ԴԷՊԻ ՏՈՒՆ…

Իմ տունը այնտեղ է՝ սարերու ետեւը: Սարեր՝ որոնք զիս միշտ կը հասցնէին երազներու գիրկը, հեռաւոր երկիրներ, բանուկ փողոցներ ու թաղամասեր: Իսկ այսօր, իմ միտքը կը թափառի մեր սարերու մէջ: Կարօտ մնացած եմ անոնց անձայնութեանն ու իմաստութեանը: Անլեզու սարերը խօսուն էին ու են: Սակայն այսօր ես շա՜տ հեռու եմ անոնցմէ. անոնց ձայնը, աղաղակը իմ ականջներուն կը հասնի դժուարութեամբ: Երբեմն որպէս շշուկ:

Մտքով դէպի տուն:

Նորէն իմ տանն եմ՝ Հայաստանիս մէջ: Կը վայելեմ մեր օդն ու մեր սառնորակ ջուրը: Սակայն իմ սիրտը հոն է՝ Արցախ: Իմ տունը Արցախ է: Իմ հոգին միայն սրբավայրիս մէջ կը վխտայ ու կը թեւածէ: Ամէնուր ես նման են թեւերը կոտրած թռչունի: Միայն այնտեղ թեւերս կ՚աճին: Արցախցին պէտք է ապրի Արցախի մէջ:

Քանի մը օր առաջ ընկերուհիիս հետ խօսեցայ.

Այստեղ հողը գրկել, համբուրել կ՚ուզես: Չարաբաստիկ պատերազմէն վերջ ա՛լ աւելի կապուեցանք իրարու:

Եկեղեցիի մօտ կ՚ապրի, ամէն օր Աստուծմէ կը խնդրէ, որ մեզ չպոկէ մեր հողէն:

Ես... 320 քիլօմեթր հեռու եմ: Ֆիզիքապէս Երեւանի մէջ, իսկ մտովին այնտեղ: Ամէն օր կ՚ուզեմ երթալ, սակայն տակաւին տեղ չհասայ: Իմ ու վիրաւոր Արցախիս հանդիպումը չեմ կրնար պատկերացնել: Երբեմն կը զգամ, որ պատրաստ եմ: Երբեմն ալ ինծի այնպէս կը թուի, թէ ցաւէն կրնամ խելագարիլ... Բայց ո՛չ, պատրաստ եմ, պիտի երթամ: Ե՞րբ... չեմ գիտեր... շուտով...

Մանկուց կ՚երազէի ապրիլ, իմ ամառնային արձակուրդները անցընել Երեւանի մէջ: Ժամանակին մեծ ուրախութեամբ ու ոգեւորութեամբ կը նշէի, որ կը բնակիմ Երեւանի մէջ: Ինծի համար այդ մէկը պատիւ էր:

Վերջերս իմ ականջներու մէջ յաճախ կը հնչէ. «Երեւան փոխադրուա՞ծ էք... այստե՞ղ կ՚ապրիք»: Ամչնալով, ցած ձայնով կը պատասխանեմ՝ «այո»: Մինչդեռ կը փափաքէի պատասխանել. «Ո՛չ, քանի մը օրով հիւր եկած եմ, շուտով պիտի վերադառնամ Արցախ: Այս ծանր պահին արցախցիի տեղը Արցախն է: Եւ ես իրաւունք չունիմ սա դժուար օրերուն հայրենիքէն հեռու ապրելու: Ձեզ ալ կը հրաւիրեմ Արցախ, թէկուզ որպէս զբօսաշրջիկ: Եկէ՛ք, պտտեցէք: Վայելեցէք Աստուծոյ կողմէ մեզի ընծայուած երկիր դրախտավայրը: Ճանապարհը անվտանգ է: Ռուս խաղաղապահները օր ու գիշեր անձնուիրաբար կը հսկեն մեր անդորրը: Առանց երկմտելու կրնաք այցելել»: Աւա՜ղ, իմ պատասխանը ուրիշ է:

Կը կարծէք, թէ կորսնցուցած ենք ամէն բան, միշտ յիշեցէք՝ ծառերը ամէն տարի կը կորսնցնեն իրենց տերեւները: Սակայն անոնք կը շարունակեն մնալ կանգուն ու կը սպասեն գարնան զարթօնքին: Նոյն վիճակին է նաեւ Արցախս՝ ճիւղերը չորցած, տերեւաթափ եղած, սակայն կանգուն ու խոր արմատներ ձգած: Անժամանակ աշունը կ՚անցնի, եւ Տիրոջ ողորմածութեամբ գարուն կը բացուի Արցախի մէջ:

Գարնան շուտափոյթ գալուստը կախեալ է մեզմէ, մեր իւրաքանչիւրէն: Այդ գարունը նախ պիտի բացուի մեր հոգիներու ու սրտերու մէջ: Պիտի ապրինք հաւատքով, պիտի ապաշխարինք ու շատ աղօթենք:

Արցախի մէջ չորս եղանակներն ալ շատ գեղեցիկ են, սակայն այսօր հայու սիրտը կ՚ուզէ գարուն: Գարունը կ՚ուշանայ: Շարունակ կը մսինք: Այս տարի Հայաստան աշխարհը կարծես շրջանցեց գարունը. ձմրան անմիջապէս հետեւեցաւ ամառը: Գարուն չտեսանք:

Գարուն շուտով եկո՛ւր, ալ չենք դիմանար: Արցախի աչքը ճամբուդ ջուր կտրեցաւ:

Բարեգութ Աստուած, ողորմէ մեզի՝ անարժաններուս, մի՛ ձգեր մեզ առանց ծաղկունքի:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յունիս 2, 2021