ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒ ԶՐՈՅՑ
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւել Մաքրոն շաբաթավերջին ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին անդրադարձան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Քրեմլինի աղբիւրներու հաղորդումներով, ի թիւս այլ հարցերու, երկու նախագահները շօշափեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի կարգաւորման զանազան երեսակները։ Վլատիմիր Փութին տեղեկացուց Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով կատարուած եռակողմանի վերջին յայտարարութիւններու իրականացման ընթացքը։ Ան նշեց, որ տարածքաշրջանէ ներս իրավիճակը կայուն կը մնայ՝ ըստ էութեան ռուս խաղաղապահներու ներկայութեան շնորհիւ։ Ըստ Փութինի, նախադրեալներ ստեղծուած են տնտեսական բնականոն գործունէութեան հաստատման, տնտեսական ու փոխադրութեան միջոցներու ապաշրջափակման համար։
Վլատիմիր Փութին ուշադրութիւն հրաւիրեց Եւրոպայի գործընկերներու՝ մասնաւորապէս, Ֆրանսայի աւելի աշխոյժ ներգրաւման անհրաժեշտութեան վրայ, որպէսզի ռազմական գործողութիւններէ տուժած շըր-ջաններու բնակիչներու մարդասիրական խնդիրները լուծում գտնեն։
Երկուստեք պատրաստակամութիւն յայտնուեցաւ՝ համակարգելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման զանազան երեսակները, ներառեալ՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի միջոցաւ։