ԶՄՄԱՌԻ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐՔՈՅ

ԱՆՏՈՆ ՊԵՏՐՈՍ Թ. ՀԱՍՈՒՆԵԱՆ (1866-1880)

Պոլսեցի: Նախագահ եպիսկոպոս Պոլսոյ հայ կաթողիկէներուն: Ս. Աթոռը ժամանակաւորապէս յարմար տեսած էր, որ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին, Հայ Առաքելական Եկեղեցիին օրինակին վրայ՝ ունենար անոնց համապատասխան երկու Աթոռ: Սսոյ Աթոռին դիմաց Արծիւեան Աթոռը, իսկ Պոլսոյ Աթոռին դիմաց, Պոլսոյ Հայ կաթողիկէ արքեպիսկոպոսական աթոռը՝ անոնցմէ իւրաքանչիւրին տալով իրաւականօրէն անկախ թեմեր ու հաւատացեալներ:

Գրիգոր Ը.-ի վախճանումով 1866-ին, Ս. Աթոռին համար, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին մէկ գլխու տակ միացնելու ժամը հնչեց ու Պոլսոյ արքեպիսկոպոս Անտոն Հասունեան յաջորդեց Գրիգոր Ը.-ի պատրիարքական Աթոռին վրայ: Այս միացումով, Պոլսոյ Արքեպիսկոպոսական Աթոռը ջնջուեցաւ, անոր թեմերը կցուեցան Կիլիկիոյ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան, պատրիարքութեան Աթոռն ալ Կայսրութեան մայրաքաղաք Պոլիս փոխադրուեցաւ:

Բայց Աթոռներու այս բարեբաստիկ միութիւնը դժբախտաբար փոթորիկի հանդիպեցաւ, երբ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին ներքնապէս պառակտուեցաւ, որուն առիթը՝ Պիոս Թ. Պապին Reverserus կոնդակը եղաւ 1867-ին: Սա կը հրահանգէր Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիին գործերը վերապահել միայն եկեղեցականներուն, բացառելով աշխարհականներու մասնակցութիւնը այս գործերէն ներս:

Կոնդակին հակազդեցութիւնը Պոլիսէն մինչեւ Զմմառ հրդեհի պէս տարածուեցաւ ու երկուքի բաժնեց Հայ Կաթողիկէ համայնքը: Անտոն Թ. Պատրիարքը, ի սէր խաղաղութեան, 1879-ին հրաժարականը ներկայացուց ու քաշուեցաւ Հռոմ, ուր անոր անձնական կարողութիւններուն, եկեղեցիին ու ազգին մատուցած բազմապիսի ծառայութիւններուն որպէս գնահատանք (ինք հիմնած է Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միաբանութիւնը), հայոց մէջ առաջինը ըլլալով, կարտինալական աստիճանի բարձրացուեցաւ Լեւոն Ժ. Պապին կողմէ:

ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՊԵՏՐՈՍ Ժ. ԱԶԱՐԵԱՆ (1881-1899)

Պոլսեցի: Ան Պատրիարքական Աթոռ բարձրացաւ փոթորկալից շրջանի մը մէջ ու յաջողեցաւ սրտերն ու միտքերը հանդարտեցնել իր հեզ ու դիւանագէտ բնութեամբ, երկու կողմերը գոհացնող միջին ճամբայ մը գտնելով: Ֆրանսացի ակադեմիկոս մը կ՚ըսէր. «Մեր դարուն, Արեւելքը երեք մեծ դիւանագէտ ունի», եւ անոնցմէ մին՝ Ազարեան կը կոչէ:

Արծիւեանի Աթոռը մայրաքաղաք փոխադրելով՝ կը կանչուէր ընդարձակելու իր գործունէութեան ծիրը, պետական մակարդակով առաքելութիւններ ստանձնելով: Լեւոն Ժ. Պապին քահանայութեան յոբելեանը շնորհաւորելու գացող սուլթանին պատուիրակութեան գլուխը՝ Ազարեան Պատրիարքը նշանակուեցաւ:

Համայնքային գծով Ազարեան 1890-ի Քաղկեդոնի օրէնսդրական Սիւնհոդոսը գումարեց եւ Պոլսոյ գաւառներուն մէջ կրթական հաստատութիւններ հիմնեց:

Հմուտ էր աստուածաբանութեան, եկեղեցական ու գիտական նիւթերու մէջ: Կը խօսէր ու կը գրէր ութ լեզուներով: Հեղինակ է հրատարակութիւններու:

ՊՕՂՈՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԱ. ԷՄՄԱՆՈՒԷԼԵԱՆ (1899-1904)

Թելէրմէնցի (Սուրիա): Զմմառի Աթոռին միաբան, Կեսարիոյ եպիսկոպոս։ Պօղոս Պետրոս ԺԱ. հեռու մնաց քաղաքական ու ազգային տենդոտ կեանքէն ու Զմմառի պատրիարքներու ոճով՝ հովուական կեանքին նուիրուած հայրապետ մը եղաւ: Բազմալեզու մտաւորական, հմուտ աստուածաբան ու հեղինակ իմաստասիրութեան երկհատոր հայերէն դասագիրքերու:

ՊՕՂՈՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԲ. ՍԱՊՊԱՂԵԱՆ (1904-1909)

Հալէպցի: Զմմառի Աթոռի միաբան, եպիսկոպոս Աղեքսանդրիոյ, մեծահարուստ գերդաստանի զաւակ, բայց աւելի հարուստ իր հոգիին բարեգթութեամբ: Պոլսոյ Ս. Յակոբ հիւանդանոցին եկամտաբեր շէնքերը բազմացուց:

Պատրիարքներուն Պոլիս փոխադրուելէն ասդին, Զմմառի վանքը կը ծառայէր որպէս կեդրոն Աթոռի միաբանութեան եւ դպրեվանքին եւ կը կառավարուէր Մեծաւորի մը կողմէ: Պատրիարքը գիտցաւ իր նպաստը բերել Զմմառի վանքին վերազարդարումին: Հրատարակեց Զմմառեան կանոնագիրքը եւ ուրիշ ծիսական գիրքեր:

Օժանդակեց գաւառներու չքաւորներուն, ուր արդէն սկսած էին (…) արարքները: Ակամայ պատրիարք ընտրուած, ան փայլեցաւ մանաւանդ որպէս «խոհական եւ խաղաղասէր անձնաւորութիւն» (Օրմանեան):

ՊՕՂՈՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԳ. ԹԵՐԶԵԱՆ (1910-1931)

Քէօթահիացի: Իր պատրիարքութեան յաջորդ տարին իսկ, Հռոմի մէջ 1911-ին Ազգային Սիւնհոդոսը գումարեց, որուն ընթացքին յստակ դարձան Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիէն ներս հաւատալիքները, իրաւասութիւնները, եկեղեցական խորհուրդները, անոնց մատակարարումը, ծիսական կանոնները, տօնացոյցը, կոչումներու պատրաստութիւնը, ժողովրդապետութեանց կազմակերպութիւնը, եկեղեցական ատեանի օրէնքները, թեմերու բարւոք մատակարարումը:

Բայց սինոդական հայրերը՝ իրենց թեմերը դառնալէն քանի մը տարի ետք զոհը գացին 1915-ի Եղեռնին, տեղահանութեան:

Եղեռնէն ետք տասանորդուած Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին վերակազմակերպելու եւ անթեմ մնացած եպիսկոպոսներուն վիճակ մը որոշելու նպատակով, 1928-ին, գումարուեցաւ Հռոմի Եպիսկոպոսաց բանակցական ժողով մը, որուն ընթացքին, ի միջի այլոց, որոշում առնուեցաւ Պէյրութը հռչակել Պատրիարքական թեմ (ամբողջ Լիբանանը ներառող) եւ Զմմառ վերադարձնել պատրիարքական Աթոռը, որ նոյն տեղէն մեկնած էր շուրջ 60 տարիներ առաջ, լի՝ յոյսերով:

ԱՒԵՏԻՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԴ. ԱՐՓԻԱՐԵԱՆ (1931-1937)

Ակնեցի: Աւետիս Արք. Արփիարեան հայ յեղափոխական գրագէտ՝ Արփիար Արփիարեանի հետ ունեցած ազգականական կապերուն պատճառով, կասկածը արթնցուց սուլթան Համիտ Բ.-ի, որ անոր պատրիարքական տեղապահի պաշտօնէն հեռացումը պահանջեց: Արփիարեան Արք. 1905-1909 Զմմառի վանքը ապաստանեցաւ, վարելով կղերանոցի տեսչութիւնը:

1911-ին Ազգային Սիւնհոդոսի որոշումով, Մարաշի եպիսկոպոս ընտրուեցաւ: Կիլիկիոյ պարպումէն ետք, Պէյրութի պատրիարքական փոխանորդ նշանակուեցաւ 1923-ին, հուսկ պատրիարք ընտրուեցաւ 1932-ին: Ան յաջողեցաւ կառուցանել Աշրաֆիէի Պատրիարքարանի նոր շէնքը, 1934 թուականի ապրիլի 29-ին: Հիմնեց պատրիարքարանի պաշտօնաթերթը, որ իր անունով «Աւետիք» կոչուեցաւ:

Իր բարութեան համար՝ ժողովուրդը զինք «պապա» կը կանչէր:

ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ ԺԵ. ԱՂԱՃԱՆԵԱՆ (1937-1962)

Ախալցխացի (Վրաստան): Քառասուն տարեկանին Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Պատրիարք նախապէս Հռոմի մէջ դասաւանդած էր փիլիսոփայութիւն եւ աստուածաբանութիւն՝ Փրոփականտայի համալսարանին մէջ:

Վստահութիւն պահանջող կարգ մը նուրբ առաքելութիւններու մէջ անոր ցուցաբերած բացառիկ կարողութիւններուն դիմաց, Հռոմ մտածեց զինք օգտագործել Հայ Կաթողիկէ համայնքի սահմաններէն անդին: Կարտինալ նշանակուեցաւ (Անտոն Թ.-էն ետք երկրորդը) 1946-ին: Պատրիարք-կարտինալի զոյգ պաշտօնները Լիբանանի ու Հռոմի մէջ վարելէ ետք, Ս. Աթոռը զինք վերջնականապէս Վատիկան կանչեց, ուր 1960-1970 շրջանին, Հաւատոյ Տարածման ժողովին նախագահի պատասխանատու պաշտօնը ստանձնեց:

Ծանօթ տեղեկութիւններ կան այն մասին, որ կեանքի սրբութիւնը, նկարագրի քաղցրութիւնն ու գիտական բազմակողմանի հմտութիւնը, Հռոմի ժողովուրդին մօտ ստեղծեցին այն համոզումը, թէ ան 1963-ի քահանայապետական գաղտնի ընտրաժողովին, Հռոմի պապ ընտրուած էր, բայց մերժած էր՝ ինքզինք անարժան զգալով:

Լիբանանի եկեղեցին ու դիւանագիտութիւնը ակնածանքով կը յիշեն անոր մատուցած բարձր ծառայութիւնները, ի սպաս այդ երկրին:

ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԶ. ՊԱԹԱՆԵԱՆ (1962-1976)

Մարտինցի: Իր նախորդներուն պէս, իր համայնքին նեղ սահմաններէն դուրս ճառագայթող անձնաւորութիւն մը: Հալէպի արքեպիսկոպոս ու մինչեւ 1962 թուականը, պատրիարքական փոխանորդ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Պատրիարք-Կարտինալին, Իգնատիոս Պետրոս ԺԶ.-ի պատրիարքութեան տասնհինգ տարիները հարուստ են հայկական ու լիբանանեան կեանքէն ներս դրուագներով:

Անոր ազդու միջամտութեան շնորհիւ, լիբանանահայ գաղութը կրցաւ Եղեռնի 50-ամեակը տօնել, որուն ընդդիմացած էին թաքուն ուժեր: Իր նահատակ ժողովուրդին վկայութիւնը բերաւ նաեւ Վատիկանի Տիեզերական Բ. ժողովին 2500 եպիսկոպոսներու առջեւ:

Նոյն անաչառ քաջութիւնը ցուցաբերեց նաեւ Լիբանանի ներքին հարցերէն ներս, ամէն մէկուն ըսելով իր ճշմարտութիւնը:

Անոր մասին կ՚ըսեն՝ շինարար կաթողիկոս, եւ համայնքի ներկայացուցիչները անոր կը պարտին Զմմառի նոր կղերանոցը ու Այնճարի մանչերու որբանոցը ունենալու համար:

ՀՄԱՅԵԱԿ ՊԵՏՐՈՍ ԺԷ. ԿԵՏԻԿԵԱՆ (1976-1982)

Պարտիզակցի: Նախկին աբբահայր Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան: Հմայեակ Պետրոս ԺԷ. փայլեցաւ իր բազմակողմանի հմտութեամբ, իրաւագիտական մասնագիտութեամբ, իր խոհեմ ու իմաստուն դիրքորոշումներով ու կրօնական անբասիր կեանքով:

Ան իր պատրիարքութեան ամբողջ շրջանը անցուց ռումբերու տակ, Լիբանանի պատերազմի ահաւոր օրերուն, նախընտրելով ռումբերու տակ պատրիարք մնալ, իր ժողովուրդին ու կղերուն մօտ, քան թէ ապաստանիլ ապահով վայր մը, ինչ որ իր պաշտօնն ու յառաջացած տարիքը կը թոյլատրէին իրեն:

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԸ. ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ (1982-1999)

Եգիպտոս ծնած, քիլիսցի: Իր պատրիարքութեան առաջին 11 տարիներուն ընթացքին, Յովhաննէս Պետրոս ԺԸ. դէմ առ դէմ գտնուեցաւ նոր հարցերու: Արդարեւ, պատրիարքութիւնը կերպով մը վերապրեցաւ 1915-ին յաջորդած կացութիւնը, երբ Լիբանանի պատերազմը, ցնցելով ու կազմալուծելով պատրիարքութեան կեդրոն եղող Պէյրութը, Նուիրապետութիւնը դրաւ նիւթական, կազմակերպչական եւ հոգեւոր կոչումներու ծանր տագնապներու առջեւ:

Միջին Արեւելքի ու եւրոպական ցամաքամասի մէջ սահմանափակուած իր պատրիարքութեան հաւատացեալները, արաբական աշխարհի մէջ ծագած քաղաքական ցնցումներուն եւ յեղափոխութիւններուն հետեւանքով, հուսկ Լիբանանի պատերազմին հարուածներուն տակ՝ գաղթեցին դէպի Ամերիկաներ, Գանատաներ, Աւստրալիաներ ստեղծելով աննախընթաց լայնատարած սփիւռք մը եւ հովուական նորանոր կարիքներ:

Հայաստանի անկախացումը եւ կրօնական ազատութիւններու վերահաստատումը կը հրաւիրեն պատրիարքութիւնը իր հովուական հոգածութիւնը տարածելու նաեւ Հայաստանի կաթողիկէութեան վրայ, որ եօթանասուն տարիներ համայնավարութեան լուծին տակ մնալով՝ մեծ կարիքն ունէր հոգեւոր վերանորոգումի:

ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԹ. ԹԱՐՄՈՒՆԻ (1999-2015)

Ծնած է Գահիրէ, 1940-ին: Հինգերորդ զաւակն էր խորապէս հաւատացեալ եւ ութ զաւակներու տէր ընտանիքի մը։ Իր նախնական եւ երկրորդական ուսումները կատարած է Գահիրէի Ֆրէրներու քոլէճներուն մէջ։

Կանուխէն քահանայական կոչումը զգալով, ան ղրկուած է Հռոմ, Լեւոնեան Քահանայապետական հայկական դպրեվանքը, եւ յաճախած է Գրիգորեան համալսարանը փիլիսոփայութիւն եւ աստուածաբանութիւն ուսանելով։

Քահանայ ձեռնադրուած է Գահիրէ, 1965-ին, ձեռամբ թեմի առաջնորդ՝ Ռափայէլ Եպիսկոպոս Պայեանի եւ ստանձնած է Գահիրէի ժողովրդապետութեան պատասխանատուութիւնը, օժանդակելով գերապատիւ հայր Յովհաննէս Վարդապետ Գասպարեանին, յետագային՝ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. կաթողիկոս-պատրիարք։

1968-էն 1990 եղած է ժողովրդապետ Հելիոպոլսոյ (Գահիրէ) եկեղեցւոյ, յատկապէս քաջալերելով զանազան հոգեւոր շարժումներու գործունէութիւնը։

18 փետրուար 1990-ին, Աղեքսանդրիոյ Հայ Կաթողիկէ թեմի Աառաջնորդ օծուած է Ամենապատիւ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Կաթողիկոս-պատրիարքի ձեռամբ։

1992-1997 թուականներուն, իբր անդամ Եգիպտոսի կաթողիկէ Նուիրապետութեան, ընդհանուր քարտուղարի պաշտօն վարած է Եգիպտոսի Կաթողիկէ եկեղեցիներու Հովուական խորհուրդին։ 1999-ի հոկտեմբերի 7-ին, Հայ Կաթողիկէ եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսին կողմէ ընտրուած է կաթողիկոս-պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց եւ առած՝ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. անունը։

Թիկունք հանդիսացած է համայնքի վարժարաններուն ծաղկումին ու վերելքին, մանաւանդ բանալով երկրորդականի բաժինը Հարպոյեան վարժարանին մէջ եւ վերաբանալով միջնակարգի բաժինը Այնճար։ Քաջալերած է լրատուական միջոցները, յատկապէս վերահրատարակութիւնը պատրիարքութեան թեմի «Մասիս» ամսաթերթին։

7 հոկտեմբեր 2001-ին Հայաստանի քրիստոնէացման 1700-ամեակին առիթով, իր խնդրանքին վրայ, Հռոմի «Սուրբ Պետրոս» հրապարակին վրայ, Մեծ Եղեռնի ընթացքին նահատակուած Մարտինի առաջնորդ Իգնատիոս Արքեպիսկոպոս Մալոյեանը Երանելի հռչակուեցաւ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետին կողմէ։

Փետրուար 2002-ին, առաջին ժողովրդապետութիւնը կը հիմնէ Մոսկուա՝ նոր առաքելութեան մը սկսելու համար Ռուսաստանի մէջ, շարունակելով 1991-ի Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ սկսած առաքելութիւնները։

Յունուար 2005-ին, Հոգեւոր Տիրոջ խնդրանքին վրայ եւ ներկայութեամբ ու օրհնութեամբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Մայր տաճարի արտաքին պարիսպին վրայ մեծ հանդիսութեամբ կը կատարուի զետեղումը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի արձանին։

2005 թուականի յունուարին, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի մահուան հազարամեակին առիթով, Հռոմի մէջ կազմակերպեց գիտաժողով մը, որուն հեռակայ նպատակն էր հռչակել տալ Սուրբ Գրիգորը «Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ»։

Յուլիս 2006-ին, Արցախի նախագահին հրաւէրով կ՚այցելէ Արցախ: Պատմութեան մէջ առաջին անգամն էր, որ Հայ Կաթողիկէ կաթողիկոս-պատրիարք մը կ՚այցելէր Արցախի Հանրապետութիւն։

Փետրուար 2008-ին, Հոգեւոր Տիրոջ նախաձեռնութեամբ, Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը մեծ հանդիսութեամբ բացումը կատարեց եւ օրհնեց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի անուան հրապարակը՝ եկեղեցական եւ քաղաքական հայ եւ օտար բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու, կղերականներու, մայրապետներու եւ Հռոմէն ու զանազան երկիրներէ ժամանած հայ ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Ֆրանսիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ ընդառաջելով իր խնդրանքին, 2015-ի ապրիլի 12-ին, ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ Ս. Պատարագ մատուցանեց Վատիկանի Ս. Պետրոս Մայր տաճարին մէջ եւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին հռչակեց Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ:

Մասնակցած է Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետին այցելութիւններուն՝ Եգիպտոս (փետրուար 2000), Յորդանան (մարտ 2000), Սուրիա (մայիս 2001) եւ Հայաստան (սեպտեմբեր 2001)։

Մասնակցած է Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին ուխտագնացութեան Յորդանան (մայիս 2009) եւ անոր հովուական այցելութեան Կիպրոս (յունիս 2010)։

ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի. ԿԱՊՐՈՅԵԱՆ (1934-2021)

Ծնած է Հալէպ, 1934-ին, տասներորդն էր 12 զաւակներու տէր ընտանիքի մը: Ծնողքը ապաստանած է Հալէպ, Մարտին քաղաքի արհաւիրքներէն ետք: Ընտանիքը վերջնականապէս կը հաստատուի Լիբանան 1938-ին:

Իր նախնական ուսումը ստացած է Ֆըռն-Ալ Շըպպաքի Ֆրէրներու Նոթրը-Տամ դպրոցին մէջ:

Կը մտնէ Զմմառի Պատրիարքական կղերու միաբանութեան փոքր ընծայարանը, ապա Ճունի, ու կը յաճախէ Մարիսթ Ֆրէրներու վարժարանը:

Պաքալորիան առնելէ ետք՝ կ՚ուղարկուի Հռոմ՝ Քահանայապետական Լեւոնեան հայկական վարժարանը, ուր վեց տարի կը յաճախէ Յիսուսեան հայրերու քահանայապետական Գրիգորեան (Կրէկորիանա) համալսարանը, ստանալով սքոլասթիք փիլիսոփայութեան պաքալորիան եւ աստուածաբանութեան լիսանսի վկայականը:

Ուսումը աւարտելէ ետք կը վերադառնայ Լիբանան, ուր կը ձեռնադրուի Զմմառի միաբան կուսակրօն վարդապետ 28 մարտ 1959-ին, ձեռամբ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Կաթողիկոս-պատրիարքին, որ նախագահն էր Ժողովուրդներու աւետարանացման համաժողովին:

1960 թուականին եղած է Զմմառի փոքր ընծայարանի փոխ-տեսուչ եւ փոխ-ժողովրդապետ Ճիւնիի մէջ, ուր մէկ տարի պաշտօնավարելէ ետք, կ՚անուանուի տնօրէն Պուրճ-Համմուտի Մեսրոպեան հայ կաթողիկէ վարժարանին, զոր կը վարէ ինն տարի՝ 1962-1996 թուականներու միջեւ:

1969-ին՝ կ՚ընտրուի ընդհանուր մատակարար Զմմառի Պատրիարքական կղերի միաբանութեան:

1976 թուականին կը նշանակուի Հայ Կաթողիկէ եԵկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմին ծառայելու, իսկ 3 յունուար 1977-ին՝ Պօղոս Զ. Սրբազան Պապը զինք կը նշանակէ տիտղոսաւոր եպիսկոպոս Տիարպաքըրի հայոց եւ առաքելական էկզարք ֆրանսաբնակ հայ կաթողիկէ հաւատացեալներուն:

Եպիսկոպոս կ՚օծուի 13 փետրուար 1977-ին, Պուրճ-Համմուտի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ:

20 յունիս 1986-ին, Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Պապը Ֆրանսայի հայ կաթողիկէներուն համար կը ստեղծէ Փարիզի Սուրբ Խաչ թեմը եւ զինք կը նշանակէ առաջին եպիսկոպոսը այդ թեմին:

15 Հոկտեմբեր 1988-ին կը նշանակուի Առաքելական այցելու Արեւմտեան Եւրոպայի հայոց, որոնք զուրկ են տեղական առաջնորդէ:

1997-ին կ՚աւարտէ «Քրիստոնէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ» արեւմտահայերէն թարգմանութեան հրատարակութիւնը, որուն թարգմանութիւնն ու տպագրութիւնը վարած էր:

1997-2014 թուականներու միջեւ վարած է Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան հայկական վարժարանի ընդհանուր մատակարարի պաշտօն:

2005-ին եւ 2009-ին, ան կը կազմակերպէ Հռոմի եւ Լիբանանի մէջ, այժմ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ Վարդապետ՝ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին նուիրուած երկու գիտաժողով, որոնց մասնակիցներուն հրատարակութիւններն ալ կը հոգայ:

7 ապրիլ 2013-ին, երբ կը հաստատուի իր յաջորդը՝ Արհի. Հայր Յովհաննէս Եպիսկոպոս Թէյրուզեան, որպէս թեմի առաջնորդ, ան կը դառնայ վաստակաւոր եպիսկոպոս Ֆրանսայի թեմին, որուն 36 տարի շարունակ ծառայած էր որպէս Աառաջնորդ:

25 յունիս 2015-ին երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Պատրիարքի վախճանումէն ետք եւ ըստ Արեւելեան Եկեղեցիներու կանոնագրին, ան որպէս մնայուն Սիւնհոդոսի կարգերէց եպիսկոպոս, կը դառնայ Պատրիարքական Կառավարիչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ:

25 յուլիս 2015-ին Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսական հայրերը զինք կ՚ընտրեն 20-րդ կաթողիկոս-պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց եւ ան կ՚առնէ Գրիգոր Պետրոս Ի. անունը:

Նորընտիր պատրիարքի գահակալութեան արարողութիւնը տեղի կ՚ունենայ նոյն տարուան օգոստոսի 9-ին Զմմառի Տիրամօր վանքի շրջափակին մէջ։

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց՝ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս-պատրիարքը իր հոգին աւանդեց առ Հայր 25 մայիս, 2021-ին։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

•շար. հինգշաբթիի թիւէն եւ վերջ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յուլիս 6, 2021