ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՕՐԸ
Գալֆաեան Տան ընտանիքը այս շաբաթավերջին աւանդական շրջանաւարտից օրուան առթիւ ապրեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Սկիւտարի մէջ, հաստատութեան ննջարանի բաժնի համալիրի պարտէզէն ներս երէկ տեղի ունեցած հաւաքոյթը ի մի բերաւ դպրոցի զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներ։ Թէ՛ մեծերը եւ թէ փոքրերը մեծ հրճուանք մը ապրեցան բնութեան ծոցին մէջ, ուր գալֆաեանցի փոքրիկները ծափահարութիւններու արժանացան իրենց արտասանութիւններով, պարերով ու երգերով։ Հարկ է նշել, որ Գալֆաեան Տան առընթեր Սկիւտարի երբեմնի Ներսէսեան-Երմոնեան վարժարանի եւ Սէմէրճեան ճեմարանի սաներն ալ համախմբուած էին այս հաւաքոյթին շրջագծով։
Ձեռնարկի տեւողութեան ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Գալֆաեան Տան տնօրէնուհի Այտա Գայաէր։
Սկիւտարի բարձունքին կազմակերպուած շրջանաւարտից հաւաքը ամբողջ յետմիջօրէին շարունակուեցաւ անմիջական զրոյցի եւ մտերմիկ ապրումներու մթնոլորտին մէջ։