ՈՒԺԵՐՈՒ ԱԿԸ ԲՆՈՒԹԻ՛ՒՆՆ Է

Ու­ժը՝ ո՛ւժ է, զոր նոյն աղ­բիւ­րը կը հայ­թայ­թէ ա­մէն տեղ եւ ա­մէն ա­տեն, հա­մե­մա­տա­բար՝ եր­բեմն տկար, եր­բեմն ալ շատ զօ­րա­ւո՛ր։ Ուս­տի ա­մէն ուժ իր ժա­մա­նա­կին եւ տե­ղին մէջ մե՛ծ է եւ զօ­րա­ւոր, կա­րե­ւոր, եւ ազ­դակ մըն է մարդ­կա­յին յա­ռաջ­դի­մու­թեան եւ լու­սա­ւո­րու­թեան։

Մար­դիկ երբ ան­ցեա­լին, ձիա­քարշ նախ­նա­կան կառ­քե­րով կը ճամ­բոր­դէին, եւ յե­տոյ շո­գե­շարժ կա­ռա­խում­բը սկսաւ գոր­ծել՝ ա­նոր ա­րա­գըն­թա­ցու­թիւ­նը բաղ­դատ­մամբ նա­խըն­թաց փո­խադ­րու­թեան պարզ մի­ջոց­նե­րուն, զար­մանք պատ­ճա­ռեց այդ ժա­մա­նա­կի մար­դոց։ Եւ այ­սօր երբ կը տես­նենք հրա­մուղ օ­դա­նաւ­ներ՝ ո­րոնք նե­տա­հար ա­րա­գու­թեամբ կ՚ըն­թա­նան, կա­րե­լի չ՚ըլ­լար ան­տե­սել Բնու­թեան ու­ժե­րը, ո­րոնք հետզհե­տէ մարդ­կու­թեան ծա­ռա­յու­թեան կը լծուին եւ պատ­ճառ կ՚ըլ­լան յա­ռաջ­դի­մու­թեան։

Բնու­թեան մէջ ծած­կուած է ու­ժեր, ո­րոնք պատ­րաստ են ծա­ռա­յե­լու մարդ­կու­թեան յա­ռաջ­դի­մու­թեան։ Ուս­տի մարդ­կու­թիւ­նը իր էու­թիւ­նը կրնայ ա­պա­հո­վել, պահ­պա­նել եւ տե­ւա­կա­նաց­նել՝ այս ու­ժե­րու գո­յու­թեան անդ­րա­դառ­նա­լով եւ զա­նոնք օգ­տա­գոր­ծե­լով։ Պահ մը խոր­հինք սի­րե­լի­նե՜ր, դար մը ա­ռաջ, զոր օ­րի­նակ, Նիւ Եորք հաս­նե­լու միակ մի­ջոցն էր ա­ռա­գաս­տա­նա­ւը, որ մօ­տա­ւո­րա­պէս ե­րեք ամ­սուան եր­կար ճամ­բոր­դու­թեան մը կը կա­րօ­տէր։

Եւ այ­սօր թռչող օ­դա­նաւ մը ժա­մե­րով համ­րուած մի­ջո­ցի մը մէջ կը կա­տա­րէ նոյն ճամ­բոր­դու­թիւ­նը։

Ա­սի­կա է ա­հա­ւա­սիկ Բնու­թեան ու­ժը՝ որ միշտ գո­յու­թիւն ու­նի եւ ո՜վ գի­տէ տա­կա­ւին որ­քան կա­րե­լիու­թիւն­ներ, զօ­րու­թիւն­ներ կա­րող է մարդ­կու­թեան ծա­ռա­յու­թեան ներ­կա­յաց­նել։ Մարդ­կու­թեան յա­ռաջ­դի­մու­թիւ­նը, լու­սա­ւո­րու­թիւ­նը հե­տե­ւանք չէ՛ մարդ­կա­յին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան, այլ՝ գիւ­տե­րու, ո­րոնք ար­դէն պատ­րաստ կը սպա­սեն Բնու­թեան մէջ։ Ար­դա­րեւ մարդ ստեղ­ծե­լու կա­րո­ղու­թիւն չու­նի, բայց ստեղ­ծուա­ծը գտնե­լու, ար­դէն ստեղ­ծուա­ծին անդ­րա­դառ­նա­լու եւ օգ­տա­գոր­ծե­լու կա­րո­ղու­թիւ­նը ու­նի։ Գիւ­տե­րը մարդ­կա­յին յա­ռաջ­դի­մու­թեան պատ­ճառ­ներն եւ փո­խա­դար­ձա­բար, յա­ռաջ­դի­մու­թիւն­ներն ալ նոր գիւ­տեր կա­տա­րե­լու շար­ժա­ռի՛թն է։

Այս­պէս կ՚ըն­թա­նայ մարդ­կա­յին կեան­քը եւ այս ձե­ւով կը յա­ռաջ­դի­մէ՝ բնու­թեան ու­ժե­րը կը յայտ­նուին ի­րեն որ­պէս գիւտ եւ այդ գիւ­տին օգ­նու­թեամբ դար­ձեալ նոր ու­ժեր կը գտնէ եւ այս կ՚ըն­թա­նայ փո­խա­դարձ ազ­դե­ցու­թեամբ։ Եւ այս հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ, մարդ կը զմայ­լի Բնու­թեան բո­լոր ե­րե­ւոյթ­նե­րուն վրայ, ո­րոնք պատ­րա՛ստ են ի­րեն ծա­ռա­յե­լու։

Ի­մաս­տա­սի­րա­կա­նօ­րէն, մար­դը եւ Բնու­թիւ­նը կը գոր­ծակ­ցին, որ­պէս­զի ու­ժի մթերք մը կա­րե­նան օգ­տա­գոր­ծել շի­նա­րար եւ ար­դիւ­նա­ւոր նպա­տա­կի մը հա­մար։

Եւ դար­ձեալ, երբ կ՚ի­մաս­տա­սի­րենք Բնու­թեան էու­թիւ­նը, պա­հանջ­քը կը զգանք պա­տաս­խան մը ստա­նա­լու սա պա­տաս­խա­նին՝ թէ ին­չո՞ւ հա­մար Աս­տուած չստեղ­ծեց այն­քան կա­տա­րեալ աշ­խարհ մը՝ ուր ո՛չ մէկ չա­րիք, ո՛չ մէկ թե­րու­թիւն, ո՛չ մէկ տկա­րու­թիւն, ո՛չ մէկ նե­ղու­թիւն կա­րե­նար գո­յու­թիւն ու­նե­նալ։ Ան­շուշտ, որ Աս­տուած միշտ կա­րող է Իր ան­հուն կա­րո­ղու­թեամբ ու զօ­րու­թեամբ՝ ա­ւե­լի՛ ու կա­տա­րե­լա­գոր­ծուած բան մը ստեղ­ծել։ Բայց Իր ի­մաս­տու­թեամբ եւ Իր ան­սահ­ման բա­րու­թեամբ Աս­տուած ա­զա­տօ­րէն ու­զեց ստեղ­ծել աշ­խարհ մը՝ միշտ «բա­րեշր­ջու­թեան» ու «յա­ռա­ջըն­թա­ցու­թեան» մէջ, ուղ­ղուած՝ դէ­պի իր վերջ­նա­գոյն կա­տա­րե­լու­թիւ­նը։

Աս­տու­ծոյ ծրագ­րին մէջ այս­պէս ըլ­լա­լը՝ կը ներ­փա­կէ կարգ մը ա­րա­րած­նե­րուն ե­րե­ւու­մին հետ նաեւ՝ ան­հե­տա­ցու­մը ու­րիշ­նե­րուն, ա­մե­նա­կա­տա­րեա­լին կող­քին՝ նաեւ կոր­ծա­նում­նե՛ր։

Ար­դա­րեւ ֆի­զի­քա­կան «բա­րի»ին կող­քին պի­տի ըլ­լայ նաեւ ֆի­զի­քա­կան «չա­րիք»ը այն­քան ա­տեն, որ ա­րար­չա­գոր­ծու­թիւ­նը հա­սած չէ իր «կա­տա­րե­լա­գոր­ծու­թեան», որ է իր վերջ­նա­կան նպա­տա­կին։ Մար­դիկ ի­մա­ցա­կան եւ ա­զատ ա­րա­րած­ներ են, եւ կո­չուած են ըն­թա­նա­լու դէ­պի ի­րենց վերջ­նա­գոյն վախ­ճա­նը՝ քա­նի օժ­տուած են ա­զատ կամ­քի ընտ­րու­թեամբ եւ նա­խընտ­րա­կան սի­րով…։

Եւ ա­հա­ւա­սիկ, այս կէ­տին մար­դիկ պի­տի օգ­տուին, պի­տի օգ­տա­գոր­ծեն Բնու­թեան գաղտ­նի զօ­րու­թիւ­նը։

Ամ­բողջ Բնու­թիւ­նը եւ ա­մէն ինչ՝ չկա՛յ բան մը, որ իր գո­յու­թիւ­նը չպար­տի Ա­րա­րիչ Աս­տու­ծոյ։

Աշ­խարհ սկսաւ երբ Աս­տուած «բան»ով՝ խօս­քով ո­չին­չէն գո­յա­ցուց զայն. գո­յու­թիւն, էու­թիւն ու­նե­ցող, կեն­դա­նի եւ ան­կեն­դան բո­լոր էակ­ներ, ան­կեն­դան ա­նուա­նուած­ներ իսկ ու­նին կեն­դա­նու­թիւն, քա­նի որ դեր մը ու­նին, ազ­դե­ցու­թիւն կը գոր­ծեն աշ­խար­հի վրայ, ամ­բողջ Բնու­թիւ­նը, մարդ­կա­յին ամ­բողջ պատ­մու­թիւ­նը կ՚ար­մա­տա­նան ու կը գո­յա­տե­ւեն այս սկզբնա­կան ե­զա­կի դէպ­քին մէջ։ Ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան այս հրա­շա­լի՜ «ծնունդ»ով է, որ աշ­խարհ գո­յա­ցած է եւ ա­նոր գո­յու­թեամբ ժա­մա­նակն ալ սկիզբ ա­ռած է։

Ա­հա­ւա­սիկ, կը տես­նուի, որ ամ­բողջ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը, ո­րուն կա­րե­ւոր եւ յայտ­նի մէկ մասն է «Բնու­թիւն»ը գաղտ­նի զօ­րու­թիւն­նե­րով, ու­ժե­րով լե­ցուն է։ Մարդ ա­րա­րա­ծը իր ի­մաս­տու­թեամբ եւ ա­զա­տա­կա­մու­թեամբ պար­տի անդ­րա­դառ­նալ այդ ու­ժե­րուն, օգ­տուի եւ օգ­տա­գոր­ծէ զա­նոնք՝ ո­րուն կո­չուած է։ Մար­դուն պարտքն է եւ նաեւ իր մարդ­կու­թեան պա­տաս­խա­նատուու­թիւ­նը՝ Բնու­թիւ­նը ու­սում­նա­սի­րել, անդ­րա­դառ­նալ Բնու­թեան եւ ըստ այնմ բա­րեշր­ջուիլ։

Մարդ ստեղ­ծուե­ցաւ հետզ­հե­տէ կա­տա­րե­լա­գոր­ծուե­լու հա­մար։

Եւ իր պար­զու­թեան մէջ ո՜ր­քան «ի­մաս­տու­թիւն», «գե­ղեց­կու­թիւն» եւ «ճշմար­տու­թիւն» կա՛յ Բնու­թեան մէջ։

Մարդ շատ ան­գամ կը վա­րա­նի պա­տաս­խա­նել սա խո­րի­մաստ հար­ցու­մին, թէ Բնու­թի՞ւ­նը նա­խա­մե­ծար է, թէ մար­դը, եւ կամ՝ Բնու­թեան եւ մար­դուն Ստեղ­ծի՞­չը՝ որ եր­կու­քը ի­րա­րու հետ բա­րե­կա­մա­ցու­ցեր է, մէկ­տեղ Աս­տու­ծոյ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ծրա­գիր­նե­րուն ի­րա­գործ­ման ծա­ռա­յե­լու եւ ի­րա­կա­նաց­նե­լու երկ­րիս վրայ։ Ան­շուշտ, Ստեղ­ծի­չը նա­խա­պա­տիւ է, քա­նի որ ե­թէ Ան չստեղ­ծէր Բնու­թիւ­նը եւ մար­դը, ա­նոնք ի­րա­րու բա­րե­կամ պի­տի չկա­րե­նա­յին ըլ­լալ։ Ու­րեմն հար­ցու­մը սա­պէս կրկնենք. նախ Բնու­թի՞ւ­նը եւ յե­տոյ մար­դը, թէ նախ մար­դը եւ վեր­ջը Բնու­թիւ­նը…։

Ամ­բողջ տիե­զեր­քը Աս­տու­ծոյ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւնն է, ու­րեմն եւ եր­կի­րը՝ եւ այն բո­լոր ու­ժե­րը, ո­րոնք Բնու­թեան ծո­ցին մէջ պա­հուած են։ Ու­րեմն մար­դո՞ւն է ին­կեր այդ փառ­քը սե­փա­կա­նաց­նե­լու եւ սոն­քա­լու, հպար­տա­նա­լու վի­ճա­կը, իբր թէ ին­քը ե­ղած ըլ­լար «աս­տուա­ծան­ման» էակ մը։ Ուս­տի մարդ այն ա­տեն կ՚ա­պա­ցու­ցա­նէ, թէ ինք­զինք կը ճանչ­նայ՝ երբ զԱս­տուած կը ճանչ­նայ, եւ Ա­նոր ան­սահ­ման, ա­նի­մա­նա­լի փառ­քին առ­ջեւ կը խո­նար­հի, կը հպա­տա­կի ա­ռանց երկմ­տու­թեան եւ ան­կեղ­ծօ­րէ՛ն։

Ար­դա­րեւ կա­րե­ւո­րը մար­դուն ու­նե­ցա­ծին քա­նա­կը չէ՛, այլ՝ տուա­ծի՛ն։ Ու­րեմն փո­խա­նակ «խնա­յե­լու», պէտք է սպա­ռե՛լ հան­րու­թեան օգ­տին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մա­յիս 16, 2015, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Մայիս 30, 2015