ԱՐՁԱՆԱԳՈՐԾԸ, ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԸ, ՀՆԱԳԷՏԸ, ՆԿԱՐԻՉԸ…

Այսօր յիշատակի օրն է հայ քանդակագործ Երուանդ Ոսկանին: 1914 թուականի այս օրը կեանքէն հեռացած է իսթանպուլահայ արուեստագէտը: Նշանաւոր գործիչը, այլ երեւելիներու կողքին, թաղուած է Շիշլիի գերեզմանատան մէջ:

Թրքական եւ հայկական աղբիւրներուն մէջ իբրեւ քանդակագործ ծանօթ Երուանդ Ոսկան նաեւ գեղանկարիչ ու մանկավարժ եղած է: Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ պահուող անոր գործերուն մէջ նշանաւոր է իր հօր՝ պոլսահայ բանաստեղծ, թարգմանիչ Յակոբ Ոսկանի դիմանկարը: Գծանկարչական այլ գործեր եւս ստեղծած է Երուանդ Ոսկան, բայց հռչակաւոր է իբրեւ հաստոցային քանդակագործութեան մեծանուն դէմքերէն, իբրեւ քանդակագործութեան արուեստի հիմնադիրը Թուրքիոյ մէջ եւ առաջին հաստոցի քանդակի հայ արուեստագէտը, որուն հաստոցային քանդակները յայտնուած են Հայաստանի մէջ՝ 1900-ականներու սկզբին, իրենց հետ բերելով եւրոպական շունչ եւ նորարարութիւն:

Հաստոցային քանդակագործութիւնը կը բնորոշուի իբրեւ արուեստի ճիւղ մը, որ բնական կամ ճարտարապետական միջավայրէն կախում չունի, կը դրուի թանգարաններուն մէջ, հասարակական կամ բնակելի շէնքերու ներքնամասերը: Քանդակագործութեան այս ճիւղը սովորաբար կ՚ունենայ մարդու իրական չափերուն մօտիկ մեծութիւն եւ գրեթէ միշտ մանրակրկիտ կերպով կը մշակուի: Ահաւասիկ այս ժանրին մէջ հիմնականօրէն աշխատած է Երուանդ Ոսկան, որ մասնագիտացած է Հռոմի Գեղարուեստի ակադեմիոյ մէջ:

1877 թուականին ան աւարտած է Հռոմի Գեղարուեստի ակադեմիան, մինչ այդ ուսանելով Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանէն ներս, 1878 թուականին կատարելագործուելու համար մեկնած է Փարիզ, ուր նոյն տարին մասնակցած է միջազգային ցուցահանդէսի մը եւ արժանացած երկու արծաթեայ մետայլներու:

1881 թուականին վերադարձած է Կոստանդնուպոլիս, ուր ծնած էր եւ դպրոցական ուսում ստացած Պէշիկթաշ եւ Բերա թաղամասերու հայկական դպրոցներուն մէջ: Հոս Ոսկան անմիջապէս ստանձնած է հնագիտական նորաստեղծ թանգարանի քանդակներու վերականգնման փորձագէտի ու լուսանկարիչի պարտականութիւնները: Զբաղած է նաեւ վերականգնողական աշխատանքներով. իր վերականգնած աշխատանքներէն յայտնի է 1878 թուականին Լիբանանի Սայտա հնագոյն շրջանին մէջ յայտնաբերուած՝ Ալեքսանդր Մակեդոնացիի մարմարեայ ենթադրեալ քարադագաղը:

Յետագային, Երուանդ Ոսկան թուրք արհեստավարժ առաջին նկարիչներէն մէկուն՝ հնագէտ Օսման Համտի պէյին հետ մասնակցած է Նեմրութ լերան պեղումներուն: Այդ պեղումներու արդիւնքները անոնք ամփոփած են 1883 թուականին Պոլսոյ մէջ ֆրանսերէնով հրատարակուած «Նեմրութ լերան դամբանաթումբը» աշխատութեան մէջ: Այս մասին կը նշէ Թէոդիկ՝ «Ամէնուն տարեցոյցը» տարեգիրքին մէջ:

1896 թուականին Ֆիլատելֆիոյ մէջ Գիտութեան եւ արուեստի ակադեմիոյ եւ Ֆիլատելֆիոյ համալսարանի կազմակերպած ցուցահանդէսին հայ քանդակագործը ներկայացուցած է իր վերականգնած աշխատանքներուն կաղապարները եւ արժանացած շնորհակալագրի:

Ըստ Ոսկանի կենսագիրներուն, Փարիզէն Պոլիս վերադառնալուն պէս Երուանդ Ոսկան մասնակցած է Պոլսոյ Հայ դպրոցասէր կիներու ընկերութեան կազմակերպած ցուցահանդէսին, իսկ մէկ տարի անց՝ 1882 թուականին, Բերայի «Ալքազար» հանրային այգիին մէջ բացուած ցուցահանդէսին ներկայացուցած է ծեփածոյ երկու ստեղծագործութիւն: Այս ցուցահանդէսին մասին ընդարձակ լրատուութիւն մը տուած է Թիֆլիզի մէջ լոյս տեսնող «Արձագանգ» թերթը:

Ցուցահանդէսի հայ մասնակիցներուն մէջ թղթակիցը Երուանդ Ոսկանէն բացի, նշած է նաեւ Երանիկ Տատեանի, Տիրուհի Կիւմիւշեանի, Պ. Աճէմեանի եւ ուրիշներու անունները՝ Երուանդ Ոսկանը համարելով «մեր լաւագոյն արձանագործը»:

Նոյն թուականին Պոլսոյ Բերայի թաղամասը գտնուող քաղաքապետարանի թատրոնին մէջ կայացած է Երուանդ Ոսկանի շուրջ երկու տասնեակ քանդակներու անհատական ցուցահանդէսը: Ուրիշ ցուցահանդէսներ ալ ունեցած է, որոնց մասին Ոսկանին նուիրուած իր ուսումնասիրութեան մէջ կը նշէ հայրենի արուեստաբան Արարատ Աղասեան:

Մասնաւորապէս, 1901 թուականին Պէյօղլու թաղամասին մէջ պոլսաբնակ ֆրանսացի նկարավաճառ Պուրտոնի կազմակերպած միջազգային ցուցահանդէսը, որ հանրային ջերմ ընդունելութիւն գտած է, կրկին Երուանդ Ոսկանի մասնակցութեամբ էր:

Ցուցահանդէսին Ոսկանի ցուցադրած աշխատանքները (վեց քանդակ եւ երեք ջրանկար) առանձնայատուկ ուշադրութեան արժանացան:

Կրկին Արարատ Աղասեանի աշխատութեան մէջ կը կարդանք. «Օսմանեան կայսրութեան արուեստին նուիրուած իր յայտնի գիրքին մէջ Ատոլֆ Թալասոն այդ կապակցութեամբ կը նշէ. “Նկարիչ եւ քանդակագործ Ոսկան էֆէնտին օսմանեան արուեստին մէջ մեծագոյն դէմքերէն է... Գեղարուեստի վարժարանի ներքին տեսուչը ըլլալով ան Իսթանպուլի առաջին արձանագործն է եւ առաջինն է, որ մարմարեայ քանդակներ կը ցուցադրէ քաղաքին մէջ...”»:

1902 թուականի գարնան, Պոլսոյ արուեստագէտներու երկրորդ ցուցահանդէսին, Ոսկան մասնակցած է երկու քանդակով ու ջրանկար երեք գործերով:

Իբրեւ մանկավարժ Երուանդ Ոսկան նոյնպէս նշանակալի գործունէութիւն ունեցած է:

Օսմանեան Գեղարուեստի բարձրագոյն վարժարանի կամ Գեղարուեստից բարձրագոյն դպրոցի (որ 1969-էն ի վեր Գեղարուեստի պետական ակադեմիան է) հիմնադրման պահէն՝ 1883 թուականէն ի վեր, Երուանդ Ոսկան վարած է Օսման Համտի պէյի եւ իր գործօն մասնակցութեամբ կեանքի կոչուած գեղարուեստական այդ բարձրագոյն կրթօճախի արձանագործութեան փրոֆեսէօրի ու ներքին տեսուչի պաշտօնները, իսկ աւելի ուշ նշանակուած է վարժարանի փոխ-տնօրէն:

Ոսկան նկարչութիւն դասաւանդած է զանազան վարժարաններու մէջ: Երուանդ Ոսկանի մօտ ուսանած են յետագային զանազան երկիրներու մէջ ապրած եւ ստեղծագործած հայ նկարիչներ, քանդակագործներ ու ճարտարապետներ. ինչպէս՝ Թորոս Թորամանեան, Արշակ Ֆեթվաճեան, Ենովք Նազարեան, Երուանդ Տէմիրճեան, Սարգիս Երկանեան, Լեւոն Քիւրքճան, Տիգրան Եսայեան, Յովսէփ Փիւշման, Գէորգ Գաբամաճեան, Յարութիւն Թիրիթեան եւ ուրիշներ: Անոնցմէ ոմանք իրենց ուսուցիչին մասին կարեւոր տեղեկութիւններ ու հետաքրքրական յուշեր ձգած են:

Երուանդ Ոսկան ոչ միայն հայկական, այլ նաեւ թրքական նոր քանդակագործութեան հիմնադիրը կը նկատուի: Արուեստի քննադատներու դիտարկմամբ, ան թուրք առաջին արձանագործներ Իհսան Էօզսոյի (1867-1944թթ.), Իսա Պեհզատի, Պասրիի, Մեսուր Իզզէթի, Մեհմէտ Պահրիի, Մահի Թոմրուքի (1885-1954թթ.) եւ այլոց ուսուցիչն էր:

Հայրենի արուեստաբան Արարատ Աղասեանի դիտարկմամբ, երբ 1919 թուականին Օսմանեան Գեղարուեստի բարձրագոյն վարժարան ընդունուելու փորձ կը կատարէր, այդ տարիներուն տակաւին պատանի, յետագային 20-րդ դարու հայ քանդակագործութեան մեծագոյն դէմքերէն մէկը՝ Արա Սարգսեանը (1902-1969 թթ.) նոյնինքն Իհսան Էօզսոյը, սատարելով շնորհալի երիտասարդին, խոստովանած է. «Կ՚ուզեմ յարգած ըլլալ իմ ուսուցիչին՝ Ոսկան էֆէնտիին յիշատակը եւ հայ ժողովուրդին շնորհակալութեամբ վերադարձնել, ինչ որ ինքը ինծի տուած է»:

Հակառակ որ մանկավարժական աշխատանքը շատ ժամանակ խլած է իրմէ, այնուհանդերձ, Երուանդ Ոսկան գեղարուեստական մեծ ժառանգութիւն ձգած է: Ան ստեղծած է ճարտարապետական զանազան շինութիւններու, այդ կարգին՝ Օսմանեան Գեղարուեստի բարձրագոյն վարժարանի ճակատներն ու ճակտոնները աշխուժացնող հարթաքանդակներ, տարատեսակ խմբաքանդակներ, դիմաքանդակներ ու մահարձաններ, իր ուժերը փորձած է նաեւ կիրառական արուեստին մէջ: Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ անոր գործերէն կը պահուին նաեւ կիրառական արուեստի նմոյշ մոխրաման մը՝ կաւով թրծուած:

Երուանդ Ոսկանի գործունէութեան զանազան առիթներով, անցեալ դարասկիզբին, անդրադարձած է նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը, մասնաւորապէս թերթին 1909 թուականի թիւ 280-ին մէջ, առաջին էջին վրայ յօդուած մը պատրաստուած է՝ «Ինչպէս հիմնուեցան Օսմ. Կայսրութեան միւզէն եւ Գեղարուեստից վարժարանը» խորագրով, ուր լոյսի տակ կ՚առնուէր Ոսկանի դերը այդ գործին մէջ:

Արուեստագէտի դիմանկարային քանդակի աշխատանքներէն ծանօթ են եղբօր՝ Տիգրան Ոսկանի, հայ մեծանուն երգահան, հայկական եւ թրքական օփերայի արուեստի հիմնադիր Տիգրան Չուխաճեանի, ֆրանսացի հասարակական գործիչ, լրագրող, «Pro Armenia» երկշաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Փիէռ Քիյարի դիմաքանդակները, թուրք յայտնի նկարիչ եւ հնագէտ Օսման Համտի պէյի մարմարեայ կիսանդրին ու անոր տիկնոջ՝ Նայիլէ հանըմի պրոնզեայ հարթաքանդակը:

Ի դէպ, Չուխաճեանի դիմաքանդակը 1962 թուականին Պոլսոյ մէջ գնած եւ Երեւան բերած են գահիրէաբնակ Երուանդ եւ Աղաւնի Մսրլեանները, որպէս անյայտ քանդակագործի մը աշխատանք եւ զայն նուիրած են հայրենիքին, ուր արուեստաբանները պարզած են, որ քանդակին հեղինակը Ոսկանն է: Չուխաճեանի այդ դիմաքանդակը այսօր կը պահուի Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի հիմնարկին մէջ:

Ոսկանի մասին գրականութեան մէջ յիշատակուող աշխատանքներէն են նաեւ անոր վաղ շրջանի գործերէն մէկը՝ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ներսէս Վարժապետեանի դիմաքանդակը, որ հաւանաբար ստեղծուած է 1879 կամ 1880 թուականներուն:

Ոսկանի աշխատանքները ցուցադ-րըւած են Ամերիկայի ու Եւրոպայի բազմաթիւ գեղարուեստական ցուցահանդէսներու ընթացքին, կը պահուին թանգարաններու մէջ. անոր գործերուն մեծ մասը Թուրքիոյ թանգարաններուն մէջ հանգրուանած են: Հարկ է նշել նաեւ, որ Հայաստանի մէջ ան ունի իր պահոցը Հայաստանի Պետական պատկերասրահին մէջ (թիւ 622) եւ այդ պահոցին մէջ պահուող իր գործերը զանազան առիթներով կը հանուին ցուցադրութիւններու:

Կենսագիրներու վկայութեամբ, արուեստագէտը վախճանած է Պոլիս, ունեցած է երեք դուստր՝ Եւա Ոսկան-Իբէքեանը, Ռեպեքա Ոսկանը եւ Փարիզի ու Ժնեւի մէջ երաժշտական կրթութիւն ստացած դաշնակահարուհի Մարի Ոսկան-Քանթարը: Անոր կենսագիրներէն մէկը նշած է, որ արձանագործին դիմանկարը ամբողջացնելու համար իրեն օգնած են քանդակագործին դստեր՝ Եւա Իբէքեանի հետ ունեցած զրոյցներն ու վերջինիս հաղորդած տեղեկութիւնները իր հօր մասին:

Ստեղծագործական, մանկավարժական եւ հասարակական բեղուն գործունէութեան համար Երուանդ Ոսկան արժանացած է Գերմանիոյ կառավարական մետայլի (1885) եւ Օսմանեան չորրորդ աստիճանի շքանշանի (1894):

Յետադարձ հայեացք մը նետելով անոր անցած ուղիին եւ արուեստի մէջ ունեցած ներդրման, դժուար է պատկերացնել 19-րդ դարավերջի Պոլսոյ մշակութային կեանքը, առանց Երուանդ Ոսկանի։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունիս 10, 2021