ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ՝ ՅԵՏՊԱՏԵՐԱԶՄԵԱՆ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ

- Հայրենասիրութիւն է սեփական ժողովուրդի տգիտութեան, անբարոյականութեան, աղքատութեան, ինչպէս եւ հիւանդութիւններու եւ այլ բազմատեսակ նիւթական եւ բարոյական կարիքներուն դէմ մաքառիլը: Հայրենասիրութիւն է անոր միտքին խաւարը փարատելը, լուսաւորել մարդկային հոգիի բարձր արտադրութիւններով եւ պաշտպանել անոնց ժառանգութիւնները բարոյական բոլոր միջոցներով (Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կաթողիկոս):

- Վաղը միւս օր եթէ գործող իշխանութիւնները ըսեն, որ «եան»ով վերջացող մականունները պէտք է փոխուին «օղլու»ներով, զօմպիներու վոհմակը պիտի ըսէ, այո՛, այո՛, այդպէս ալ թող ըլլայ, կարեւորը նախկինները չյայտնուին, կարեւորը նոր դղեակներ շինողներ չըլլան...

Արժանի ենք անոր՝ ինչ ունինք այսօր, հազար ափսոս: Երկիր կը կորսնցնենք, պետութեան ու արժանապատուութեան մասին դեռ չեմ խօսիր..., իսկ անդին ոսկեայ հորթի երկրպագուները նախկին կը խաղան ու կը շարունակեն հաւատալ ու հաւատալ լոյս աչքով ըսուած սուտերուն...

- Իրենց երկրի զոհերը յարգել չգիտցող ղեկավարը, կառավարութիւնը, ազգային ժողովը, իրենց երկրի բոլոր քաղաքացիները չեն կրնար յարգել, ո՞ւր մնաց այդ երկրի ապագայի մասին խօսիլ։

Նիկոլաստրուկներն ու լամուկները ինչքան ուզեն թող ծափահարեն։

Յ.Գ. Ամօթն ալ լաւ բան է, կ՚ըսուի, բայց ստրուկի համար ամօթ գոյութիւն չունի։ Մեր երկրին մէջ ե՞րբ հասանք այսքան ստրուկ ունենալ։

- Պահանջատիրութեան հիմքը ինքնաճանաչումն է։ Այնքան ատեն որ մենք մեզ կը ճանչնանք, իրաւունք ունինք պահանջատէր ըլլալու, այլապէս պահանջատիրութիւնը անիմաստ եւ աննպատակ կը դառնայ։

- Կը յիշէ՞ք, 2018-ին նախընտրական շրջանին «Իմ քայլ»ին կարգախօսը ոգեւորիչ եւ ապագայի նկատմամբ յոյսով լեցուն էր. «Երջանիկ անհատ, հոգատար հանրութիւն եւ հզօր պետութիւն»: Այսօր, երբ շուրջ երեք տարիներ անցած են այդ ականջ շոյող կարգախօսի օգտագործումէն, պահ մը նայինք մեր այսօրուան իրականութեան եւ հարցնենք մենք մեզի.

Հարցում.- Երջանիկ անհատ կա՞յ այսօրուան Հայաստանին մէջ:

Պատասխան.- Բանականութիւն եւ ազատ մտածողութիւն ունեցող ժողովուրդէն բնականաբար ո՛չ ոք, իսկ ստրկամիտները՝ իմա՛ զօմպիները, այն ալ ի՜նչ երջանիկ:

Հարցում.- Հայաստանի քաղաքացին ինքզինք իրապէս կը զգա՞յ, թէ հոգատար հանրութեան մէջ կ՚ապրի:

Պատասխան.- Նկատի ունենալով վերջին մի քանի տարիներուն անպատժելիութեան հանգամանքը, նկատի ունենալով գողութիւններու դէպքերուն օր օրի բազմանալը, նկատի ունենալով վթարներու թիւին մնայուն աճը, նկատի ունենալով թագաժահրի պատճառով ամէն օր արձանգրուած մահուան դէպքերը, կը կարծեմ աւելորդ է՝ եթէ ոչ ծիծաղելի, հոգատար հանրութեան մասին խօսիլը:

Հարցում.- Կա՞յ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի մը, որ կրնայ ամենայն վստահութեամբ յայտարարել, թէ Հայաստանը արդէն հզօր պետութիւն է:

Պատասխան.- Միայն հպարտ եւ դուխով սնուող քաղաքացիները...

- Թաւշեայ Հայաստանի ձեռքբերումներէն... կանեփ, կանեփ եւ կանեփ...

Տէ ի՜նչ, աչքը լոյս հիպնոզացած մասսային, կանեփ կ՚օգտագործեն կամ եկամուտ կ՚ապահովեն կանեփէն ու աւելի լիաթոք կը բացագանչեն, կեցցէ՜ Փաշինեանը, կեցցէ՛ մեր վարչապետը, դուն ես մեր հայոց արքան, դուն ես մեր ազգին փրկիչը, .......պաչեմ....

Յետոյ կը հարցնեն ազգային նկարագիրն ու ազգային արժէքները ինչո՞ւ համար օր օրի աւելի կը վտանգուին ու կը խաթարուին։

Ներողութիւն ժողովուրդ այս ոչ բարով առաւօտին համար, բայց...

Յո՞ երթաս ազգ իմ սիրելի:

- Երբ երկրի այսպէս կոչուած առաջին դէմքին արտայայտութիւնները կը լսես իր ընդդիմադիրներուն (ընդ որում վերջերս իր դաշինքէն դուրս եկողներուն) նկատմամբ, արդէն պարզ ու հասկնալի կը դառնայ անոր երկրպագուներուն բերաններէն դուրս եկած այլանդակութիւնները, արդէն պարզ կը դառնայ, թէ զօմպիացման գործընթացը ինչպէ՞ս կը կատարուի։

Այս բոլորին մէջ ցաւալին սակայն այն է, թէ երբ իրերը իրենց անուններով կը կոչեն, այսինքն՝ զօմպիին ուղղակի ԶՕՄՊԻ կ՚ըսեն, մարդիկ կը նեղուին։ Լաւ, եթէ զօմպիին զօմպի չըսուի, ի՞նչ կարելի է ըսել։

Եւ այս բոլորէն ետք խօսիլ ապագայ Հայաստանի մասին այս առաջին դէմք կոչուածին ու անոր ստրուկ դարձած զօմպիներու մտայնութեամբ՝ պարզապէս ծիծաղելի է։

- Այս նկարը [խօսքը Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ վերանորոգութեան նկարին մասին է] տրամաբանութիւն, ազգային գիտակցութիւն եւ նշոյլ մը հաւատք ունեցողին համար շատ բան կ՚ըսէ, մինչ զօմպիներուն համար.... այդպէս ալ պիտի ըլլար կ՚ըսեն, նախկիններուն մեղքով է, նախկինները եթէ այդպէս ըրած չըլլային, այսպիսի տեսարանի ականատես չէինք դառնար, նախկին, նախկին, նախկին.... Վաղը միւս օր երբ թշնամին գայ ձեր ու մեր տուները մտնէ, այն ատեն ալ ըսէք նախկին, նախկին, նախկին.... կուրութիւնն ու ստրկամտութիւնը բնական երեւոյթներ են մեր մարդկային կեանքին մէջ, բայց այս աստիճանի կուրութիւնն ու ստրկամտութիւնը պարզապէս անբարոյականութիւն է եւ անասնութիւն...

- Մարդիկ շատ յաճախ կը զարմանան եւ կը հարցնեն, թէ ինչպէ՞ս կարելի է բռնաբարուելու պարագային լուռ մնալ... պատասխանը գիտնալու համար կարելի է դիմել Հայաստանի գործող իշխանութեան ղեկավարին, իշխանութեան ներկայացուցիչներուն, Ազգային ժողովի մանկապատանեկան խումբին եւ ասոնց սատարող ու աջակցող զօմպիլենտին, եւ կը ստանանք բազմապիսի պատասխաններ...

Յ.Գ. 1. Թշնամին մեղադրելն ու դատապարտելը ո՛չ ընդդիմութեան եւ ո՛չ ալ շարքային ժողովուրդին առաջնային գործն է, այլ՝ իշխանութեան, պաշտօնական կերպով, այլապէս ընդդիմադիրներն ու շարքային ժողովուրդը մինչեւ վաղը առաւօտ թող մեղադրեն ու դատապարտեն (ինչ բանը որ արդէն իսկ կ՚ընեն), ո՞վ է լսողը (միւս կողմէ պատերազմին պարտուած իշխանութեան ալ մտիկ ընող չ՚ըլլար...), բայց եւ այնպէս քաղաքականութիւն ըսուած բանը իր օրէնքներն ունի։ Այնպէս որ աւելի լաւ կ՚ըլլայ ձեր լօլօները՝ նախկիններ, գումարներ, դղեակներ եւ այլն, դուրս տալու փոխարէն, դատապարտեցէք՝ եթէ տակաւին արժանապատուութիւն ունիք։

Յ.Գ. 2. Հայրենիք կը կորսնցնենք, իսկ դուք կը շարունակէք ձեր աթոռները պահելու կռիւը։ Տհասներ եւ ստրկամիտներ, խօսքս բոլորին կը վերաբերի եւ ոչ թէ միայն ձեր կուռքին եւ անոր քուրմերուն։

- Թշնամին ո՛չ բարով եկած մտած է մեր տուն, փակած է որոշ սենեակներու դռները եւ արտօնութիւն չի տար, որ այդ սենեակներուն մէջ գտնուող մեր տնեցիներուն ջուր եւ հաց հասցնենք, միւս կողմէն սակայն այս օրերուն ո՛չ բարով մեր տան «տէր»ը կը յորդորէ յանկարծ նեղութիւն չպատճառել թշնամիին, յանկարծ չտրուիլ անոր խայծերուն։

Փաստօրէն թաւիշը միայն մեր տան մէջ չէ որ կը գործածուի, այլ՝ թշնամիին համար առաւել եւս։ Զուր չէր որ որոշ ժամանակ առաջ արտայայտուած էի, թէ այսքան անհայրենիք ղեկավարութիւն եւ այս աստիճանի չարիք իշխանութիւն մեր երկիրը չէր ունեցած եւ դժուար թէ ունենայ ասկէ ետք։

Յ.Գ. Այս բոլորը մէկ կողմ, որոշ ողորմելիներու տեսիլքները միւս կողմ, թէ գերագոյն գլխաւոր գելխեղդը սուրբ է, փրկիչ է, անմեղ է, խելացի է, է, է եւ է... զօմպիութեամբ եւ մասամբ սորին... ողորմելի արարածներ…

- Փաստօրէն գերագոյն գլխաւոր խաբեբան զուր տեղ չէր, որ պատերազմէն ետք վեց ամիս ժամանակ խնդրեց...

Հայաստանը քաոսի վերածեցին ինք եւ իր մանկլաւիկները՝ իրենց զօմպիներուն աջակցութեամբ եւ օժանդակութեամբ...

Աստուած պահապան մեր Հայրենիքին։

- Անահիտ Բախշեանի դիմատետրի էջէն (7 մարտ 2021)

Փաշինեա՛ն Նիկոլ,

Ձեզ դիմում եմ որպէս Սիւնեցի Եուրի Բախշեանի այրի, ով իր գիտակցական կեանքում կանգնած է եղել Հայաստանի պետականութեան կայացման հիմքում, ով չէր կարող պատկերացնել այն վիճակը, որում յայտնուել է Հայաստանի Հանրապետութիւնը, իր հարազատ Զանգեզուրը։ Այն միլիմետր-միլիմետր սեղմւում է, օտարւում բոլորիս աչքի առաջ։ Իսկ դուք, ձեր կառավարութիւնը ոչինչ չէք ձեռնարկում, հանգիստ դիտողի դերում էք, չէք արձագանգում, իսկ որ ամենավատն է՝ չէք էլ կարող ձեռնարկել։ Ձեզ հետ ոչ մէկը չի բանակցում եւ չի պատրաստւում բանակցել, դուք եւ ձեր քաղաքական թիմը պարզապէս ամուլ մարմին էք։ Այլեւս չենք վստահում ձեզ։

Հեռացէ՛ք:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Մայիս 29, 2021