ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Ասորի կաթոլիկ եկեղեցւոյ Պատրիարքական փոխանորդ Մոնս. Օրհան Քհնյ. Չանլըն եւ Ասորի կաթոլիկ եկեղեցւոյ վարչութեան ատենապետ Զեքի Պասաթեմիրը։ Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որուն ներկայ եղան նաեւ դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։

Սոյն քաղաքավարական այցելութեան ընթացքին հիւրերը իրենց համակրանքը յայտեցին մեր Հոգեւոր Պետին։ Անոնք նախ այցելեցին Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցի, ուր իրենց ուխտի աղօթքը կատարեցին։ Ապա բարձրացան Պատրիարքարանի ընդունարանը, ուր հանդիպում մը ունեցան Պատրիարք Հօր հետ։ Մտերմիկ զրոյցի ընթացքին օրակարգի եկաւ Պոլսոյ մէջ Հայ եւ Ասորի կաթոլիկ եկեղեցիներու յարաբերութիւնը ու երկու հոգեւոր առաջնորդներ իրենց համայքներուն եւ եկեղեցական կեանքին մասին արտայայտուեցան։ Հիւրերը յայտնեցին նաեւ թէ, իրենց հոգեւոր կեդրոնին մէջ Պատրիարք Հայրը հիւրընկալելը մեծ պատիւ պիտի ըլլայ։

Իր կարգին, Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան եւ սիրալիր արտայայտութիւններուն համար։ Նորին Ամենապատուութիւնը ըսաւ, թէ առաջին առիթով անպայման պիտի այցելէ Ասորի կաթոլիկ եկեղեցւոյ հոգեւոր կեդրոնը։

Երեքշաբթի, Յուլիս 6, 2021