է, որ հայը վերադառնայ իր նախկին «պարին»: Ու իբրեւ սփիւռքահայ՝ կ՚աղօթեմ ու կը յուսամ, որ այս ընտրութիւնը պիտի իրականացնէ այս բաղձանքը:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

bedig43@aol.com

Չորեքշաբթի, Մայիս 19, 2021