ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ՄԷՋ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄ

Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւն մը։ Այսպէս, Վեննայսի Սուրբ Պետրոս եկեղեցւոյ մէջ, Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի նախագահութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» շքանշանն ու Հայրապետական սրբատառ կոնդակը յանձնուեցաւ Տերիք եւ Ատրինէ Ղուկասեաններուն։ Տերիք Ղուկասեան Արեւմտեան թեմի Թեմական խորհուրդի ատենապետն է եւ Արարատ տան տնօրէնը։

Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան հանդիսաւորապէս յանձնեց մեծարեալին շքանշանը եւ բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ անոր ծառայութիւններուն ու ծաւալած գործունէութեան մասին։ Պըրպենքի առաջնորդարանի դիւանի աղբիւրներու հաղորդումներով, պարգեւատրման արարողութեան մասնակցեցաւ հոծ բազմութիւն մը։ Ներկաներու շարքին էին Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի աւագ հիւպատոս Արմէն Պայպուրթեան։ Բոլորը ջերմօրէն շնորհաւորեցին Ղուկասեանները՝ յղելով բարեմաղթութիւններ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 5, 2021