Համահայկական բնոյթով բախտորոշ քուէարկութիւն

Հայաստանի վաղուայ ընտրութիւնը հայոց պատմութեան մէջ ջրբաժան մըն է։ Կ՚երեւի առաջին անգամ, աննախընթացօրէն, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները քուէ պիտի գործածեն եւ այդ քուէարկութեան արդիւնքները կամ հետեւանքները սահմանափակ պիտի չըլլան միմիայն իրենց ապագայով, այլեւ ամբողջ հայութեան ճակատագրին վրայ պիտի ազդեն։ Համահայկական բնոյթով քուէարկութիւն մըն է վաղուանը։ Առանց չափազանցութեան, վերջին անկախութեան հանրաքուէէն ալ աւելի կարեւոր է, նախախնամական։ Հայոց պետականութիւնը օրհասական վիճակի մէջ է։ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն վաղը պատմութեան առջեւ ծանր պատասխանատուութիւն պիտի վիճակի՝ պետութեան լինել-չլինելու պայքարին մէջ, անոր առջեւ ինքնիշխանութեան հորիզոնը գործնականօրէն վերստին ուրուագծելու տեսակէտէ։ Պարզ է, որ Հայաստանի տեսանելի ապագան բազում մարտահրաւէրներով, աննկարագրելի ու անկանխատեսելի դժուարութիւններով ծանրաբեռնուած պիտի ըլլայ, սակայն վաղուայ պահուն մէջ սայթաքումը հայութենէն ընդհանրապէս պիտի գողնայ ապագան։

Պատմութեան թատերաբեմին վրայ բազմադարեայ, վաղեմի ներկայութիւն ունի հայ ժողովուրդը։ Հազարաւոր տարիներու պատմութիւնով հանդերձ, անոր իրականութենէն չէ պակսած, դուրս չէ մնացած սեփական պետութիւնը կորսնցնելու, ազգային պետութենէն զրկուելու վտանգը, մարտահրաւէրը, նաեւ զայն վերակերտելու տենչը։ Երկրագունդի վրայ անոր երկարակեացութեան հետ ուղիղ համեմատութեան մէջ չէ հայոց պետականութեան վաղեմութիւնը։ Այս նորագոյն անկախութիւնը այդ բոլորի հանրագումարն է։ Պատմութեան հոլովոյթին մէջ թէեւ միշտ կ՚ըլլան ելեւէջներ, սակայն, դարերէ ի վեր այդ առումով հայութիւնը եղած է անկումի մէջ։ Այս նորագոյն անկախութիւնը կը խորհրդանշէ այդ անկումի կասեցումը եւ ժամանակներու մէջ ինքնահաստատուելու, վերահաստատուելու վճռակամութիւնը։ Հետեւաբար, թանկ է անգնահատելիօրէն եւ սայթաքումի մը պարագային այլեւս դժուար թէ պատմութեան բախտը անգամ մը եւս ժպտայ հայութեան։

Առանց պատմաբանի յաւակնութեան, սեփական պատմութեան քիչ թէ շատ հաղորդ շարքային հայը ծանօթ է, որ պետականութեան կորուստի տեսակէտէ պատմութեան մէջ որքան ծանր պահեր սահմանած են Անիի անկումը եւ Կիլիկիոյ թագաւորութեան փլուզումը։ Այս բոլորը պատճառ դարձած են նաեւ ժողովրդագրական հոսքերու, որոնք ժամանակներու ընթացքին որոշ առաւելութիւններ ալ բերած են հայութեան եւ անոնց դրսեւորումները զգալի են մեր օրերուն հասած համազգային ժառանգութեան մէջ։ Պետականութեան իւրաքանչիւր կորուստ թէեւ եղած է ցնցիչ, սակայն, ժամանակներու մէջ հետեւանքները որոշ չափով հաւասարակշռուած են, որովհետեւ հայ ժողովուրդը շարունակած է զանգուածային ներկայութիւն ունենալ այն աշխարհագրութենէն ներս, որ կը համարուի իր բնօրրանը։ Մարդուժի ներկայութիւնը, սեփական նկարագրով ժողովուրդի գոյատեւումը միշտ հաւանական դարձուցած է նոր զարթօնք մը, նոր սլացք մը։ Հայոց պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ պատերազմները զուտ յաղթանակի կամ պարտութեան հարթութեան վրայ պէտք չէ ընկալուին։ Հայ մարդուն միշտ բացատրուած է, որ Վարդանանց պատերազմն ալ ռազմադաշտի վրայ ունեցած է ժխտական ելք, սակայն յաջորդ քայլափոխին կանխուած է պարտութիւնը խորքին մէջ։

Այս ամբողջին տեսակէտէ մերօրեայ տագնապը բոլորովին ուրիշ նշանակութիւն մը ունի։ Այսօր հայեր այլեւս գրեթէ չեն ապրիր այն աշխարհագրութեան մէջ, որ կը համարուի հայութեան բնօրրանը։ Սա 1915-ի հետեւանքն է՝ անկախ այն բանէն, թէ քաղաքական ազդակներով ցեղասպանութիւն կ՚որակուի կամ ոչ։ Հայեր կը բնակին, զանգուածային ներկայութիւն մը ունին միայն ու միայն Հայաստանի Հանրապետութեան այսօրուան սահմաններէն ներս։ Սա հայոց պատմական բնօրրանի թէեւ փոքր տոկոսը կը կազմէ, սակայն, միայն ու միայն այնտեղ է, որ հայկականի ապագայ ծաղկումի հնարաւորութիւնը գոյութիւն ունի։ Ուրիշ որեւէ տեղի պարագային կարելի չէ ըսել այդ բանը։

Այս է Հայաստանի վաղուայ արտահերթ ընտրութեան ամբողջ իմաստը։ Աշխարհի իւրաքանչիւր հայ, անկախ իր քաղաքացիութենէն, վաղուայ քուէարկութեան արդիւնքէն պիտի ազդուի՝ եթէ հաղորդ է իր ինքնութեան եւ եթէ կը ձգտի այդ ինքնութեան հաւատարիմ մնալ, ներշնչուելով արժէքներէ։ Առանց ազգային պետականութեան գոյութեան երաշխաւորման, առանց անոր ձգողականութեան՝ այսօր այլեւս հայութիւնը ապագայ չի կրնար ունենալ աշխարհի վրայ, ի տարբերութիւն անցեալ դարերէն։ Ի՜նչ պահ, որու դերակատարներուն կշիռը պատմութեան նժարին վրայ ծանրութիւն մը ունենալու յաւակնութենէն հեռու ըլլալ կը թուի։ Նիկոլ Փաշինեանէ սկսեալ բոլորի պատճառած աւերները, բոլորի գործած սխալները կրնան յաղթահարուիլ միայն ու միայն հաւաքական թօթափումով։

Աշխարհի հայերը լուռ կը սպասեն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու որոշման՝ մաղթելով, որ հայոց պատմութեան վերջին էջը չշրջուի։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Շաբաթ, Յունիս 19, 2021