ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՒԱՔ
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտից հաւաք, որ զուգադիպեցաւ հաստատութեան հիմնադրութեան 147-րդ տարեդարձին։ Միեւնոյն ժամանակ այս հանդիսութեան ընթացքին մէկտեղուեցան Գատըգիւղի եւ Բանկալթիի երբեմնի Անարատ Յղութիւն վարժարանի ընթացաւարտները։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, մեծարուեցան 25-ամեայ, 40-ամեայ եւ 50-ամեայ յոբելեար շրջանաւարտները։ Բաժակի պահուն հանդէս եկան որպէս կրտսերագոյն Դալար Էօճալ եւ որպէս երիցագոյն՝ Զարուհի Թորոսօղլու։
Ներկայ էին Քոյր Անրիէթ Էօզթաշճը, մատակարար մարմնի ատենապետ Տիգրան Էօտիւլ եւ իր ընկերները եւ բազմաթիւ հիւրեր, որոնք հետեւեցան աշակերտներու ելոյթներուն։ Արտայայ-տըւեցան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Կարապետ Մխալեան եւ տնօրէն Շահին Չընար։
Բոլոր ներկաներուն համար առանձնայատուկ ուրախութեան առիթ մը հանդիսացաւ նաեւ այն հանգամանքը, որ Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանը աստիճանաբար կը յաղթահարէ մօտաւոր անցեալին յառաջացած վարչատնտեսական ճգնաժամը եւ շնորհիւ մատակարար մարմնի տեղին կարգադրութիւններուն՝ աստիճանաբար կայուն եւ հաւասարակշռուած երթ մը ունի դպրոցը։