«ՀԵՐԻ ՓՈԹԸՐ»Ի ՍՏԵՂԾՈՂՆԵՐԷՆ ԱՆԱԿՆԿԱԼՆԵՐ
«Հերի Փոթըր»ի մասին շարժանկարի ստեղծողները երկու անակնկալ պատրաստած են երկրպագուներու համար։ Այսպէս, այս տարի «Հերի Փոթըր» շարժանկարներու շարքի ստեղծման 20-ամեակն է, որու կապակցութեամբ շարժանկարի գործիչները քանի մը անակնկալներ պատրաստած են Հերի Փոթըրի երկրպագուներու համար, կը յայտնէ «Daily Mail»ը:
Խօսքը նոր ձեւաչափով ներկայացուելիք երկու ժապաւէններու մասին է: Առաջինը կ՚ըլլայ չորս մասէն բաղկացած «Վիքթորինա»ն, իսկ միւսը՝ վաւերագրական ժապաւէն մը: Վերջինս կը պատմէ հրաշագործ տղայի մասին առասպել շարժանկարի նկարահանումներու եւ անոնց շրջանակէն դուրս մնացած իրադարձութիւններու մասին:
Մինչ այդ, «Warner Bros. Unscripted Television» եւ «Warner Horizon.» ժապաւէնի արտադրութեամբ զբաղող ընկերութիւնները արդէն իսկ կ՚աշխատին շարժանկարներու վրայ:
Դեռ յայտնի չէ, թէ ինչի մասին կ՚ըլլայ Վիքթորինայի շարքը, բայց երկրպագուները հետաքրքրութեամբ կը սպասեն սոյն ֆիլմաշարին, որ լի է երեւակայական իրադարձութիւններով:
Շարժանկարներու շարքի առաջին մասը՝ «Հերի Փոթըր եւ փիլիսոփայական քարը» թողարկուած է 2001 թուականի նոյեմբերի 16-ին: Յետոյ հեռուստադիտողներուն ներկայացուած են շարքի այլ մասերը: Վերջին՝ 7-րդ շարքը, որ բաղկացած էր երկու մասէ, նկարահանուած է 2011 թուականին:
Ընդհանուր առմամբ, շարժանկարի պիւտճէն կազմած է 1.5 միլիառ ամերիկեան տոլար: Ժապաւէնի անձնակազմը տոմսակներու վաճառքէն ստացած է շուրջ 10 միլիառ ամերիկեան տոլար: