ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Զուիցերիոյ թեմէն ներս շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ կարեւոր ընտրութիւն մը։ Այսպէս, Ժընեւի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ ծուխէն ներս գումարուեցաւ տարեկան ընդհանուր ժողով՝ գլխաւորութեամբ Առաջնորդական տեղապահ Տ. Գուսան Ծ. Վրդ. Ալճանեանի։ Ընդհանուր ժողովի ընթացքին տեղի ունեցաւ ծխական խորհուրդի նոր կազմի ընտրութիւնը։ Հայր սուրբն ու նորընտիր խորհուրդի անդամները այս առթիւ կանգ առին համաճարակի հետեւանքով ազգային-եկեղեցական կեանքի առջեւ ծառացած խնդիրներուն վրայ։ Անոնք համոզուած են, թէ Հայաստանի շուրջ ստեղծուած բարդ իրավիճակի դիմակայելու համար պէտք է միասնական ջանքեր գործադրուին եւ այդ բոլորը համախմբուին՝ անհրաժեշտ համազգային միասնութեան ձգտելու ճանապարհին։

Տեղւոյն կանոնադրութեան հիման վրայ կազմակերպուած ընտրութեան արդիւնքով ձեւաւորուած նորընտիր ծխական խորհուրդը կը գլխաւորէ Օննիկ Գազանճեան։ Հարկ է նշել, որ ատենապետ Օննիկ Գազանճեան նախկին պոլսահայ մըն է։ Նորընտիր վարչութեան մաս կը կազմեն նաեւ՝ Հայկ Յովհաննէսեան (փոխ-ատենապետ), Առնօ Սերափեան (գանձապահ), Սիմա Փափազեան (ատենադպրուհի), Սարգիս Նարոյեան, Հրաչ Եաքան, Կորիւն Ալավերտեան, Յակոբ Կիւզելթաշճեան, Արաքսի Սահիլ-Մկրտիչեան։

Ընդհանուր ժողովի աւարտին Առաջնորդական տեղապահ Տ. Գուսան Ծ. Վրդ. Ալճանեան նորընտիր վարչութեան անդամներուն տուաւ իր օրհնութիւնը եւ յղեց յաջողութեան մաղթանքներ՝ ընդգծելով իր սպասումները, թէ վարչայիններու գործունէութիւնը կը նպաստէ նոր թափ տալու Ժընեւէ ներս հայութեան կեանքին։

Երեքշաբթի, Յուլիս 6, 2021